Սեւակ Շահին Պալըքչըն Սպաննուած է Թուրք Ազգայնականի Ձեռքով. «Ֆըրաթ»

Հայ զինուորական ծառայող Սեւակ Շահին Պալըքչըն զոհուած է Քըվանչ Աղաօղլու անունով թուրք զինուորի արձակած գնդակէն։ Այս մասին կը տեղեկացնէ քրտական «Ֆըրաթ» գործակալութիւնը՝ նշելով, որ մինչեւ այս պահը թուրք զինուորի անունը չէր հրապարակուեր։

Լրատուամիջոցին փոխանցմամբ՝ Քըվանչ Աղաօղլուն տարուած է ազգայնական գաղափարներով, որուն մասին կը վկայեն ՝ Facebook հասարակական ցանցի մէջ թուրք զինուորական ծառայողի զետեղած ազգայնական բովանդակութեամբ հրապարակումները։

Յիշեցնենք, որ Սեւակ Շահին Պալըքչը զոհուած է Ապրիլ 24ին Պաթմանի Քոզլուք շրջանի ժանտարմերիայի զօրամասին մէջ։ Ըստ պաշտօնական վարկածին՝ ան մահացած է իր ծառայակիցի կողմէն ինգնաձիգէն պատահաբար արձակուած գնդակէն ստացած ծանր մարմնական վնասի հետեւանքով։

Սակայն, աւելի ուշ, մամուլի մէջ տեղեկութիւններ յայտնած էին այն մասին, որ Պալըքչը ծառայութեան ընթացքին ծեծի ենթարկուած է իր հրամանատարին կողմէ։ Զօրամասին մէջ նոյնիսկ սպառնացած են այրել զինք։

04.05.11

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2011
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ