ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Ճըրզի
Առաջին անգամ ըլլալով նման հաւաքոյթի մը ներկայ ըլլալու առիթն էր, որ ստեղծած էին տիգրանակերտցի հայերը, որոնք ոչ միայն մեծ թիւ մը կը կազմեն Նիւ Եորքի շրջանին մէջ, այլեւ` ազգային կեանքէն ներս գրաւած են բաւականին ազդեցիկ դիրքեր: Ընդհանրապէս անոնք յաջողած ազգայիններ են իրենց ասպարէզներէն ներս:
Հաւանաբար առաջին նման երեւույթ մըն էր այս հանգանակութիւնը, որովհետեւ պատմական Հայաստանի վրայ Կոստանդնուպոլսոյ Հայ պատրիարքութեան իրաւասութեան ենթակայ պատմական հայկական եկեղեցի մըն է, որ պիտի վերանորոգուի հայ եւ թուրք (քիւրտ) միացեալ ջանքերով: Տիարբեքիրի, ինչպէս այսօր զայն կը կոչեն, քաղաքապետը եւս կը բերէ մասնակցութիւն անոր վերանորոգման աշխատանքներուն, անշուշտ զբօսաշրջիկութեան հեռանկարներէ թելադրուած:
Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ պարագան բոլորովին տարբեր է Վանի Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պարագայէն, որովհետեւ Տիարբեքիրի եկեղեցւոյ տէ՛րը հայութիւնն է: Ս. Կիրակոս եկեղեցին կը դասուի Միջին Արեւելքի մեծագոյն քրիստոնեայ աղօթատեղին, որ ունի եօթը խորան: 1515-ին Ս. Թադէոս եկեղեցին մզկիթի վերածուելէն ետք, Ս. Կիրակոսը կառուցուած է անոր գերեզմանատան մէջ եւ եղածՙ առաջնորդանիստ քարաշէն հոյակապ եկեղեցի մը: Դարերու ընթացքին ընդարձակուած ու նորոգման ենթարկուած է յաճախ: Եկեղեցւոյ պատերուն վրայ կան արձանագրութիւններ կառոյցին մասին: 1915-ին, 20 մեթր բարձրութեամբ զանգակատունը, Զիլճեաններու ձուլած կոչնակով եւ իր ոսկեայ խաչով հանդերձ թնդանօթ հարուածով կը փլցուիՙ շրջակայ մզիկիթներու մինարէներէն աւելի բարձր ըլլալուն պատճառով:
Աւելի քան 350 հանդիսականներու մէջ ներկայ էին ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ հաւատարմատար Կարէն Նազարեան, ծանօթ ազգային բարերարներ Հրաչ Թուֆայեան, Սարգիս Պետեւեան, Տոքթ. Րաֆֆի Յովհանէսեան, Աթընըզեան եղբայրներ` Պոստոնէն, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ ՌԱԿ-էն` ընկեր Փանոս Թիթիզեան եւ ՀՅԴ-էն` Հրայր Պարոնեան:
Ամերիկայի Արեւելյան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան կատարեց բացման խօսքը եւ քաջալերեց ներկաները մասնակցելու նուիրահաւաքի սրբազան գործին:
Օրուան հանդիսութիւնը վարեց Հրանդ Կիւլեան, ինք եւս տիրգանակերտցի եւ այս ճաշկերոյթը կազմակերպող յանձնախումբին ատենապետը: Հրաւիրուեցաւ խօսելու Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այիք, որ տուաւ պատմականը եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ շեշտեց նման հայկական կոթողներու պահպանման կարեւորութիւնը բովանդակ պատմական Հայաստանի տարածքին, շեշտակիօրէն ցոյց տալու օտարներուն մանաւանդ` Ցեղասպանութենէն առաջ մեծ թիւով հայութեան մը ապրած ըլլալու փաստը հոն: Տեսաերիզով ան տուաւ լայն բացատրութիւններ կառոյցին, ինչպէս նաեւՙ նախաձեռնած շինարարական ծախսերուն մասին տեղեկութիւններ:
Թուրք ուսումնասիրող Օսման Քէօքէր իր կարգին ներկայացուց պատմական վաւերական նկարներով անցեալի Տիգրանակերտը, տալով բացատրութիւններ: Ան հեղինակն է ծանօթ այն ալբոմին, ուր ներկայացուցած է Օսմանեան կայսրութեան շրջանի հայկական յուշակոթողներու, ազգային հաստատութիւններու եւ հայ բնակավայրերու լուսապատկերները փոստային բացիկներու վրայ:
Խօսք առաւ նաեւ Ուաշինկթընի մօտ առաջնորդական նուիրակ Վիգէն արք. Այքազեան, որ ծանոօթացուց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը, որ այս առթիւ յատկապէս եկած էր նախագահելու հաւաքոյթը:
Աթէշեան սրբազան, ինք եւս տիգրանակերտցի, կու տայ ոդիսականը վանքին: Իր միջոցներով ու նախաձեռնութեամբ ալ ճամբայ ելած այս մեծ աշխատանքը իր լրումին պիտի հասնի յառաջիկայ տարի: Թէեւ մէկ-երկու հայեր մնացած են Տիգրանակերտի մէջ, սակայն յոյսով է, որ իսլամացած շատ հայեր պիտի վերադառնան իրենց ազգութեան եւ խոստացաւ վերաբացման եւ վերաօծման օրը 4-5 երախաներու մկրտութիւնը ընել: Յիշեց որ իր հարազատներէն քանիներ իսլամացած են եւ կ՛ուզեն վերադառնալ ազգային մեր եկեղեցիին: Յոյսով է ան, որ եկեղեցւոյ մկրտութեան աւազանը, որ տասնամեակներէ ի վեր չորցած է, դարձեալ պիտի օրհնուի միւռոնով:
Պաշտօնական յայտագրի աւարտին, տիգրանակերտցիներու կողմէ սիրուած երգիչ Օննիկ Տինքճեան եւ իր նուագախումբը հրամցուցին Տիգրանակերտի տոհմիկ պարն ու երաժշտութիւնը եւ ներկաները լեցուցին սրահը ազգային ոգիով ու շունչով: Ու այս ամէնուն հետ հրամցուեցաւ Տիգրանակերտի ազգային խոհանոցըՙ իր նշանաւոր տոլմայով:
Հպարտութեան առիթ մը ստեղծեց երեկոն տիգրանակերտցիներուն համար եւ մեզի համար ալ` ծանօթանալու Տիգրանակերտի պատմութեան:
Վստահաբար, յառաջիկայ տարի Տիգրանակերտը պիտի դառնայ ժամադրավայրը բոլոր անոնց, որոնք կ՛ապրին արտասահման, ներկայ ըլլալու Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաօծման հոգեպարար արարողութեան:
«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #91
20-05-2011
Leave a Reply