Ըստ «Ուիքիլիքս»ի՝ Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Քաղաքական Փոթորիկ Պիտի Յառաջացնէ Թուրքիոյ Մէջ

«Ուիքիլիքս»ի բացայայտած նոր փաստաթուղթերուն համաձայն, Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին ճանաչման մասին բանաձեւի մը վաւերացումը ԱՄՆ Քոնկրեսին մէջ, միջազգային հետեւանքներ պիտի ունենայ: Յունուար 26, 2010ին, Թուրքիայէն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւն յղուած գաղտնի հաղորդագրութիւնները կը նշեն. «ԱՄՆի կողմէ 1915ի իրադարձութիւնները «ցեղասպանութիւն» որակելու իւրաքանչիւր փորձ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական փոթորիկ պիտի յառաջացնէ, իսկ ազդեցութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններու վրայ, ներառեալ՝ քաղաքական, ռազմական, առեւտրական մարզերու մէջ, կործանարար ազդեցութիւն պիտի ըլլայ»:

Այլ հաղորդագրութիւններ ցոյց կու տան, որ թրքական ռազմական եւ հետախուզական կառոյցներու համագործակցութիւնը ամերիկեան ռազմական տնտեսութեան հետ ժամանակաւորպէս դանդաղած է՝ ի պատասխան Քոնկրեսին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի քննարկման:

Հոկտեմբեր 13, 2009ի թուակիր գաղտնի այլ հաղորդագրութեան մը մէջ, որ ուղարկուած է Թել Աւիւէն, կը նշուի. «Թուրքիոյ կողմէ Իսրայէլի դիմում եղած է, որ վերջինս օգնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը արգելափակելու Քոնկրեսին մէջ»:

http://asbarez.com/arm/101925/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2011
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ