Կը վերակենդանանայ պատմական անցեալը

Պատմական տուեալները կը վկայեն, թէ Ի. դարու սկիզբին Թուրքիոյ տարածքին կը գործէր աւելի քան 2000 հայկական եկեղեցիներ: Հաւանաբար աւելի քիչ չեն յիշեալ նոյն տարածքի յունական եկեղեցիները: Անոնցմէ շատերը խոնարհեցան երկրի քրիստոնեայ ժողովուրդներուն հետքն իսկ ջնջել ուզող վայրագ ազգայնամոլութենէ մը դրդուած իշխանաւորներու կամ ալ պատեհապաշտ աւազակներու ձեռքով: Վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մէջ նկատելի է անտէր մնացած եկեղեցիներու վերանորոգման արշաւ մը: Այս շրջագծով վերջերս նորոգուած է Զմիւռնիոյ Մէնէմէն գիւղաքաղաքին մէջ ԺԹ դարուն կառուցուած յունական Այյոս Կոստանդինոս եկեղեցին: Նորոգութեան ծախսերը ստանձնած է Զմիւռնիոյ Կուսակալութիւնը: Եկեղեցիին սեփականութիւնը կը պատկանի Մէնէմէնի քաղաքապետարանին: Նախապէս երկար տարիներ որպէս պահեստանոց օգտագործուած եկեղեցին նորոգութենէն ետք պիտի գործածուի որպէս մշակոյթի կեդրոն:

Մէնէմէնի քաղաքապետ Թահիր Շահին յայտնեց, թէ պիտի նորոգուի նաեւ Էսաթփաշա թաղի հայկական եկեղեցին: Էսաթփաշա թաղին ալ գտնուած Տէյիրմէնտաղի արեւելեան լանջերը նախքան 1924 թիւը կը կոչուէր որպէս Հայոց թաղ: Կորսուած է եկեղեցւոյ յիշատակարանը, հետեւաբար կարելի չէ եղած անոր կառուցման թուականը ճշդել: Սակայն ճարտարապետական ոճէն հետեւելով` կը կարծուի, թէ ան կառուցուած պէտք է ըլլայ ԺԹ դարու կէսերուն: Հայոց եկեղեցին եւս երկար տարիներ գործածուած էր որպէս զինուորական պահեստանոց:

«Ագօս», թիւ 802

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ