Հայոց Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ Կողմէ Ճանաչում Ստանալու Գործով Աշխոյժ Պայքար Մղող Թուրք Գրողը Կը Դատապարտուի Ցմահ Բանտարկութեան

Նախորդ օրը թրքական դատարանին մէջ տեղի ունեցած է յայտնի թուրք գրող եւ իրաւապաշտպան Տողան Աքհանլըի աղմկահարոյց գործի հերթական դատալասումը, որուն ընթացքին դատախազը կրկին պահանջած է ցմահ բանտարկութեան դատապարտել այլախոհ մտաւորականը:

Թեմային առնչութեամբ թրքական «Միլլիյեթ» օրաթերթը զրուցած է Տողան Աքհանլըի հետ, որ 1991էն ի վեր իր ընտանիքով կ՚ապրի Գերմանիա:

Նշելով, որ իր դէմ դատական գործընթացը ծիծաղելի դրութեան մէջ կը դնէ Թուրքիան ողջ աշխարհի առջեւ, Աքհանլըն ըսած է. «Շատ բան ունիմ ըսելու Թուրքիոյ մէջ գործող իրաւական համակարգին մասին: Դատավարութիւնը կը շարունակուի ողջ աշխարհի աչքին առջեւ: Դատախազը կը շարունակէ դատավարութիւնս՝ առանց որեւէ ապացոյց ունենալու, իսկ ատիկա ծիծաղելի վիճակի մէջ կը դնէ Թուրքիան: Տուեալ պարագային, եթէ կը համարձակին նման քայլի դիմել ողջ աշխարհի աչքին առջեւ, ուրեմն պիտի ըսեմ, որ դատախազը կը գործէ ոչ թէ իբրեւ իրաւաբան, այլ` իբրեւ քաղաքական գործիչ: Իրեն կը տեսնէ իբրեւ քաղաքական բախման դերակատար»:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ քաղաքական ի՞նչ բախման մասին է խօսքը՝ թուրք գրողը նշած է. «Ես կը խօսիմ երկու թեմաներու մասին, որոնք Թուրքիոյ մէջ սուիններով կ՚ընդունուին: Առաջինը` ես եղած եմ ձախակողմեան գաղափարներու կրող: Եւ երկրորդ` 1915ին տեղի ունեցած հայերու զանգուածային կոտորածներուն կու տամ «ցեղասպանութիւն» բնորոշումը եւ աշխոյժ պայքար կը մղեմ, որպէսզի Թուրքիան ճանչնայ ցեղասպանութիւնը»:

Տողան Աքհանլը յայտարարած է, որ եթէ դատապարտեն զինք, ինքը պիտի երթայ Թուրքիա եւ պիտի պահանջէ, որ ձերբակալեն իրեն:
«Ես դատարան ներկայանալու իրաւունք չունիմ. արգիլուած է իմ մուտքը Թուրքիա: Ես Գերմանիոյ քաղաքացի եմ եւ կը գտնուիմ այդ պետութեան պաշտպանութեան տակ… Իսկ եթէ ինծի, այնուամենայնիւ, դատապարտեն, պիտի մեկնիմ Թուրքիա եւ պահանջեմ կալանաւորել զիս: Այս գործը պիտի ստանայ միջազգային հնչեղութիւն, եւ թող ողջ կեանքի ընթացքին զբաղին անով: Ամէն պարագայի պիտի դիմեմ նաեւ Մարդու Իրաւուքններու Եւրոպական դատարան: Թուրքիոյ մէջ կամակատարութիւններուն վերջ դնելու համար հարկաւոր է դիմել նման քայլի: Ինծի, ըստ էութեան, արտաքսած են երկրէն, որեւէ իմաստ չկայ ցմահ բանտարկութեան դատապարտելու: Սակայն այստեղ կայ քաղաքական եւ բարոյական իմաստ: Ասիկա մարդու իրաւունքներու ոտնահարում է, որուն առջեւ պիտի չխոնարհիմ»,– ըսած է Տողան Աքհանլը:

Նշենք, որ գրող եւ իրաւապաշտպան Տողան Աքհանլըն առաջին անգամ ձերբակալուած է Սթամպուլի մէջ 1975ին՝ փողոցը թռուցիկներ բաժնելու պահուն: Ձերբակալութենէն ետք ան հինգ ամիս անցուցած է բանտի մէջ։ Այնուհետեւ միացած է երիտասարդ ձախակողմեան աքթիւիսթներուն եւ շարունակած պայքարը: 12 Սեպտեմբեր 1980ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջումէն ետք՝ անցած է ընդյատակ: 1985ին կնոջ` Այշէի հետ դարձեալ ձերբակալուած ու բանտարկուած երեք տարի, իսկ անոր կինը` մէկ:

1991ին ամուսինները իրենց երկու երեխաներուն հետ փախած են Գերմանիա եւ խնդրած՝ քաղաքական ապաստան: 2001ին գերմանական իշխանութիւնները անոնց տուած են Գերմանիոյի քաղաքացիութիւն:

Թրքական արդարադատութիւնը այժմ Տողան Աքհանլըն կը մեղադրէ Թուրքիոյ մէջ իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ ճանչուած Թուրքիոյ ժողովրդական ազատագրման կուսակցութիւն (THKP), Վերաստեղծուած միութիւն (YKB) եւ Ժողովուրդի ազատագրման ուժեր (HKG) կազմակերպութիւններուն անդամակցելու, «սահմանադրական կարգը բռնի ուժով տապալելու» եւ 1989ին Սթամպուլի մէջ տեղի ունեցած տարադրամի փոխանակման կրպակի վրայ յարձակում իրականացնելու մէջ, որուն հետեւանքով սպաննուած էր մէկ մարդ:

Օգոստոս 2010ին Տողան Աքհանլըն մեկնած էր Թուրքիա` իր զառամեալ հօրը տեսակցելու համար եւ ձերբակալուած էր օդակայանին մէջ: Ամիսներ տեւած դատավարութենէն ետք դատարանը ազատ արձակած էր Աքհանլըն: Դատական նիստի ժամանակ 1989ին տարադրամի փոխանակման կէտի վրայ իրականացուած յարձակման հետեւանքով սպաննուած Իպրահիմ Թութումի որդիները ըսած էին, թէ իրենց հօրը Աքհանլըն չէ սպաննած: Սակայն, որոշ ժամանակ անց, անոնք փոխած են իրենց ցուցմունքները եւ այժմ կը պնդեն, թէ նման բան ըսած են` վախնալով այն կամզակերպութիւններու հաշուեյարդարէն, որոնց իբր կ՚անդամակցի Տողան Աքհանլը:

Թուրք գրող եւ իրաւապաշտպան Աքհանլըի գործով հերթական դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ 12 Հոկտեմբերին:

 17.06.11

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2011
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ