Ուրուկուէյի մէջ Ցեղասպանութեան թանգարան ստեղծելու առաջարկ

ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- Ուրուկուէյի «Կոմիտաս» ձայնասփիւռի կայանէն Կարօ Հեքիմեան կը տեղեկացնէ, թէ անցնող շաբաթավերջին կայացած եւ Ուրուկուէյ-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբին ու Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած խորհրդաժողովին ընթացքին երկու կարեւոր յայտարարութիւններ կատարուած են:

Անոնցմէ առաջինը արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյի յայտարարութիւնն էր, զոր հաղորդեցինք մեր Շաբաթ օրուան թիւով, իսկ երկրորդը կատարուած է պատգամաւոր Ռաֆայէլ Միքելինիի կողմէ: Ան առաջարկած է պետական ամավարկին մէջ ներառել Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի մը ստեղծումը՝ պետութեան կողմէ տրամադրուելիք շէնքի մը մէջ, որ պէտք է ունենայ նաեւ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոն մը: Ան յայտնած է, թէ առաջարկը յառաջիկայ խորհրդարանի նիստի օրակարգին պիտի դրուի:

http://asbarez.com/arm/109506/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ