ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»
թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Ամերիկահայ համայնքը անցեալ շաբաթ կարեւոր քայլ կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները վերացնելու եւ վերջ դնելու թրքական կառավարութեան որդեգրած երկարաժամկէտ քաղաքականութեան, որու նպատակն էր ջնջել հայոց քաղաքակրթութեան բոլոր հետքերը այսօրուան Թուրքիոյ հողատարածքներէն:
Հայոց Ցեղասպանութեան սոսկ ընդունումէն անդին երթալով, Քոնկրեսի որոշ անդամներ ներկայացուցին նոր բանաձեւ մը, որ «Թուրքիոյ հանրապետութենէն կը պահանջէ պահպանել իր քրիստոնէական ժառանգութիւնը եւ վերադարձնել բռնագրաւուած եկեղեցական գոյքը»:
Ներկայացուցիչներու Պալատին կողմէ ներկայացուած համապարփակ թիւ 306 բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ կառավարութեան՝
«1) վերջ տալ բոլոր տեսակի կրօնական խտրականութեանց.
«2) արտօնել քրիստոնէական եկեղեցիներու գոյքի հոգեւոր եւ աշխարհական օրինական սեփականատէրերուն՝ առանց խոչնդոտներու եւ սահմանափակումներու կազմակերպել եւ իրականացնել աղօթքներ, կրօնական կրթութիւն, հոգեւոր ուսուցում, կատարել նշանակումներ եւ կազմակերպել իրաւայաջորդութիւն, գումարել կրօնական համայնքի ժողովներ, մատուցել ընկերային ծառայութիւններ, ներառեալ՝ աղքատներու եւ հիւանդներու կարիքներուն ընդառաջում, ինչպէս նաեւ իրականացնել այլ կրօնական գործունէութիւն.
«3) քրիստոնէական եկեղեցիները եւ պաշտամունքի այլ վայրերը, վանքերը, դպրոցները, հիւանդանոցները, յուշարձանները, մասունքները, սրբավայրերը եւ այլ կրօնական գոյքը, ներառեալ շարժական գոյքը, ինչպիսիք են արուեստի գործերը, ձեռագիրները, զգեստները, ապասքը եւ այլ իրերը վերադարձնել օրինական տէրերուն.
«4) քրիստոնէական եկեղեցիներու գոյքի օրինական հոգեւոր եւ աշխարհական սեփականատէրերուն արտօնել՝ առանց խոչընդոտներու եւ սահմանափակումներու, իրենց հայեցողութեամբ, պահպանել, վերակառուցել եւ վերանորոգել Թուրքիոյ տարածքին գտնուող բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները եւ պաշտամունքի այլ վայրերը, վանքերը, դպրոցները, հիւանդանոցները, մասունքները, սրբավայրերը եւ այլ կրօնական գոյքը»:
Այս երկկուսակցական նեցուկ վայելող բանաձեւը, որ ներկայացուած էր հանրապետական քոնկրեսական Էտ Ռոյսի եւ դեմոկրատ քոնկրեսական Հաուըրտ Պըրմընի կողմէ, անմիջապէս ստացաւ 30 քոնկրեսականներու աջակցութիւնը, որոնցմէ տասը՝ հանրապետականներ: Նկատի առնելով այն իրողութիւնը, որ հանրապետականները Ներկայացուցիչներու տան մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն, բանաձեւը հովանաւորողներու համեմատութիւնը լաւ սկիզբ կը խոստանայ. հաւանական դարձնելով անոր բարեյաջող ընդունումը: Յատկանշական է, որ հանրապետական քոնկրեսական Իլիանա Ռոս-Լեհթինըն, որ Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին գործերու յանձնաժողովի նախագահն է եւ որ անցեալին Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման հակադրուողներու շարքին էր, առաջիններէն մէկը եղաւ, որ սատարեց եկեղեցիներու գոյքի վերադարձման կապակցութեամբ ներկայացուած բանաձեւին:
Զարմանալի չէ, որ այս բանաձեւը այսպիսի մեծ աջակցութեան արժանացաւ, քանի որ դժուար է պատկերացնել, որ Քոնկրեսի, արտաքին գործոց նախարարութեան (պետական քարտուղարութեան) կամ Օպամայի վարչակազմի ոեւէ անդամ դէմ կրնար ըլլալ կրօնական կառոյցը իր օրինական տէրերուն վերադարձնելու գաղափարին: Ըստ հասարակական արդի չափանիշերու՝ որեւէ մէկուն համար ընդունելի չի կրնար ըլլալ եկեղեցին մզկիթի կամ մզկիթը եկեղեցիի վերածելը: Թուրքիոյ բարեպաշտ ղեկավարները, իբրեւ լաւ մահմետականներ, իրենք առաջինը կ՛ըլլան, որ կ՛ընդունին եւ կը պահպանեն պաշտամունքի վայրերու սրբութիւնը:
Բացի Քոնկրեսի մէջ երկկուսակցական ամուր դաշինքի կազմութենէն, Ամերիկայի գրեթէ բոլոր կրօնական համայնքները՝ աւետարանական, կաթողիկէ, ուղղափառ, հրեայ թէ մահմետական, հակամէտ կ՛ըլլան աջակցելու նման բանաձեւի ընդունման: Բոլոր ազգային փոքրամասնութիւնները, ինչպիսիք են սպանախօսները, Ամերիկայի յոյները, ասորիները իրլանդացիները, հրեաները, արաբները, աֆրոամերիկացիները եւ ասիացի ամերիկացիները, նոյնպէս կրնան նեցուկ կանգնիլ այս բանաձեւի ընդունման:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարեց, որ բանաձեւը նպատակ ունի «կարեւորել, դիմակայել եւ ի վերջոյ փոխել Թուրքիոյ կողմէ տասնամեակներ շարունակ պաշտօնապէս որդեգրուած՝ քրիստոնէական եկեղեցիներու գոյքը ոչնչացնելու, սրբավայրերը սրբապղծելու, քրիստոնէական համայնքներու դէմ խտրականութիւն գործադրելու, ինչպէս նաեւ հայերու, յոյներու, ասորիներու, քալդէացիներու, պոնտացիներու, արամէականներու (սիրիացիներ) եւ այլոց հաւատքի ծէսերը ազատօրէն կատարելու իրաւունքը մերժելուն ուղղուած քաղաքականութիւնը»:
Կրօնական ազատութեան իրաւունքը պարզապէս Թուրքիոյ ներքին հարցը չէ: Այս իրաւունքը պաշտպանուած է բազմաթիւ միջազգային պայմանագիրներով, ներառեալ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մարդու Իրաւունքներու Համընդհանուր Հռչակագիրը, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտը եւ 1923ին ստորագրուած Լոզանի պայմանագիրը, որու ստորագրողներէն է նաեւ Թուրքիան: Թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ խախտել Լոզանի պայմանագրի 41րդ եւ 42րդ յօդուածները, որոնք կը նախատեսեն դրամական միջոցներ եւ հնարաւորութիւններ տրամադրել ոչ մահմեդական փոքրամասնութիւններուն՝ կրթութեան, կրօնի եւ բարեգործական նպատակներով, ինչպէս նաեւ պաշտպանել անոնց կրօնական հաստատութիւնները: Ցաւօք, Քոնկրեսի բանաձեւը չի նշեր այս խախտումներու եւ Լոզանի պայմանագրով Թուրքիոյ ստանձնած պարտաւորութիւններու մասին:
ԱՄՆի կրօնի ազատութեան հարցերով յանձնաժողովը, որ ամէն տարի կը հրապարակէ աշխարհի բոլոր շրջաններու մէջ կրօնական իրաւունքներու խախտման վերաբերեալ հաշուետուութիւն, երրորդ տարին ըլլալով անընդմէջ Թուրքիան պահած է իր «հսկողութեան ցուցակ»ին մէջ: Յանձնաժողովը կը գտնէ, որ «Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ կրօնի կամ հաւատքի ազատութեան նկատմամբ կիրառել լուրջ սահմանափակումներ՝ սպառնալով Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւն կազմող համայնքներու կենսունակութեան ու գոյութեան»: Թուրքիոյ կառավարութիւնը նաեւ «կը շարունակէ միջամտել կրօնական համայնքներու ներքին կառավարման եւ կրթութեան իրականացման գործընթացներուն եւ բռնագրաւել պաշտամունքի վայրերը»:
Վերջին տարիներուն Ներկայացուցիչներու Տունը եւ Ծերակոյտը ընդունած են մի քանի բանաձեւեր՝ կոչ ուղղելով Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած Հիւսիսային Կիպրոսին, Լիթվիային, Ռումանիոյ եւ Վիեթնամին պաշտպանել պաշտամունքի վայրերը եւ վերադարձնել կրօնական փոքրամասնութիւններուն պատկանող անիրաւաբար բռնագրաւուած գոյքը: Այս բանաձեւերու օրինակով՝ Ներկայացուցիչներու տունը պէտք է ընդունի նաեւ թիւ 306 բանաձեւը՝ կոչ ուղղելով Թուրքիոյ կառավարութեան յարգելու բոլոր քրիստոնէական փոքրամասնութիւններու ազատ պաշտամունքի իրաւունքը եւ անոնց վերադարձնել իւրացուած եկեղեցիները եւ այլ կրօնական գոյքը:
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Leave a Reply