11 Սեպտեմբեր 2011, Կիրակի առաւօտ մատուցուած Ս. Պատարագով Աղթամարի ուխտագնացութեան ոգեւորութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին։
Հոգեւոր հայրեր եւ ուխտաւորներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ հաւաքուեցան Աղթամար Կղզիի հանդիպակաց Կէվաշի նաւամատոյցը, ուրկէ անցան Կղզի։
Վերջին պատրաստութիւններէ ետք, հոգեւոր հայրեր ու սարկաւագներ կատարեցին կանոնական ժամերգութիւն Տաճարի մկրտութեան մատրան մէջ։
Ժամը 10.45ին Կղզի հասաւ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, ուղեկցութեամբ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի։ Այստեղ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը մտաւ տաճար, կատարեց իր ուխտի աղօթքը եւ քննեց տարուած աշխատանքները։
Արարողակարգի կանոնաւորութեան կը հսկէր Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ նաեւ կը հետաքրքրուէր տեղական եւ օտար մամլոյ եւ հեռուստացոյցի աշխատակիցներուն հետ։ Հայր Սուրբին կ՚օժանդակէին Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան եւ Տիար Արսէն Եարման։
ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Ժամը 11.00-ն էր, երբ կազմուած հանդիսաւոր թափորը շարժեցաւ Տաճարի մօտակայ մատուռէն, գլխաւորութեամբ Պատարագիչ Գերշ. Տ. Սահակ Սրբազան Հօր։
Նորին Սրբազնութեան առընթերակայ էր Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան, իսկ կը սպասարկէին Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Չնարեան, Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Բրկ. Ալէն Տիրան Կսրկ. Ներկիզ, Բրկ. Արթուն Կսրկ. Տամատեան, բարեկրօն ուրարակիր դպիրներ՝ Միքայէլ Տօնիկեան, Խաչիկ Օհանեան, Պարոյր Գույումճեան, Ղազար Սապունճու եւ Հերման Վէսքէ։ Ներկայ էին Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Արժ. Տ. Սարգիս Քհնյ. Գույումճեան, Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Արժ. Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան, Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն Տ. Գրիգոր Քհնյ., Երէցկին Թանիա Ուզունեան, ուխտաւոր դպիրներ։ Արարողապետն էր Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներկայ քահանայ հայրերու, Ստանպուլէն եւ արտասահմանէն եկած դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ.ի։
Օրուան ճաշու գիրքը կարդաց Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ., իսկ ճաշու Աւետարանը՝ Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան։ Ս. Ընծաներու վերաբերումը կատարեց Արժ. Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան։
ՔԱՐՈԶ
Տէրունական Աղօթքէն առաջ Պատարագիչ Սրբազան Հայրը քարոզեց, բնաբան ունենալով Խաչվերացի Ողորմեա շարականի «Փայտ Կենաց որ փոխանակ մահացու պտղոյն զՔրիստոս պտղաբերեցեր. պարսպեալ պահեա զուխտս հաւատացելոց» (Շարական) պարբերութեամբ եւ ըսաւ.
Եկեղեցւոյս հինգ տաղաւար տօներէն վերջինն է Խաչվերացը, որով կը յիշենք 628 թուին իրականացած պատմական մեծ դէպք մը։ Այն խաչափայտը, որուն վրայ Տէր Յիսուս գամուած էր, կը պահպանուէր Երուսաղէմի մէջ։ 614ին Պարսիկներու անակնկալ յարձակումով գրաւումի եւ դալանի ենթարկուած Երուսաղէմէն Քրիստոսի խաչափայտը նաեւ գերի տարուեցաւ դէպի Պարսկաստան։ Քրիստոնեայ բանակները Պարսիկներուն մեծ հարուած մը տալով 628ին փրկեցին Սուրբ Խաչը եւ կրկին վերադարձուցին զայն Քրիստոնեայ աշխարհի սեփականութիւնը։ Փրկագործուած Խաչը մեծագոյն հանդէսներով եւ փառքով Քրիստոնեայ երկիրներէն տողանցելով ցուցադրուեցաւ եւ ներկայացաւ ժողովուրդի պաշտամունքին։ Քաղաքէ քաղաք կատարուած Խաչափայտի այս տողանցքը Հայաստանի հողատարածքէն ալ անցած ատեն ժողովուրդի կողմէ վերմեռանդութեամբ ու մեծ ուրախութեամբ ընդունուեցաւ։ Տօնական այս ցնցուն մթնոլորտը հետք թողուց ժողովուրդի յիշողութեան վրայ։ Եկեղեցին Տաղաւարի հանգամանք տալով կոթողացուց այս անմոռանալի եղելութիւնը, զոր ամէն տարի Անդասդանով կը ջանանք վերապրեցնել։
Ուրեմն, Խաչվերացի այս Տաղաւարին կը տօնենք յիշատակը պատմական մեծ յաղթանակի մը, որուն շնորհիւ վերատիրացանք մեզի համար յոյժ թանկագին արժէքի մը՝ Խաչափայտին, զոր պահ մը կորսնցուցած էինք, եւ լա՛ւ հասկնալով հիմայ թէ՝ ի՛նջ անգին արժէք ունի ան մեզի համար։
Կորսուածը վերագտնել միշտ հրճուանք կը պատճառէ մարդուն սրտին. ինչպէս տուն դարձած Անառակ Որդիին մասին հայրը կ՚արտայայտուէր արձունաթաթախ աչքերով։ «Այս իմ որ դիս կորսուած էր գտնուեցաւ, մեռած էր՝ յարութիւն առաւ»։ Աղթամարի այս գողտրիկ տաճարին համար միեւնոյն է մեր զգացումները։ Փառք կու տանք Աստուծոյ որ այս շնորհքը ըրաւ մեզի կրկին եւ այս Սուրբ Տաճարը եւ իր զաւակները ողջագուրուեցան այս տարի ալ։
Խաչը ամէն սերունդի կողմէ յաճախ վերագտնուելու է խորագոյն իմաստներով եւ փառաւորուելով բարձրանալու՝ մարդկութեան վերեւ։ Սուրբ Խաչը, Քրիստոնէութեան այս վսեմագոյն նշանը ունի նաեւ տիեզերական իմաստ մը։ Խաչը ամենէն խորունկ խորհրդանիշն է սիրոյ, ամէն տեսակ անձնազոհողութեան, նուիրագործումի եւ անձնուրացումի։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս տակաւին չէր խաչուած երբ խաչը այս իմաստով գործածեց որպէս նշան՝ անձնական զոհողութեան եւ նաեւ փրկութեան միեւնոյն ատեն։ «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ։ Որովհետեւ ո՛վ որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ո՛վ որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի գտնէ զայն» (Մատթէոս 10.38)։
Խաչի այս հասկացողութիւնը, մեր առօրեայ խնդիրները, ցաւերն ու տառապանքները տարբեր տեսանկիւնէ դիտելու կարողութիւն կը հաղորդէ մեզի։ Ուր որ անհաւատը միայն ցաւ կը տեսնէ՝ հաւատացեալը առդ ցաւին փառաւոր արդիւնքը եւ ըղձալի հետեւանքները կը նշմարէ։ «Որքա՜ն անձուկ է դուռը եւ նեղ ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի» (Մատթէոս 7.14)։ Մեր աչքերը երբեք չի նայիր Քրիստոսի Սուրբ Խաչին առանց տեսնելու Խաչեալի փառայեղ Յարութիւնը։ Մեր հայրերը խաչքարերու արուէստով խաչը վերածած են կենաց նշանին։ Հոն մահուան սարսափազդու գործիքը կորսնցուցած է այլեւս իր տխրութիւնը եւ լուսադէմ կը կանգնի բոլոր տառապեալներուս առջեւ իբր Կենաց Ծառ, ուրկէ կը հայցենք շնորհք եւ օրհնութիւն։ Սիրելի ուխտաւոր եւ հաւատացեալ ժողովուրդ մեր, դուն ալ կեանքի դժուարութիւններդ եւ խնդիրներդ, ցաւերդ եւ հիւանդութիւններդ խաչի վերածէ եւ շալկելով քու ուսերուդ վրայ բարձրացուր զայն։ Իմացիր որ Երկնաւոր Հայրդ կը դիտէ, եւ յարմար ժամանակին ծաղիկի եւ պտուղի պիտի վերածէ քու խաչդ ալ, ինչպէս խաչքարերը մեր։
Խաչը խորհրդանշանն է սիրոյ, խորհրդանիշն է եսակեդրոն կենսավիճակէ մը դէպի Աստուածակեդրոն կենսավիճակի մը անցքին, որ կ՚իրականանայ Աստուծոյ կամքը մարդկային հաճոյքէն եւ անհատական շահերէն գերադասելով։ Այն պահուն երբ մեր Փրկիչը ընդունեց իր խաչը վերցնել, բոլոր մարդկութեան շնորհեց եսասիրութեան հակաթոյնը. «Ով հայր, ոչ իմ կամքս այլ քուկդ ըլլայ»։ Ամէն անոնք որոնք կրնան նոյն խօսքը կրկնել, փշրելով «ես»ի կուռքը, իրենց կեանքը կը յանձնեն Արարչին ձերքերուն մէջ։
«Եսասիրութիւն» է աշխարհի մեծագոյն հարցը։ Մարդու վերաբերեալ ամէն խնդրի տակէն ի յայտ կու գայ պաշտամունքի վերածուած անձնասիրութեան տգեղ երեսը։ Ինչպէս Սուրբ մը կ՚ըսէ, «Եսն է դժոխքը»։ Բոլոր պատերազմներ, սովեր, բարոյական ու մշակութային անկումներ եւ ամէն տեսակ շահի ընդբախումներ յառաջ կու գան զիջել չգիտցող եսերու պայքարէն։ Առանց փրկելու անձն ու ընկերութիւնը եսասիրութեան այս ճահիճէն, կարելի չէ խօսիլ մարդկութեան ճշմարիտ զարգացումի մասին։
Սիրելի հաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, Խաչվերացի այս սուրբ Տօնին եկէ՜ք միասնաբար աղօթենք, որպէսզի բարձրեալն Աստուած մեզի եւ ամբողջ աշխարհը Քրիստոսի խաչէն ճառագայթող սքանչելի լոյսով թո՛ղ լուսաւորէ, փոխէ եւ պայծառակերպէ. Պատերազմները՝ խաղաղութեան, խաւարը՝ լուսաւորութեան թո՛ղ վերածէ։ Մեր ընտանեկան յարկերէն ներս սէր եւ խաղաղութիւն շնորհէ։ Եւ Սուրբ Խաչի պահպանող զօրութիւնը անպակաս ըլլայ մեր բոլորին վրայէն։
Փառք Սուրբ Խաչի Ալելուիա։ Զօրութիւն սուրբ խաչի քո Քրիստոս որ կանգնեցեր ի փրկութիւն աշխարհի. սա պահեսցէ զմել յամենայն փորձութենէ։
Թող այսօր, մեր սրտի ջերմեռանդ աղօթքները նուիրական այս տաճարէն լսելի ըլլայ քեզ, ո՜վ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոսի։ Ընդունէ՜ մեր ուխտը, նորոգէ եւ զօրացուր մեզ բոլորիս, մեր կոչման եւ պարտականութեանց մէջ եւ արժանի ըրէ մեր սուրբ հայրերու հետ փառաւորելու Քեզ, ընդ Հօրդ եւ ընդ Սուրբ Հոգւոյդ։ Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից, Ամէն։
ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔ ԵՒ Ս. ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
Ս. Հաղորդութենէն առաջ, հաւաքական խոստովանանք կատարեց Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ.։ Ապա Պատարագիչ Սրբազան Հայրը հաղորդութիւն տուաւ Տաճարի մէջի հաւատացեալներուն։ Նկատի ունենալով հաւատացեալներու բազմութիւնը, հոգեւոր հայրեր ժամատան ու զանգակատան առջեւ Ս. Հաղորդութիւն մատակարարեցին։
ԹԱՓՈՐ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Ս. Պատարագի աւարտին կազմուեցաւ թափոր, հանդիսապետութեամբ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի, որ յառաջացաւ զանգակատան առջեւ, ուր տեղի ունեցաւ հանգստեան պաշտօն՝ ի հանգիստ հոգւոցն Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Աղթամարայ երբեմնի Կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներուն։ Ի մասնաւորի յիշատակուեցան Ս. Խաչ Տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի Թագաւորը, Ս. Խաչ Հայրապետանիստ Տաճարի ճարտարապետ Մանուէլը, Աղթամար գահակալած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսները, Մեծի Տանն Աղթամարայ Դաւիթ առաջինէն մինչեւ Խաչատուր Բ. Շիրոյեան քառասունեւեօթ կաթողիկոսները եւ համայն միաբանները Աղթամարի Աթոռոյն, ի մասնաւորի Թովմա Վարդապետ Արծրունին եւ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկը եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։
ԱՆԴԱՍՏԱՆ
Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին, թափորը փակին մէջ, շուրջ երկու հազար հաւատացեալներու աղօթակցութեամբ, «Ամէն, ալէլուիա»ներով կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան։ Աշխարհի իւրաքանչիւր կողմ դարձը կը դժուարանար, քանի հաւատացեալներ եւ մամուլի աշխատակիցներ գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած էին վանքին փակը։
Ապա թափորը ուղղուեցաւ զանգակատունին ներքեւ, ուր հանդիսադիր Սրբազան Հայրը «Խաչի քո Քրիստոս» շարականի երգեցողութեամբ խնկարկեց Ս. Խաչը եւ օրհնեց հաւատացեալ ուխտաւոր ժողովուրդը «Պահպանիչ» աղօթքով։ Սրբազան Հօր տուած օրհնութեամբ եւ միաբերան երգուած Տէրունական Աղօթքով իր աւարտին հասաւ հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնները, ուխտաւորներուն պատճառելով ոգեւոր պահեր ու հոգեկան անհուն գոհունակութիւն։
Մոմի գանձանակէն հաւաքուեցաւ 3.000 թլ.։ Անցեալ տարուան ուխտագնացութեան մոմի հասոյթը յանձնուած էր Կուսակալութեան, որպէս ներդրում դպրոցաշինութեան։ Իսկ այս տարուան գումարը Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի ձեռամբ յանձնուեցաւ Կուսակալութեան, որպէս խորհրդանշական նուիրատուութիւն Սօմալիի անսուաղութեան մատնուած ժողովուրդին։
12 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2011, ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Ուխտագնացութիւնը, որ աւարտած էր նախորդ օր, հոգեւորականաց դասը եւ ուխտաւորներ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ սկսան բռնել վերադարձի ճամբան։
Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու
Leave a Reply