«Կարտիըն» շաբաթաթերթը լուսարձակի տակ առած է Պոլսոյ «Տեփօ» արուեստի կեդրոնին մէջ բացուած հայ լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեանի ցուցահանդէսը՝ «Այրող աչքեր», որ պիտի շարունակուի մինչեւ Յունիսի սկիզբը:
Թերթը կը գրէ, թէ ցուցահանդէսին մէջ կը ցուցադրուին 96 լուսանկարներ, այսինքն՝ մէկական նկար՝ Հայկական Ցեղասպանութենէն մինչեւ այսօր անցած իւրաքանչիւր տարուան համար, իսկ ցուցահանդէսը բաժնուած է հինգ մասերու՝ ներկայացնելով Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած ու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայկական նկատուող հինգ նահանգները՝ Վան, Էրզրում, Պիթլիս, Տիարպեքիր եւ Խարբերդ:
Ըստ թերթին, լուսանկարողը թոռնիկն է Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու. ան 15 տարիներու ընթացքին Սփիւռքի տարածքին Ցեղասպանութեան հետեւանքները քննած է իր ոսպնեակով:
http://asbarez.com/arm/98930/
Պոլսոյ Մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան Առնչուող Ցուցահանդէս
•
Leave a Reply