Եւրոխորհրդարանը Թուրքիայէն կը պահանջէ վերադարձնել փոքրամասնութիւններուն ամբողջ գոյքը

ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Արմէնփրէս».- Եւրոմիութիւնը ողջունած է Թուրքիոյ ոչ իսլամ փոքրամասնութիւններուն պատկանող եւ 1936ին պետութեան կողմէ գրաւուած գոյքը վերադարձնելու մասին Թուրքիոյ որոշումը: Ըստ թրքական «Անքա» լրատուական գործակալութեան, Եւրոմիութեան գործադիր թեւը հանդիսացող Եւրոյանձնաժողովի անդամներ Օլի Ռենի եւ Սթեֆան Ֆիւլէի արտասանած նշեալ ողջոյնին կողքին, Եւրոխորհրդարանին մօտ Թուրքիոյ գծով զեկուցող Ռիա Օմեն Ռույթեն յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պէտք է փոքրամասնութիւններէն խլուած գոյքը վերադարձնէ ամբողջութեամբ:

«Եւրոմիութիւնը Թուրքիոյ կառավարութեան միշտ կոչ ըրած է ճանչնալու կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները եւ վերադարձնել պետութեան կողմէ անոնցմէ խլուած գոյքը: Սակայն, կառավարութիւնը պէտք է աւելին ընէ. օրինակ՝ իսկական տէրերուն պէտք է վերադարձնէ նաեւ յոյներու Ս. Գաբրիէլի վանքը եւ Հալքիի յունական վանական համալիրը», ըսած է ան:

Նշենք, որ կալուածներուն մէկ մասը վերադարձնելու կառավարութեան որոշումին մասին խօսած էր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, փոքրամանսութեանց կողմէ իրեն ի պատիւ կազմակերպուած «Իֆթար»ի մը ընթացքին: Որոշումը չի խօսիր Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ հայերէն եւ այլ փոքրամասնութիւններէն գրաւուած կալուածներուն մասին:

http://asbarez.com/arm/108764/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2011
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ