Վահէ Սամուէլեան
Կը նուիրեմ Կոմիտասի 140 ամեակին
Դեկտեմբեր 3-ի ուշ գիշերին, հետևեցայ Շանթ հեռուստակայանի ՙհորիզոն՚ հաղորդումին, որ ուղիղ եթերով կապուած էր Մոսկուայի, Լոս-Անճելոսի և Պէյրութի հետ, հրատապօրէն քննարկելով Կոմիտասի երաժշտական աւանդը: Ձեռնարկի ղեկաւարն էր Նվեր Մնացականեանը, հետաքրքրական բովան-դակութեամբ ՙհեռանկար՚ծրագրի հեղինակ խօսնակը:Ան իր քրքրող հարցադրումներով կը դիմեր մասնագէտ երաժիշտներուն, որոնք ընդլայնուելով իրենց մեկնա- բանութեանց մէջ, յաճախ ժխտական դիրքով կը դրսևորէին երիտասարդ երաժիշտներու արդիական գործունէութիւնը, ամբաստանելով որ անոնք թրքական երաժշտութեան ընդօրինակողներ են:
Երաժշտագէտ չեմ, ընթերցումներէս և յատուկ ինծի պատմուածի մը դէպքէն կողմնորոշուած եմ, որ թուրքը ուրոյն երաժշտութիւն չունի, տարիներ առաջ իրանահայ երաժիշտ մեկնաբան Շահան Արծրունին Հալէպ տուած մէկ դասախօսութեան առթիւ յիշեց, որ թուրքն ալ ունի իր երաժշտութիւնը, միաձայն, միապաղաղ, նոյնաոճ, անհրապոյր ՙթիւրքիւ՚-ները: Յստակ է, որ տարբեր բան մը չէր կրնար ըլլալ ՙկէոչէպէր՚ (քոչուոր) ժողովրդի մը անդէմ արուեստը, ի մասնաւորի երաժշտութիւնը, հետևաբար միշտ հարց կուտամ ինքզինքիս, որ արդի հայ երաժիշտը ի՞նչ չափերով կը քաղէ թրքական աղքատ երաժշտութենէն, որ հրապուրէ հայ ունկնդիրին:
30-տարիներ անց կուզեմ գրի առնել վերև յիշածս յատուկ պատմութիւնը, անցած տարիներուն զրոյցներու ընթացքին խուսափած եմ պատմողի անունը տալու, այդպէս պատուիրուած էի, այժմ հերոսը երկինքի մէջ անմատչելի է որևէ թրքական վտանգի դէմ:
Կը կարծեմ հանրածանօթ է Պոլիս յիսուն տարի անխաբան հրատահակուած ՙՔուլիս՚ թատերական շաբաթաթերթի տէր և տնօրէն Յակոբ Այվազը: Նուաստս յիշեալ թերթի ներկայացուցիչն էի, մեր հանդիպումները Հալէպ-Պոլիս մտերմութիւն յառաջացուցած էին մեր միջև: Հալէպ տանս մէջ մտերիմ մէկ պահուն զրոյց եղաւ Կոմիտասի մեծութեան` Պոլսոյ մէջ երգչախմբային գործունէութեան մասին, և յատուկ տառացիօրեն ըսաւ. ՙԹուրք երաժշտական վերնախաւը շատ լաւ կը ճանչնայ Կոմիտասին: Օր մը խմբագրատանս մէջ, տարուած ընթացիկ գործերովս, գրառումներ կընէի: Յանկարծ անսպասելի ուժեղ թափով ներս մտաւ հանրածանօթ վերնախաւի թուրք երաժիշտ մը` գոռալ (ափսոս անունը չեմ յիշեր), անորոշ հասցէի հայհոյանքով բացականչեց. ՙԱ~խ…ինչ ընեմ հայերուդ, նորէն հացս խլեցիք ձեռքես՚: Շտապ ընդառաջեցի, աթոռս առաջարկեցի` դիմելով իրեն. ՙԿինէ նէ՞ օլմուշ էֆէնտիմ՚ (Նորէն ի՞նչ եղեր է, տէր իմ): Տաք սուրճը պատրաստ էր, մի քանի ումպ առնելէ ետք` մի քիչ հանգստացած պատմեց հետևեալը:
Այդ օրերու Թուրքիոյ ներքին գործոց և մշակոյթի նախարարները պետականօրէն ծրագրուած փլանի մը շուրջ խորհրդակցական հանդիպումի հրաւիրեր են Անքարայի նշանաւոր ընտրեալ մասնագէտ երաժիշտները` 4 թէ 5 հոգի, որոնցմէ մէկն է այս պատմութեան հերոսը: Յիշեալ նախարարները, խիստ զգուշացնելով երաժիշտները, որ խորհրդապահական պէտք է ըլլան ծրագրի իրագործման ընթացքին` խոստացան անսպասելիօրէն առատ վարձահատուցում իւրաքանչիւրի աշխատանքի դիմաց, բոլոր ընթացիք ծախսերը կանխիկ հոգալու պատրաստակամութեամբ: Ծրագիրն էր, որ յիշեալ մասնագէտ երաժիշտները, իւրաքանչիւրը նշանակուած մասնաբաժինով, արշաւեն և շրջեն Արևելեան Թուրքիա (Պատմական Հայաստան) և հաւաքեն ու գրանցեն թրքական ժողովրդային երաժշտութեան ակունքները` իբր օրինակ ուղեցոյց յիշատակելով Կոմիտասը: Ծրագիրը ի գործ կը դրուի. մէկ տարուայ արդիւնքը կը փոխանցուի նախարարութեանց, լուռ ժամանակամիջոցէ մը ետք շտապ կը կանչուին ըստ այնմ գործող երաժիշտները, հարցը կը փակեն խիստ ազդարարութեամբ, որ պէտք է ջնջել ամբողջ հաւաքուածները, ձայնագրութիւներն ու գրառումները, քանի որ աշխատանքի պտուղը եղող թուրք ժողովրդական երգի հիմքը հայկական է:
Հետևաբար Յակոբ Այվազի այցելու երաժիշտը, իր մաղձը թափելով, կափսոսար, որ աննախադէպ շահի աղբիւր մը կորսնցուց հայերու պատճառաւ:
Ի՞նչ պէտք է եզրակացնել այս պատմութենէն. թուրքը դարերու ընթացքին կողոպտած և իւրացուցած է մեր ազգային արժէքները, հասած է քաղաքակրթութեան այն աստիճանին, որ ինքզինքը կը դասէ Եւրոպայի հաւասարակից: Մեր անզօր ընդդիմութիւնը ի վիճակի չէ աշխարհի դիմաց վար առնելու թուրքի կեղծ դիմակը:
Առօրեայ ընթերցումներուս հայրենի մամուլի ծրագրին մէջ ուշագրաւ են երեք թերթեր` ՙՁայն համշենական՚, ՙԳարդմանի կանչ՚ և ՙՀանրապետական՚, իւրաքանչիւրը իւրայատուկ բովանդակութեամբ կը մղեն ընթերցողին մտածելու մեր ընելիքներու մասին: Ամեն անգամ կը հասնիմ նոյն եզրակացութեան, որ անհրաժեշտ է անյապաղ կազմակերպել և հիմնել թրքերէնով հաղորդումներու հեռուստակայան` սփռելով ամբողջ աշխարհին, որուն կարելիութիւնը ունին հայկական չորս կայաններ` Հ 1, Արմենիան, Շանթ և Երկիր:
Տարիներէ ի վեր այս նպատակի յաջողութեան համար ըրած ջանքերս ու հրապարակումներս ապարդիւն մնացին, թէև ոչ մէկ ժխտական միտք մերժեց ծրագիրը, բայց այնուամենայնի գաղափարը մնաց պարապութեան մէջ: Կը հաւատամ, որ հայրենի պետական նախաձեռնութիւնը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը, Համայն Ռուսիոյ համահայկական գոնկրեսը և Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոն, իւրաքանչիւրը առանձին ի վիճակի է գործը գլուխ հանելու, ապա այս չորս մարմինները եթէ կարենան համերաշխ գործակցիլ ծրագրի իրագործմամբ, համաշխարհային ուշադրութեան արժանի յաջողութեան կհասնինք:
Այժմեան թրքագէտները կը բավարարեն գործը սկսելու, յետագայ մղումով ի վիճակի ենք թրքագէտներու` ի մասնաւորի օսմանագէտներու բանակ մը կազմելու, որոնք կը մերկացնեն արդի հայատեաց թուրքը իր կեղծ պաճուճեալ տեսքեն:
Փոքր օրինակ մը մէջբերեմ: Ախթամարի Սուրբ խաչ եկեղեցւոյ միամեայ արտոնութեամբ պատարագը թրքական անհեռատես բեմադրութեամբ բացայայտեց ծպտեալ տասնեակ մը հայերու աղմուկը, իսկ երբ գործէ ամենօրեայ կանոնաւոր հայկական հեռուստակայանը թրքերէնով, ի՞նչ պիտի ըլլան արդեօք միլիոնաւոր համշենահայերու, բռնի թրքացած և ծածուկ հայերու հակադարձը, Զազաներու խառնուած և Ալաուիացած հայերու զանգուածը: Մեզի`հայերուս ՙխալօ՚ (քեռի) ըսելով դիմող աշխարհասփիւռ միլիոնաւոր քիւրտերու դիրքը:
Սիրելինե’ր, ճիշտ է, դժուար է առաջին քայլը, բայց խրախուսիչ է հեռանկարը. կարևորը կամքի դրսևորումն է, անջինջ հաւատով ձեռնարկելը: Վստահ եմ` կարճ ժամանակի մէջ կը յաղթահարուին դժուարութիւնները: Եկեք համեմատենք ՙՇանթ՚-ի հեռուստահաղորդումներու տասնամեայ ուղին, թափանցիկ բիւրեղութեամբ կը տեսնենք յաջողութիւնը:
Ընդունեցէք այս քայլս իբր հերթական կոչ:
Օն առաջ:
Երևան-Հալէպ 2010
Leave a Reply