WikiLeaks կայքի գաղտնազերծած փաստաթուղթերէն մէկը կ՚անդրադառնայ ԱՄՆ պետական քարտուղարի օգանականի տեղակալ Մեթիւ Պրայզայի եւ Սթամպուլի նահանգապետի ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերով տեղակալ Ֆիքրիթ Քասապօղլուի միջեւ 9 Մարտ 2007ին տեղի ունեցած հանդիպման:
Կողմերը խօսած են ԱՄՆ Քոնկրէսի երկու պալատներուն մէջ քննարկուող Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւին մասին:
«Պրայզան ընդգծած է, որ վարչակազմը կը գործադրէ բոլոր ջանքերը, որպէսզի համոզէ Քոնկրէսը` չընդունիլ Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Ծերակոյտին մէջ քննարկուող Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը: Վարչակազմի դիրքորոշումը կը մնայ այն, որ հայ–թրքական պատմութեան մասին բացայայտ քննարկումը պէտք է տեղի ունենայ քաղաքացիական հասարակութեան ծիրէն ներս»,– Պրայզայի խօսքերը կը մէջբերէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։
Քասապօղլուն իր հերթին նշած է, որ բանաձեւի չընդունումը կարելի է հիմնաւորել հետեւեալ չորս կէտերով.
1. Տարբեր մշակոյթներու հանդէպ Սթամպուլի հանդուրժողական քաղաքականութեան աւանդոյթը` սկսեալ Օսմանեան Կայսրութենէն:
2. Հակառակ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պատմական եւ ներկայ քաղաքական լարուածութեան` աւելի քան 40.000 հայաստանցի կը նախընտրէ ապրօինի բնակիլ Թուրքիոյ մէջ:
3. Հրանդ Տինքի սպաննութեան հանրային քննարկումը նշան էր այն բանի, որ յարգանք գոյութիւն ունի մարդոց եւ տարբեր մշակոյթներու միջեւ:
4. Թուրքիոյ երիտասարդներու մեծ մասին համար դժուար է հասկնալ, թէ ինչ տեղի ունեցած է Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, եւ Ցեղասպանութեան քաղաքականացումը միայն ատելութիւն պիտի սերմանէ:
Թուրք պաշտօնեան, խօսելով Թուրքիոյ հայերուն մասին, ըսած է, որ անոնք հետզհետէ աւելի ու աւելի կ՚ըկալուին իբրեւ Թուրքիոյ հասարակութեան մաս, սակայն որոշ իրադարձութիւններ միայն կը բարդացնեն իրավիճակը:
Նահանգապետի տեղակալը համաձայնած է, որ կառուցողական չէ շարունակել ընդդիմանալ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն` պատճառաբանելով, թէ ատիկա պիտի նպաստէ ազգայնամոլութեան աճին` սպառնալով Թուրքիոյ մէջ հայկական համայնքի անվտանգութիւնը:
Ըստ թուրք պաշտօնեայի, աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ կեդրոնանալ կրօնական փոքրամասնութիւններուն հանդէպ Թուրքիոյ հանդուրժողականութեան աւանդոյթին եւ այն փաստին վրայ, որ հազարաւոր հայեր դեռ կը նախընտրեն ապօրինի կերպով գաղթել Թուրքիա:
Tert.am
26.05.11
Leave a Reply