ՊՈԼԻՍ.- «Սապահ» օրաթերթը Երեքշաբթի՝ Մայիս 24ի իր թիւին մէջ լայն տեղ յատկացուցած է պոլսահայ ոսկերիչ Արտա Իշլերի մասին տեղեկատուութեան համար։ Թերթը դիտել կու տայ, որ Թուրքիա, տարուէ տարի աւելի առաջնակարգ դիրքեր կը գրաւէ բարձրորակ զարդեղէններու վաճառքի մարզէն ներս, եւ Եւրոպայէն մինչեւ Միջին ու Ծայրագոյն Արեւելք, յաճախ կը խօսուի Թուրքիոյ մէջ պատրաստուած զանազան զարդեղէններու մասին։ Այս ծիրէն ներս, պոլսահայ Արտա Իշլեր եւ իր եղբայրը՝ Սեւանը, հակառակ իրենց երիտասարդ տարիքին, մեծ համբաւի տիրացած են, եւ եբանոս )ապանոզ) ծառի փայտէն ու կարմիր ոսկիէն պատրաստած իրենց զարդեղէնները, արուեստի հազուագիւտ նմոյշներ կը հանդիսանան։ Ըստ թերթին, Արտա Իշլեր միակ վարպետն է, որ փայտի եւ ոսկիի միաձուլումով հիանալի գործեր կը պատրաստէ։
Իշլերի ձեռագործ զարդերը կը սկսին 50 կրամէն եւ երբեմն կը հասնին մինչեւ 500 կրամի։ Զմրուխտով, յակինթով եւ տպազիոնով (թոփազ) պատրաստուած մատանիներն ու մանեակները կը վաճառուին 50-150 հազար թրքական լիրայով (31էն 93 հազար տոլար)։
Արտա Իշլեր այս ասպարէզէն ներս իր առաջին քայլերը առած է 8 տարեկանին, իբրեւ աշակերտ աշխատելով իր հօր՝ Մուրատ Իշլերի քով։ Այդ տարիներուն, ան Գոց Շուկայի բազմաթիւ վարպետներու քով դասեր առած է եւ սորված ոսկերչութեան արուեստի կարեւոր նրբութիւնները։ Աւելի ուշ, իր ընդունակութիւններն ալ ի սպաս դնելով՝ ան սկսած է կեանք տալու թանկարժէք մետաղներու, արուեստի հոյակապ գործեր ստեղծելով իր աշխատանոցին մէջ։
Իշլերի գործերը ներկայիս մեծ սպառում ունին քաղաքական յայտնի գործիչներու շրջանակէն ներս։ Բացի ատկէ, Արտա Իշլեր յատուկ պատուէրով մատանիներ եւ այլ զարդեղէններ կը պատրաստէ Սուրիոյ հարուստ ընտանիքներուն համար։
Հայազգի երիտասարդ վարպետուհին իր տաղանդին շնորհիւ, աշխարհի մէջ իր նմանը չունեցող զարդեղէններ կը պատրաստէ։ Ամէնէն աւելի հիացում ստեղծած զարդեղէնն ալ «համարձակութիւն» անունով մատանին է, որուն պատրաստութիւնը 10 ամիս կը տեւէ, եւ որ կը վաճառուի 50 հազար լիրայի (31 հազար տոլար)։
Leave a Reply