Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 550 Ամեակը Պիտի Նշուի Այս Շաբաթավերջին

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի հաստատման 550ամեակը այս Շաբաթ եւ Կիրակի, Մայիս 28-29ին, պիտի նշուի գոհաբանական պատարագի մատուցումով ու կարգ մը հանդիսութիւններով: Արամ սրբազան, որ Մայիս 12ին արտասահման մեկնած էր, Միացեալ Նահանգներու ու Գանատայի մէջ Տիգրանակերտի եկեղեցւոյ նորոգութեան ի նպաստ նուիրահաւաքի համար, Չորեքշաբթի վերադարձաւ իր աթոռը։ Արամ սրբազան պիտի նախագահէ հանդիսութեանց։
Պատրիարքարանէն ստացուած տեղեկութեանց համաձայն, բազմաթիւ հիւր հոգեւորականներ այս առիթով կը ժամանեն Պոլիս։ Այսպէս՝ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Մայր աթոռն ու միաբանութիւնը ներկայացնելու կու գան հրատարակչատան բաժինի հոգեւոր տեսուչ Նաթան եպս. Յովհաննիսեան եւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան։
Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւս կը տեղեկացնէ, թէ կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը պիտի մասնակցի Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան հիմնադրութեան 550ամեակի տօնակատարութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Կորիւն արք. Պապեան եւ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան: Այս առիթով, պատարագի ընթացքին պիտի կարդացուի Արամ Ա. կաթողիկոսի Հայրապետական օրհնութեան գիրը:
Երուսաղէմի պատրիարքութեան անունով, Թորգոմ պատրիարքի տնօրինութեամբ պիտի մասնակցի միաբանական ընդհանուր ժողովի ատենապետ Սեւան արք. Ղարիպեան։
Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի միաբաններէն եւ Գերմանիոյ թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեան եւս կը մասնակցի հանդիսութեան։
Նոյն առթիւ, քաղաք կը ժամանեն պատրիարքական աթոռի բարերարներէն, նախկին պոլսահայ, այժմ լիոնաբնակ յայտնի աստղագէտ փրոֆ. Յակոբ Թերզան, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժինի վարիչ փրոֆ. Զաւէն Եկաւեան եւ ուրիշներ։
Կիրակի օրուան պատարագի ընթացքին պիտի կատարուի յատկանշական պարգեւատրութիւն մը։ Պատրիարքարանին կողմէ հիմնուած «Կոլոտ» ոսկեայ շքանշանով պիտի պարգեւատրուի նախ դոկտ. Զաւէն Եկաւեանը, որ յաճախ մեծ հիացում ու շահագրգռութիւն ցուցաբերած է պոլսահայ գաղութին նկատմամբ ու միշտ իր բոլոր կարելիութիւնները օգտագործած է համայնքին բարիքներուն ի նպաստ։ Նոյն շքանշանով պիտի պարգեւատրուի նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որ նմանապէս միշտ մօտիկ շահագրգռութիւն ցոյց տուած է մեր համայնքին նկատմամբ ու դարձած է համայնքին կողմէ սիրուած քաղաքական ու վարչական գործիչ։
Պատարագէն ետք, «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ ընդունելութիւն մը։
Նախքան Կիրակի օրուան պատարագը, Շաբաթ օր հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի երանաշնորհ պատրիարքներուն ի յիշատակ։
http://asbarez.com/arm/99714/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2011
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ