Ոգեւորութիւնը կը ծաւալի Աղթամարի բարձունքին

Դէպի Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցի կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը կը շարունակուի խանդավառ մթնոլորտի մէջ։

10 Սեպտեմբեր 2011, Շաբաթ առաւօտ ուխտաւորներ այլ քաղաքներ այցելելէ յետոյ, մաս մը ուղղակի Ստանպուլէն, մաս մըն ալ արտասահմանէն գալով, համախմբուեցան Վանի մէջ։

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆՈՒՄ
Պատրիարքական Աթոռոյ կարգադրութեամբ հոգեւոր հայրեր, սարկաւագներ ու դպիրներ 10 Սեպտեմբեր 2011, Շաբաթ առաւօտեան թռիչքով հասան Վան ու դիմաւորուեցան նախապէս ժամանող Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ ընկերակիցներուն կողմէ։ Քսաներեք անդամներէ բաղկացեալ խումբը անմիջապէս ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար։

Հոգեւոր հայրեր եւ սարկաւագներ ժամը 13.30-ին հասան Աղթամար Կղզի եւ մուտք գործելով Ս. Խաչ Տաճար վերատեսութեան ենթարկեցին կատարուած պատրաստութիւնները։

Մինչ այդ, Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան Կղզիի վրայ հանդիպում ունեցաւ Վանի Կուսակալ Միւնիր Քարալօղլուի, Փոխ-Կուսակալ Աթայ Ուսլուի, Կէվաշի Գաւառապետ Եուսուֆ Կիւնիի, Կէվաշի Քաղաքապետ Նազմի Սէզէրի հետ։ Անոնք միասնաբար քննեցին տարուած աշխատանքները, յաջորդ օր մատուցանելի Ս. Պատարագի կանոնաւորութեան առընչութեամբ։

ԺԱՄԱՆՈՒՄ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԵՒ ԱՅՑ ՎԱՆԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան ժամը 14.30ին Վան ժամանեց Վանի Ֆէրիթ Մէլէն Օդակայանի պատուոյ սրահը, ապա հետն ունենալով Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանն ու Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանը, ժամը 15.30-ին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի Կուսակալ Միւնիր Քարալօղլուին։

Մեծայարգ Կուսակալը բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ կարողութիւն՝ իրենց կիրակնօրեայ պարտականութեան մէջ։ Իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ անցեալ տարուան նման այս տարի եւս պատմական Տաճարին մէջ հաւատացեալներ առիթ կ՚ունենային իրենց ուխտի աղօթքը մատուցանելու եւ աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան համար։ Ան, մտերմիկ զրոյցի ընթացքին պատուիրակութեան ուշադրութեան յանձնեց շրջակայ այլ աղօթատեղիներու վիճակը, որոնք ներառուած էին վերանորոգութեան ծրագրի մէջ։

Սրբազան Հայրը ըսաւ որ անցեալ տարուան նման եկած է ծանօթ ուխտագնացութիւնը գլխաւորելու եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան, եւ թէ արարողութեան կատարման կապակցութեամբ ընձեռուած դիւրութեանց համար։ Իբր յիշատակ այս այցելութեան, Կուսակալին նուիրեց փայտեայ ձեռագործ գեղեցիկ պտղաման մը։

Վանի Կուսակալը շնորհակալութիւն յայտնելով Նորին Սրբազնութեան, նուիրեց Աղթամար Կղզիի գեղեցիկ մէկ նկարը։

ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԱՅՑ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան Կուսակալի այցելութենէն յետոյ, ընկերակիցներուն հետ այցելեց Վանի Գեղարուեստից Միութեան խառն ցուցահանդէսը, որ մեծաւ մասամբ կը բաղկանար Աղթամարի գեղանկարներէ։

Ապա անոնք ուղղուեցան դէպի Վանի բերդին ստորոտը գտնուող հին Վան քաղաքի վերանորոգեալ մատուռը եւ Սինան Ճարտարապետի կառուցած համալիրը։ Այս այցելութենէն ետք, Նորին Սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները մեկնեցան Թամարա Հիւրանոց, ուր իջեւանեցան։

ՄՏԵՐՄԻԿ ԸՆԹՐԻՔ
Նոյն գիշեր, հոգեւոր հայրեր, սարկաւագներ եւ դպիրներ մէկտեղուեցան ուխտաւորներու հետ մտերմիկ ընթրիքի սեղաններու շուրջ։

Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ