ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան ցեղապաշտութեան եւ անջատողականութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը Հինգշաբթի, Մայիս 5ին մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպեց, Ապրիլ 24ին Պաթմանի Գոզլուք շրջանին մէջ սպաննուած հայազգի զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքճըի մահուան առթիւ, եւ պահանջեց, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու հրամանատարութիւնը հրապարակէ այս «կասկածելի» մահուան բոլոր մանրամասնութիւնները։
Ասուլիսին կը մասնակցէր փաստաբան Էրեն Քեսքին, որ պահանջեց սպայակոյտի նախագահութենէն, Սեւակի ընտանիքին անհանգստութիւնները նկատի ունենալով ու գործուած յանցանքը իբրեւ մարդկութեան դէմ գործուած յանցանք նկատելով՝ քննարկումի նիւթ դարձնել զայն:
Պալըքճը ընտանիքի փաստաբան Ճեմ Հալավուրթ յայտնեց, թէ փաստեր չկան այն մասին, որ Սեւակն ու ոճրագործը՝ Քըվանչ Աղալօղլու, մտերիմ ընկերներ եղած են, ինչպէս նախապէս հաղորդուած էր, հաւանաբար արկածին վարկածը արմատաւորելու նպատակով:
Սեւակի ընտանիքն ու փաստաբան Հալավուրթ անցեալ Կիրակի Պաթման մեկնած էին եւ Գոզլուքի ոստիկանական պահակակէտին մէջ քննութիւններ կատարած: Փաստաբանը ըսաւ, որ իրենց կասկածները աւելցած են այցելութենէն ետք, եւ կան բացատրութեան կարօտ հետեւեալ կէտերը.
– Ոստիկան զօրաց հրամանատարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, Սեւակը մետաղեայ փշաթելեր հիւսող խումբի մէջ էր, իսկ Աղալօղլու փշաթելեր հաստատողներուն մօտ հերթապահութիւն կ՛ընէր։
– Աղալօղլու կը պնդէր, թէ հիմնաւոր պատճառ չկայ, որ հրամանատարները յանձնարարած ըլլային զինուորներուն լեցնել իրենց հրացանները։
– Սեւակն ու Քըվանչ Աղալօղլու մտերիմ ընկերներ չէին։
– Սեւակի յուղարկաւորութիւնը վերածուեցաւ մարտունակութեան ցուցադրութեան եւ թրքացումի հանդէսի։
– Սեւակի ոճրագործին անունը օրեր շարունակ չհրապարակուեցաւ։ Ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակուած տեղեկատութեանց համաձայն, Քըվանչ Աղալօղլու «իւլքիւճիւներու» (ազգայնամոլ «Գործ Գայլեր»ու) գաղափարներուն համակիր էր։
Նոյն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հաղորդուեցաւ, որ այսպիսի կասծակելի մահերով իրենց կեանքը կորսնցուցած են աւելի քան 500 զինուորներ։ Բացի ատկէ, փոքրամասնութիւններու դէմ թշնամութիւնն ու ատելութիւնը՝ փողոցի մարդէն սկսեալ մինչեւ պետական մակարդակի վրայ, բաւական տարածուն են երկրին մէջ։ Վերջին տարիներուն, Թուրքիա թատերաբեմ դարձաւ ոչ-իսլամ ծագումով հայրենակիցներու սպանութեան։ Բոլոր այս իրողութիւնները նկատի ունենալով՝ Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան միութիւնը պահանջեց, որ թափանցիկ եւ արդար հետաքննութիւն մը կատարուի եւ մանրամասնութիւնները հրապարակուին։
http://asbarez.com/arm/98260/
Leave a Reply