Ինչպէս անցեալ շաբաթ նշած էինք, 27-31 Յուլիս Արեւմտահայաստանի Տերսիմ նահանգի տարբեր քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած է “Մնձուրի` բնութեան եւ պաշտամունքի” փառատօնը, որուն ծիրէն ներս համերգաշարով Տերսիմի մէջ շրջած է “Մարաթուկ” խումբը, իսկ աւելի քան տասը մտաւորականներ՝ կատարած են բանահաւաքչական-նկարահանման աշխատանքներ: Այսօրուան ասուլիսին այս մասին յայտնեց Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի ղեկավար Հայկազուն Ալվըրցեան:
Ըստ անոր` փառատօնը արդէն 13րդ տարին է, որ կը հիւրընկալուի Տերսիմի, որմէ առաջին երկուքը` ոչ պաշտօնական, վերջին 11ը` պաշտօնական հրաւէրով: “Սա մի բացառիկ միջոցառում է, որ մեր մշակոյթը տանում-հասցնում է մեր հայութեան ամենահեռաւոր անկիւններից մէկը` Արեւմտահայաստանի խորքերը: Սա արտառոց մի փաստ է”,- ըսաւ ան:
Ալվըրցեան հաղորդեց, որ հայութեան մեծ զանգուած մը՝ ստիպողաբար կրօնափոխ եղած, այստեղ կ’ապրի քիւրտի եւ ալեւիներու պիտակով, սակայն ներքուստ կը պահպանէ հայու իր ինքնութիւնը: “Այս փառատօնը եւս մի անգամ մեզ համոզեց, որ այնտեղ մեծ քանակով հայեր կան: Նրանցից շատերը մօտեցան մեզ, պատմեցին իրենց պատմութիւնները` զարհուրելի, ողբերգական, յուզիչ պատմութիւններ”,- նշեց Ալվրցեան:
Ըստ անոր` այս փառատօնը կարեւոր է ոչ միայն իրենց` Արեւմտահայաստանի ծպտեալ հայերուն համար, այլեւ` Հայաստանի հայերուն, “քանի որ մենք էլ պիտի հասկանանք, թէ ինչ ունենք եւ իրենք ինչ ունեն, ինչ պիտի տանք իրենց, եւ իրենց պահպանած մշակութային բեկորներից ինչը վերցնենք”:
“Մարաթուկ”ը “Հայր Մեր” երգեց ծպտուած ապրած հայու սնարին մօտ
Թուրքիոյ Տերսիմ նահանգին մէջ հայաստանեան “Մարաթուկ” խումբի 27-31 Յուլիսի իրականացուցած “Մնձուրի` բնութեան եւ պաշտամունքի” փառատօնի օրերուն՝ Հայաստանէն մեկնած արուեստագէտներն ու մտաւորականները գրառած, ձայնագրած ու տեսագրած են ստիպողաբար կրօնափոխ եղած բազմաթիւ հայերու պատմութիւններ: Այս մասին այսօր լրագրողներուն պատմեց “Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն”ի ղեկավար Հայկազուն Ալվըրցեան: “Լսեցինք բազմաթիւ յուզիչ, ահաւոր, ողբերգական, երբեմն էլ` զաւեշտալի պատմութիւններ”,- ըսաւ ան:
Լրագրողներուն խնդրանքով Ալվըրցեան պատմեց դէպքերէն մէկը. “Մարաթուկ”ը եղած էր գիւղ մը, ուր նաեւ կ’ապրէին հայեր, եւ համագիւղացիներու խնդրանքով խումբի քանի մը անդամներ այցելած են հիւանդ հայու մը, որ վերջերս կաթուած ստացած է եւ չի կրնար շարժիլ կամ խօսիլ։
“Մեզ ներկայացրին այս մարդու պատմութիւնը` արկածներով լեցուն, մշտապէս գոյութիւնը պահպանելու կռիւների մէջ, մշտապէս ծպտուած էր ապրել”,- նշեց Ալվըրցեան:
Մահամերձ հայու սնարին մօտ “Մարաթուկ”ը երգած էր “Հայր մեր”ը. “Երգի ընթացքում նրա բիբերն այնքան լայնացան, կարծես ակնակապիճներից դուրս պիտի գային”,- պատմեց Ալվըրցեան` նշելով, որ տեսարանը աննկարագրելի ազդեցութիւն ձգած էր ե՛ւ իրենց, ե՛ւ համագիւղացիներուն վրայ, որոնք կը նայէին յուզմունքով եւ սարսուռով:
«Մարաթուկ»ի համերգային շրջագայութիւնը լուսաբանած են նաեւ թրքական լրատուամիջոցները
Թուրքիոյ Տերսիմ նահանգին մէջ հայաստանեան “Մարաթուկ” խումբի` 27-31 Յուլիս իրականացած “Մնձուրի` բնութեան եւ պաշտամունքի փառատօն”ը լայնօրէն լուսաբանուած է թրքական լրատուամիջոցներուն կողմէ: Այսօրուան ասուլիսին այս մասին ըսաւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի ղեկավար Հայկազուն Ալվըրցեան: “Մենք չհասցրինք ծանօթանալ թուրքական արձագանգի հետ, քանի որ ժամանակ չկար հետեւելու թուրքական լրատուամիջոցներին: Սակայն մեր լրագրող ընկերներից լսեցինք, որ թուրքական մամուլը այդ միջոցառումներին լայնօրէն անդրադարձել է”,- նշեց ան` պատմելով, որ մաքսակէտին վրայ իրենց խումբը ճանաչցած են նաեւ թուրք զինուորականները` նշելով, որ հետեւած են խումբին մասին հեռարձակուող հաղորդումներուն:
Ըստ բանախօսին` այս աւանդական ձեռնարկը կը կոչուի “Մնձուրի` բնութեան եւ մշակոյթի փառատօն”, քանի որ Մնձուր գետը, որ հայոց սրբաւայերէն եղած է եւ սկիզբ կ’առնէ Անահիտ դիցուհիի ակունք-աղբիւրներէն, Թուրքիոյ պետական ռազմավարութեան պատճառով կը վտանգէ բնապահպանական աղէտ դառնալ տարածաշրջանին համար:
Ալվըրցեան պատմեց, որ Մնձուր գետը պատնէշած են, ամբարտակներու մէջ ջուր կուտակել բազմաթիւ ջրաելեկտրակայաններ կառուցելու նպատակով: Սակայն ջուրերու կուտակման հետեւանքով փոխուած է այս տարածաշրջանի ողջ բնաշխարհը, եւ կը սպառնայ յառաջիկային բնապահպանական աղէտով:
Ան ըսաւ, որ համերգաշարը ուղեկցուած է մտաւորականներու ելոյթներով եւ զրոյցներով` նուիրուած բնապահպանական-հասարակական թեմաներուն, եւ բնակիչները մտահոգող թեմաներու արծարծումը առանձնայատուկ մտերմիկ դարձուցած է իրենց շրջագայութիւնը:
Tert.am




Leave a Reply