ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Յունիս 14ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսին պիտի ներկայացուին Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին ճանաչումը պահանջող երկու բանաձեւներ, որոնցմէ մէկը նաեւ կ՛առնչուի Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց՝ հայերու, յոյներու, ասորիներու, պոնտոսցիներու, սրիանիներու եւ այլոց, պատկանող եկեղեցիներու եւ եկեղեցական կալուածներու վերադարձին:
Այս վերջին բանաձեւը, որ առաջ կը մղուի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամներ Էտ Ռոյսի (Հ., Քալիֆորնիա) եւ Հաուըրտ Պըրմընի (Դ., Քալիֆորնիա) կողմէ, նաեւ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ յարգեն իրենց միջազգային պարտաւորութիւնները եւ արտօնութիւն տան կրօնական փոքրամասնութեանց, որ ազատօրէն կատարեն իրենց պաշտամունքները, եւ վերջ տան կրօնական փոքրամասնութեանց հալածանքներուն:
Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւին համահեղինակներն են Ռապըրթ Տոլտ (Հ., Իլինոյ) եւ Էտըմ Շիֆ (Դ., Քալիֆորնիա): Բանաձեւը կրկնօրինակն է նախորդ Քոնկրեսին ներկայացուած թիւ 252 բանաձեւին, որ վաւերացուեցաւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց վերոյիշեալ քոնկրեսականներուն՝ դրուատելով յատկապէս կրօնական ազատութիւնները պաշտպանելու եւ պատմական իրականութիւնները հաստատելու անոնց կեցուածքը:
Բանաձեւներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.anca.org/return
եւ www.anca.org/endthegagrule կայքերը:
Leave a Reply