Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Յակոբ Սեւանի տեղեկութիւններով՝ Իսրայէլի խորհրդարանին` Քնեսեթի մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք, որոշում ընդունուած է Ապրիլ 24ը իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր սահմանելու մասին օրինագիծը յետագայ քննարկումներու համար տեղափոխել Քնեսեթի Կրթութեան յանձնաժողով: Հարցը քննարկուած է Քնեսեթի լիագումար նիստին:
Փաստօրէն Քնեսեթի Կրթութեան յանձնաժողովին մօտ ներկայիս կը գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ երկու բանաձեւ, որոնց մէկը` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, իսկ միւսը` Ապրիլ 24ը իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր հռչակման մասին:
“Հիմնական տարբերութիւնը այն էր, որ այս անգամ ինքը` կառաւարութիւնը, առաջարկեց, որ հարցը մնայ օրակարգի վրայ: Այս բանաձեւը ներկայացուցած է Քնեսեթի աջակողմեան կուսակցութեան ներկայացուցիչ Արիէլ Էլտատը, որ բանաձեւը ներկայացնելու պահուն նշած է, որ այսօր մենք` իբրեւ Իսրայէլ, իբրեւ հրէութիւն, պարտք ունինք հայութեան առջեւ, եւ պէտք է պատմական արդարութիւնը վերականգնուի”,- ներկայացուց Յ. Սեւան:
Անոր խօսքով` չնայած Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն` Իսրայէլի կառավարութիւնը յարմար գտաւ հարցը ուղարկել Կրթութեան յանձնաժողով, մինչդեռ նախապէս հարցը միշտ ուղարկուած է Անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողով, ուր քննարկումները փակ ծեւով կ՛ընթանան: Այն փաստը, որ այս անգամ բանաձեւը ուղարկուած է Կրթութեան յանձնաժողով, արդէն իսկ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ խնդիրի հանգուցալուծման վրայ, քանի որ քննարկումները բաց մնացած են:
“Մենք ալ այդտեղ գործ ունինք ընելու. այս քայլը ցոյց կու տայ մեր աշխատանքի արդիւնքները, եւ ատիկա կը խրախուսէ, որ հասնինք աւելիին: Պէտք է միշտ նկատի ունենալ, որ այստեղ կայ պատմական արդարութեան եւ բարոյական արժէքներու խնդիր, իսկ միւս կողմէն` Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները եւ այս զուգահեռները պէտք է հաւասարակշռուին”,- շեշտեց Յ.Սեւան:
Նշենք, որ Քնեսեթի Կրթութեան յանձնաժողովը երկու բանաձեւերը պիտի քննարկէ զուգահեռաբար յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին:
30.06.11
Tert.am
Leave a Reply