8 գանատահայ երիտասարդներ երէկ 72–ժամեայ հացադուլ սկսած են Գանատայի Թորոնթօ քաղաքի մէջ։ Երիտասարդները Թուրքիոյ մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին, կը բողոքեն Թուրքիոյի կառավարութեան կողմէն իրականացուող մարդու իրաւունքներու խախտումներուն դէմ, նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման, խօսքի ազատութեան խլացման, քիւրտ եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու կեղեքումներուն դէմ, որոնք կ’ընկալուին իբրեւ երկրորդ կարգի քաղաքացիներ, եւ որոնց կուսակցութիւնները այդ երկրի մէջ արգիլուած են, անոնց առաջնորդները` բանտերու մէջ, պատրիարքարանները` փակ:
Շարժման կազմակերպիչը Գանատայի ՀՅԴ երիտասարդական միւթիւնն է:
«Մենք այստեղ ենք, եւ մենք մեզ կը զրկենք հացէն, որպէսզի կիսենք մեր նախնիներու կրած տառապանքի մէկ փոքր մասը: Հակառակ անոր, որ 96 տարի անցած է, աշխարհը, սակայն, չի կրնար մոռանալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Թուրքիոյ կառավարութիւնը պէտք է ճանչնայ եւ հաշտուի իր պատմութեան հետ, որպէսզի ցեղասպանութիւնը չկրկնուի»,– ըսած է շարժման մասնակիցներէն մէկը:
Հացադուլը կ’աւարտի ցոյցով, որ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի` Թորոնթոյի մէջ Թուրքիայի հիւպատոսութեան շէնքի դիմաց:
Ինչպէս կը հաղորդէ Asbarez.com կայքը, ցուցարարները Թուրքիոյ նորընտիր պաշտօնեաներուն հաղորդագրութիւն կ’ուղարկեն առ այն, որ գանատացիները եւ միջազգային հանրութիւնը լուռ դիտորդի կարգավիճակով հանդէս չի գար` տեսնելով, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ինչպէս իր քաղաքացիները կը զրկէ մարդու հիմնարար իրաւունքներէն եւ կը մերժէ Ցեղասպանութիւնը:
Tert.am
11.06.11
Leave a Reply