«Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթի դէմ մահափորձ կը ծրագրուի։ Այս մասին, ինչպէս կը գրէ թրքական «Սթար» օրաթերթը, կ’ըսուի Թուրքիոյ Ազգային հետախուզական ծառայութեան (MIT)` Սթամպուլի անչափահասներու գործերը քննող դատարանին, Սթամպուլի գլխաւոր դատախազութեան, Քոճաելիի բանտի տնօրինութեան, Սթամպուլի անվտանգութեան վարչութեան ու նահանգային ժանտարմերիային հասցէագրուած գաղտնագրուած նախազգուշացնող նամակով:
«Կը ծրագրուի զինուած յարձակում այն փոխադրամիջոցին վրայ, որ Օկիւն Սամասթը պարբերաբար կը տեղափոխէ դատարան»,– կը նշուի MIT–ի հաղորդագրութեան մէջ:
Թրքական հետախուզութիւնը կը պնդէ, որ յարձակում պիտի իրականացնէ Թուրքիոյ մէջ իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչցուած «Թուրքիոյ բանուորներու եւ գիւղացիներու ազատագրութեան բանակ» (TIKKO) ձախ ծայրահեղական կազմակերպութիւնը: Վերջինիս զինեալները պիտի ռմբահարեն Սամասթը դատարան տեղափոխող փոխադրամիջոցը:
Նշենք, որ Քոճաելիի բանտին մէջ պահուող Օկիւն Սամասթի գործը Սթամպուլի անչափահասներու գործերը քննող դատարանի վարոյթէն ներս է:
16.06.11
Tert.am
Leave a Reply