ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Պերլինի մէջ բացումը կատարուած է «Պերլինեան բացայայտում, հիթլերեան պատերազմէն պահպանուած արուեստի նմուշներ» խոaրագրեալ ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած են Գերմանիոյ մէջ նացի վարչակազմէն պահպանուած արուեստի նմուշներ։
Այս կապակցութեամբ, ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» ազդեցիկ օրաթերթը կը գրէ. «Այս ցուցահանդէսը ներկայիս Գերմանիոյ անկեղծ փափաքն է դէմ յանդիման գալու սեփական պատմութեան ցաւոտ անցեալին հետ։ Ողջակիզմուի ճանաչումը եւ սեփական անցեալի համար պատասխանատուութիւնը ճամբայ հարթեցին Գերմանիոյ համար դէպի պատուաւոր ապագայ»։
Օրաթերթը կը շեշտէ, որ ներկայիս, 1915ին Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան համար պատասխանատուութենէ խուսափող Թուրքիոյ հանրապետութիւնը պէտք է Գերմանիոյ օրինակին հետեւի։
http://asbarez.com/arm/88346/
Leave a Reply