Ցեղասպանութեան Թանգարանը Ցուցադրութիւններ Կը Կազմակերպէ Մեծ Մայրաքաղաքներու Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Դեկտեմբեր 27ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան յայտարարած է, թէ «Այս տարի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչել եւ դատապարտել է Շուէտիան: Ճանաչել է այն ժամանակ, երբ հայ-թուրքական ստորագրուած արձանագրութիւնները ակտիւ փուլում էին: Սա վկայութիւն է այն մասին, որ այս գործընթացը չի կարող առկախուած լինել որեւէ գործընթացից կամ փաստաթղթից»։

Դեմոյեան կարեւոր համարած է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ու բանաձեւերուն ընդունումը խորհրդարաններուն կողմէ, բայց ան այդ բոլորը կը դիտէ իբրեւ վերնաշէնքային խնդիր: Ըստ անոր, հիմնարար խնդիրը Ցեղասպանութեան թեմայի մանրակրկիտ եւ գրագէտ մատուցումն է իւրաքանչիւր հասարակութեան: Այդ նպատակով, Հ. Դեմոյեան տեղեկացուցած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը գալիք 3 տարիներուն ընթացքին կը նախատեսէ կազմակերպել բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ շարժական ցուցադրութիւններ՝ աշխարհի մեծ մայրաքաղաքներու մէջ, միաժամանակ կը նախատեսէ կազմակերպել դասախօսութիւններ, գիտաժողովներ, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ գրահրատարակչութիւն:

«Եթէ կարողանանք հասարակութեան ու պետութեան ներսում լուրջ, գրագէտ, գիտական առումով անխոցելի մատուցենք խնդիրը, ապա հասարակութիւնը կը հասկանայ, թէ ինչո՛ւ իր երկրի խորհրդարանը, առաջին դէմքն անդրադառնում է Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնահարցին», նշած է Հ. Դեմոյեան:

Ինչ կը վերաբերի ԱՄՆ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, ան նախ յայտնած է, թէ Թուրքիան ՆԱԹՕի անդամ երկիր է ու ԱՄՆի ռազմավարական դաշնակիցն է, միաժամանակ աւելցնելով, որ եթէ ԱՄՆի արտաքին քաղաքականութեան անհրաժեշտ է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւ ընդունիլը, ապա անիկա, առանց հայկական լոպիիստական խումբերու, օրակարագ կը բերուի եւ արագօրէն կը ճանչցուի:

Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուած եւ դատապարտուած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու եւ ազդեցիկ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ:

http://asbarez.com/arm/89096/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2010
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ