Ցեղասպանութեան Մասին Թալիաթի Տեղեկագիրին Նուիրուած Հատոր

ԼՈՆՏՈՆ.- «Կոմիտաս» հիմնարկը լոյս ընծայած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը գործադրած թուրք ղեկավարներէն Թալիաթ փաշայի՝ վերջերս յայտնաբերուած տեղեկագիրն ու նախապէս յայտնաբերուած փաստաթուղթերուն հաւաքածոյ մը, որոնք կ՛առնչուին Ցեղասպանութեան: «Հայկական Ցեղասպանութեան մասին Թալիաթ փաշայի տեղեկագիրը, 1917» («Talaat Pasha’s Report on the Armenian Genocide, 1917») խորագիրով հատորը խմբագրած է եւ անոր նախաբանը հեղինակած պատմաբան Արա Սարաֆեանը:

Հակառակ այն իրողութեան, որ Օսմանեան կայսրութեան արխիւներուն մէկ կարեւոր մասը գաղտնի կը պահուի Թուրքիոյ իշխանութեանց կողմէ, բացայայտուած արխիւները բաւարար փաստեր ունին հաստատելու Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը. այս հատորին մէջ յստակօրէն ցոյց կը տրուի, թէ այդ օրերու օսմանեան իշխանութիւնը ինչպէս կազմակերպած էր Ցեղասպանութիւնը՝ տեղահանութիւններու շղարշին ներքեւ:

Ըստ Թալիաթի տուեալներուն, 1,150,000 հայեր «անհետացած են 1915-1917ի միջեւ»:

Գիրքէն օրինակ մը ապահովելու համար, դիմել books@gomidas.org հասցէին կամ այցելել www.gomidas.org/books/index.htm կայքէջը:

http://asbarez.com/arm/98258/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2011
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ