Ինչպէս ծանօթ է հասարակութեան, անցեալ տարի դէպի Վանայ Ծովու Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցի կատարուած ուխտագնացութիւնը մնացած էր անմոռանալի եւ պսակուած՝ յաջողութեամբ։ Այս տարի սոյն ուխտագնացութիւնը սկսաւ 9 Սեպտեմբեր 2011, Ուրբաթ առաւօտ եւ տաղաւարի Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի 11 Սեպտեմբեր, Կիրակի։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հովանիին ներքեւ կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը այս տարի եւս կը գլխաւորէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան։
9 Սեպտեմբեր 2011, Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 07.15-ի թռիչքով Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. եւ Տ. Գէորգ քահանաներու, Բրշ. Վաղարշակ Սերովբեանի մեկնեցաւ դէպի Վան։
Խումբը ժամը 09.30-ին հասաւ Վան եւ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն պատասխանատուներուն կողմէ։ Անոնք ապա միասնաբար անցան Կէվաշ՝ Աղթամար Կղզիի հանդիպակաց նաւամատոյցը, ուրկէ անմիջապէս մեկնեցան Կղզի։ Այստեղ, Եկեղեցի փոխադրուեցան Ս. Պատարագի համար անհրաժեշտ գոյքերն ու զգեստները։ Խումբը այստեղ տեսաւ, որ արդէն իսկ աշխատանքներ ծաւալած էին ու կը շարունակուէին։ Եկեղեցւոյ հանդիպակաց տարածութեան վրայ տեղադրուած էր հսկայ տաղաւար մը, կառուցուած էր մամլոյ կեդրոն-վրան մը եւ այլ յարմարութիւններ։
Անցեալ տարի Սարգիս Քիչիքի ձեռամբ ու բարերարութեամբ շինուած փայտաշէն ու ոսկեզօծեալ սեղանը պահպանուած էր նոյնութեամբ։ Սկսաւ սեղանի եւ յարակից մասերու մաքրութիւնը՝ կանոնական աղօթքներով։ Մինչ այս աշխատանքը կը տարուէր, Հայ ուխտաւորներ եւ զբօսաշրջիկներ արդէն կը ժամանէին դարաւոր Եկեղեցի։
Վանի Փոխ Կուսակալ Աթայ Ուսլու եւ Կէվաշի Գաւառապետ Եուսուֆ Կիւնի կապ հաստատելով Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի հետ, մաղթեցին բարի գալուստ եւ հետաքրքրուեցան անհրաժեշտ կարիքներու դիմագրաւման հետ։
Ապա Հայր Սուրբն ու ընկերակիցները աւարտելով նախապատրաստական աշխատանքները, յետ միջօրէին Կղզիէն իջնելով հասան քաղաքի Թամարա Հիւրանոցը, ուր իջեւանեցան։
Մինչ այդ, արդէն իսկ Վան հասնելու սկսած էին ուխտաւորներ։ Նոյն ուխտագնացութեան մասնակից այլ խումբեր կը շրջին Կարս, որոնք պիտի միանան Աղթամարի ուխտաւորներու մեծ խումբին։
*
Յայտնենք նաեւ որ 10 Սեպտեմբեր 2011, Շաբաթ միջօրէին Վան պիտի ժամանեն Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան եւ հոգեւոր հայրեր, սարկաւագներ եւ ուխտաւորներ։
Այս առթիւ քաղաքավարական այցելութիւն մը պիտի տրուի Վանի Կուսակալ Միւնիր Քարալօղլուի։
Իսկ 11 Սեպտեմբեր 2010, Կիրակի առաւօտ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Մաշալեան։ Այս ուխտագնացութիւնը իր աւարտին պիտի հասնի Աղթամարի մէջ գահակալած ամենայն Հայոց կաթողիկոսներու, Մեծի Տանն Աղթամարայ երբեմնի Հայրապետական Ս. Աթոռոյ գահակալներու, միաբաններու, սպասաւորներու եւ համայն հանգուցելոց հոգւոցն ի հանգիստ կատարելի պաշտօնով ու Խաչվերացի թափօր-անդաստանով։
Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու
Leave a Reply