ՓՐՈՎԻՏԸՆՍ, Ռոտ Այլընտ.- Հինգշաբթի, Յունիս 9ին, Ռոտ Այլընտի նահանգային խորհրդարանը վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կը յանձնարարէ նահանգի կառավարութեան կրթական բաժանմունքին՝ տեղական վարժարաններու մէջ ցեղասպանութեան մասին դասաւանդութիւնները քաղաքացիական կրթութեան կենսական մէկ մասը դարձնել:
Նահանգային Ծերակոյտի անդամ Ճաշուա Միլըրրի ու խորհրդարանի անդամ Անասթասիա Ուիլեըմզի կողմէ պատրաստուած բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, թէ նման դասաւանդութեանց համար տեղեկութիւնները պէտք է համացանցին վրայ դրուին, որպէսզի նահանգի միջնակարգ ու երկրորդական վարժարաններու ուսուցիչները դիւրութեամբ կարենան ցեղասպանութեան մասին դասաւանդութիւններ պատրաստել:
Թիւ «2011-H 5732 A» բանաձեւին մէջ նշուած են Հրէական ողջակիզման, Հայկական Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Տարֆուրի, Ռուանտայի, Քամպոտիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեանց պարագաները աշակերտներուն ծանօթացնելու կարեւորութիւնը:
Ռոտ Այլընտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ճորճ Մանկալօ ողջունեց բանաձեւին վաւերացումը՝ աւելցնելով, թէ մարդկութեան պատմութեան սեւ էջերը նոր սերունդին ծանօթացնելու ճամբով, կարելի պիտի ըլլայ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու, ինչպէս նաեւ բոլոր ցեղասպանութիւններուն առաջքը առնելու աշխատանքները աւելի ամուր հիմերու վրայ դնել:
Ծերակոյտը այս բանաձեւին տարբերակը՝ թիւ «2011-S 0290A»ը, վաւերացուցած էր Մայիս 31ին:
Leave a Reply