Ցեղասպանութեան Յուշարձան Տիգրանակերտի՞ Մէջ

 

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը կը գրէ, թէ Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի հետ քանի մը օր առաջ տեսակցութիւն ունեցած լրագրողներէն մէկն էր «Արմէնիա Նաու» համացանցային թերթի թղթակիցը, որ գրած է, թէ Պայտեմիր դէմ չէ, որ Տիգրանակերտի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան մը կանգնեցուի։

Պայտեմիր ըսած է նաեւ, որ նոր սերունդը տեղեակ չէ «1915ի դէպքերէն»։ Ըստ «Արմէնիա Նաու»ի, Պայտեմիր նաեւ ըսած է, որ դէմ չէ Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու ջանքերուն, սակայն աւելցուցած է, թէ ինք վստահ է, որ նոյնիսկ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը պիտի չկրնայ լուծել հայերու եւ թուրքերու միջեւ առկայ 1915ի կնճռոտ հարցը։

http://asbarez.com/arm/98451/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2011
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ