Տեմիրթաշ մտահոգ Է «Նոր Էրկենեքոն»ի մը հաւանականութեամբ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը Սեպտեմբեր 4ին գումարեց իր երկրորդ համաժողովը, որուն ընթացքին նախագահ ընտրուեցաւ Սելահատտին Տեմիրթաշ։ Կուսակցապետի տեղակալ ընտրուեցաւ Կիւլթան Քըշանաք։ Համագումարի ընթացքին ատենախօսները յաճախակի կերպով ակնարկութիւն ըրին իրենց կողմէ հռչակուած «ժողովրդավարական ինքնավարութեան»։ Նաեւ, յայտնի դարձաւ, որ քրտամէտ կուսակցութիւնն ալ անհանգիստ է զինուորականներու դէմ կառավարութեան կիրարկած քաղաքականութենէն։ Զինուորականներու դէմ այս հաշուեյարդարը «Նոր Էրկենեքոն»ի մը ստեղծման առաջին քայլը նկատուեցաւ։ 1074 պատուիրակներու մասնակցութեամբ գումարուած համաժողովի ընթացքին բազմաթիւ քրտերէն երգեր երգուեցան եւ քրտերէն ճառախօսութիւններ ալ կատարուեցան։

Կուսակցութեան անդամ երեսփոոխանները, որոնք կը շարունակեն Թուրքիոյ խորհրդարանին դէմ պոյքոթ կիրարկել, գրեթէ ամբողջական կազմով ներկայ էին համաժողովին։

Տեմիրթաշ դարձեալ շատ խիստ խօսեցաւ, քննադատելով կառավարութիւնը։ ««Էրկենեքոն» կոչուած ընդյատակեայ մարմինը մեր ոճրագործն է: Անոր մեկուսացումը ու այդ կազմակերպութեան պատասխանատուներէն հաշիւ պահանջելը ամէնէն առաջ մեր իրաւունքն է», ըսաւ ան, սակայն անմիջապէս պնդեց, որ այժմ կառավարութիւնը «Նոր Էրկենեքոն»ի մը վերածուելու ուղիին վրայ է։

Տեմիրթաշ աւելցուց, որ քիւրտերու դէմ պատերազմը նոյնիսկ  հարիւր տարի եւս շարունակուի, քաղաքականութիւնն է, որ լուծում պիտի ապահովէ։ «Հին «Էրկենեքոն»ի մարդիկը մեզ լաւ կը ճանչնային, բայց հիմակուան «Նոր Էրկենեքոն»ի մարդիկը տակաւին մեզ չեն ճանչնար եւ գաղափար չունին, թէ ինչպիսի ուժ մը կը ներկայացնեն իրենց պատուին համար կռուող մարդիկը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ իր կուսակցութիւնը չէ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը լեռ ղրկեց, այլ կառավարութեան քաղաքականութիւնն է, որ այդ բանը ըրաւ։ Սակայն ան շեշտեց, թէ իր կուսակցութիւնը կրնայ կառավարութեան օգնել, որպէսզի քիւրտ զինեալները լեռնէն վար գան եւ սրբագրուի կառավարութեան սխալ քաղաքականութիւնը։

Գալով խորհրդարանին դէմ յայտարարուած պոյքոթին, Տեմիրթաշ ըսաւ, որ տակաւին խորհրդարանը չունի ժողովրդավարական բնականոն մթնոլորտը, որպէսզի երեսփոխանները երդում ընեն ու նիստի մասնկացին։ «Ժողովրդավարական ինքնավարութեան» հարցին ակնարկելով, Տեմիրթաշ ըսաւ, որ քիւրտերը պարզապէս կ՛ուզեն Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ իրենց մայրենի լեզուով խօսիլ, իրենց մշակոյթին հետ ապրիլ, իրենք զիրենք ժողովրդավարական ինքնավարութեամբ կառավարել։

http://asbarez.com/arm/109180/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ