Թրքական լրատուամիջոցները՝ Աղթամարի արարողութեան մասին

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ պետական հեռատեսիլի կայանի լուրերու բաժինը ուղղակի հաղորդումով փոխանցեց Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ Կիրակի օր տեղի ունեցած եկեղեցական արարողութենէն մաս մը, իսկ Երկուշաբթի օր, Թուրքիոյ բոլոր լրատու աղբիւրները կարճ կամ երկար տողերով արձագանգ հանդիսացան Աղթամարի արարողութեան, անշուշտ՝ միշտ գործածելով «Աքտամար» անունը, այլ ոչ թէ Աղթամար։ (Միայն «Թարաֆ» թերթն է, որ իր լրատուութեան ընթացքին գործածած է «Աղթամար» անունը, փոխանակ «Աքտամար»ի)։

Բոլոր թերթերը կը հաստատեն, որ արարողութիւնը կատարուեցաւ ոստիկանական ամենախիստ միջոցառումներու ներքեւ ու աւարտեցաւ առանց միջադէպի։ Ուղղաթիռներ եւս օդէն կը հսկէին կղզիի անցուդարձերը։ Դէպի Աղթամար գացող նաւերու նաւահանգիստին մէկ հատուածը փակուած էր ինքնաշարժներու երթեւեկութեան առջեւ։ Քաղաքին այդ մասը վերածուած էր տօնավաճառի, ուր կը ծանօթացուէին Վանի զանազան արտադրութիւնները։

«Սթար» կը գրէ, թէ Աղթամարի մէջ զանգակները ղօղանջեցին Սոմալիի համար՝ նշելով, որ եկեղեցւոյ մէջ վառուած հազարաւոր մոմերու հասոյթը նուիրուեցաւ Սոմալիի։ «Մօտաւորապէս 2000 հայեր կղզիի նաւամատոյցէն սկսեալ մոմեր վառելով ու արցունքներ հոսեցնելով՝ երգեցողութեամբ բարձրացան դէպի եկեղեցի», կը գրէ թերթը, որ նաեւ արձագանգ կը հանդիսանայ Արամ արք. Աթէշեանի այն խօսքերուն, թէ՝ «Կ՛աղօթենք այս երկրի բարօրութեան համար. կ՛աղօթենք որպէսզի մարդիկ ապրին եղբայրաբար»։ Թերթը նաեւ կը նշէ պատարագիչ Սահակ եպս. Մաշալեանի հետեւեալ խօսքը. «Այս եկեղեցին հազար տարիէ ի վեր կարօտ մնաց խաղաղութեան աղօթքներուն եւ հիմա մենք մեր աղօթքները կը յանձնենք Վանայ լիճի կապոյտ ջուրերուն»։

«Միլլիյէթ» կը ճշդէ, թէ Հայաստանէն պաշտօնապէս ոեւէ մէկը չմասնակցեցաւ արարողութեան, իսկ Թուրքիոյ կողմէ արարողութեան մասնակցեցաւ մշակոյթի նախարարութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Օսման Շահին, իսկ Վանէն՝ Վանի կուսակալի տեղակալ Աթայ Ուսլու ու Կեւաշի նահանգապետ Եուսուֆ Կունի։ Թերթը կը նշէ նաեւ, որ արարողութեան ընթացքին Աղթամար կղզիի դիմացի ափին թուրք ազգայնամոլները բողոքի ցոյց մը կազմակերպած են:

«Հիւրրիյէթ» կը նշէ, որ Արամ սրբազան խօսած է այն մասին, թէ այս տարի աւելի քիչ թիւով ուխտաւորներ կային՝ միաժամանակ բնական նկատելով այս նուազումը։ Անցեալ տարի 7000 հոգի մասնակցած էր արարողութեանց, իսկ այս տարի՝ մօտաւորապէս 2000:

Իսկ «Ռատիքալ» թերթը, որ բաւական մեծ տեղ յատկացուցած է լուրին, ծանրացած է Սահակ եպս. Մաշալեանի խօսքերուն վրայ:

http://asbarez.com/arm/109698/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ