Նոր պեղումներ.Արենիի մէջ յայտնաբերուած է աւելի քան հինգհազարամեայ զգեստ

Արենիի մէջ յայտնաբերուած է աշխարհի հնագոյն հագուստներէն մէկը` 5065+/-15 տարեկան ծղօտէ զգեստը: Այդ մասին հաղորդեց “Հայլուր”ը:

Գտածոյի տարիքը որոշուած է Քալիֆորնիայի համալսարանի մասպեկտրոմեթրիալ հետազօտութեամբ: Հագուստի մեծաքանակ մնացորդներէն առաջինը բացուած փոքրիկ կտորն իսկ ապշեցուցած է շատ բան տեսած հնագէտները: Երկգոյն ծղօտով հիւսուած զգեստը այնպիսի տեսք ունի, կարծես ան երէկ ձգուած ըլլայ քարայրի մէջ: Օրկանական նիւթերը այստեղ բնական եղանակով մումիացուած են շատ աւելի լաւ, քան` եգիպտական բուրգերու մէջ:

Քարայրի բացառիկ միկրոկլիմայի եւ իրենց յայտնաբերած հագուստի շնորհիւ հնագէտները շուտով կրնան միացնել գտնուած կտորները եւ ցոյց տալ, թէ ինչ կը հագնէր քիչ թէ շատ ունեւոր կինը Ք.ա. 39-րդ դարուն:

Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ այստեղ` Արենիի քարայրի մէջ յայտնաբերուած էր աշխարհի հնագոյն կօշիկը, անկէ որոշ ժամանակ անց բացուած էին գինիի կարասներ: Քարայրի անկրկնելի միկրոկլիմայի շնորհիւ գտածոները պահպանուած են շատ լաւ, եւ զանոնք ներկայացնող գիտնականները կը հաւաստային, որ պեղուած գտածոներու հետազօտութեամբ առաւել լաւ կը ճանչնանք մեր նախնիներն ու անոնց կենցաղավարութիւնը:

13.09.11

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ