Թուրքիոյ մէջ անօրինական բնակող հայաստանցի ընտանիքներու երեխաներուն հնարաւորութիւն տրուած է յաճախել հայկական դպրոցներ: Այդ մասին “Ազատութիւն” ձայնասփիւռի կայանին ասել է Սթամպուլի “ժամանակ” թերթի խմբագիր Արա Գոչունեան:
Թուրքիոյ մէջ անօրինական ապրող Հայաստանի քաղաքացիներու երեխաները նախապէս դպրոց յաճախելու իրաւունք չունէին:
“Ինչպէս կը բնորոշենք եւ ինչպէս կ’որակենք այդ ընտանիքները` ոմանք կը նախընտրեն ըսել “ապօրինի”, ոմանք` ուրիշ բաներ, բայց կ’երեւի յարմարագոյն արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ, որ առանց կարգավիճակի կը գտնուին այստեղ, եւ երկար ժամանակ է ի վեր այդ ընտանիքներու երեխաներու ուսումնական-դաստիարակչական գործի վերաբերեալ կային շփոթութիւններ, դժուարութիւններ, անկարելիութիւններ”, – նշեց սթամպուլահայ լրագրողը` շարունակելով. – “:ատրիարքարանը, փաստօրէն, առաջին իսկ օրունէ այս խնդիրը օրակարգի վրայ բերած էր, պետական աւագանիի մօտ հետեւողականօրէն հետամուտ էր այս խնդիրի լուծման տեսակէտէն, եւ այս վերջին օրերուն համայնքի համար կատարուած դրական ժեստերու մթնոլորտի մէջ Պատրիարքարանը այս առաւօտ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ պատկան իշխանութիւնները բանաւոր թոյլտւութիւն տուած են, որ Հայաստանէն արտագաղթած երեխաները կարենան ընդունուիլ Սթամպուլի հայկական վարժարաններ”:
Այդ վարժարանները, Գոչունեանի խօսքերով, շուրջ 15 են, եւ “արդէն իսկ որոշ աշակերտներու, որոշ սաներու գրանցումները, արձանագրութիւնները կատարուած են դպրոցներու մէջ”:
Հարցին, թէ խօսքը մօտաւորապէս քանի՞ երեխաներու կը վերաբերի, ստամպուլահայ խմբագիրը արձագանգեց. – “դժուար է թիւերու մասին խօսիլ, բայց մենք ունինք յենակէտ մը այդ հաշուարկը կնտարելու համար, որ մինչեւ հիմա այս անկարելիութիւններու մթնոլորտի մէջ Սթամպուլի Գեդիկփաշա թաղամասի մէջ գտնուող Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ նկուղային յարկի մէջ, դարձեալ չսելու համար` “ապօրինի”, այսպէս` թոյլատրուած, հանդուրժուած վարժարանային մթնոլորտի մէջ երեխաներ կրթութիւն կը ստանային, անոնց թիւը մի քանի տասնեակ էր, բայց, բնականաբար, այդ պայմաններու մէջ, այդ հնարաւորութիւններով, այդ սահմանափակ կարելիութիւններով: Հիմա, բնականաբար, այս թոյլտւութեան պայմաններու մէջ կրնայ նաեւ բարձրանալ այդ թիւը, որովհետեւ մենք ընթացքին առանձնակի դէպքեր ալ կը նկատէինք, որ Հայաստանէն եկած ընտանիքներու երեխաները այստեղ արդէն կ’երթային, ըսենք, Սթամպուլի տեղական, թրքական վարժարաններ, հանրակրթական դպրոցներ”:
“Բնականաբար այստեղ արտագաղթած ընտանիքներու երեխաներու նորմալ կրթութիւնը կազմակերպելու տեսակէտէն սա շատ կարեւոր իրադարձութիւն է”, – ամփոփեց Արա Գոչունեան:
Tert.am
Leave a Reply