
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս, 6 Սեպտեմբեր 2011, Երեքշաբթի երեկոյեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Տիյարպաքըրի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի եւ նոյն եկեղեցւոյ նորոգութեան օժանդակ մարմնի անդամները։
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան Տիյարպաքըրի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ նորոգութեան ու բարեզարդման համար վերջին տասնեւհինգ ամիսներու ընթացքին կատարուած աշխատանքներն ու պիւտճէն։ Ծխական Խորհուրդը ծանուցանեց թէ սոյն շրջանին հաւաքուած գումարն է 2.200.000 թրքական լիրա։ Իսկ նորոգութեան ու բարեզարդման աշխատանքներու աւարտման համար կը նախատեսուի 1.500.000 թրքական լիրայի պիւտճէ մը։ Սոյն աշխատանքներու ընթացքին պիտի բարեզարդուի համալիրը, պիտի վերականգնուի եկեղեցւոյ զանգակատունը։
Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 22 Հոկտեմբերին պիտի կատարուի օծումն ու պաշտամունքի վերաբացումը աւագ եկեղեցւոյ, իսկ քովնտի եկեղեցւոյ ու համալիրի աշխատանքները պիտի շարունակուին շուրջ մէկ ու կէս տարի եւս։
Հաւաքը իր աւարտին հասաւ սարքուած սիրոյ սեղանով մը։
Պատրիարքութիւն Հայոց Կ.Պոլսոյ
ԼՐԱԲԵՐ Պարբերական Տեղեկատու

Leave a Reply