ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆՊԱՏԱՍԽԱՆԸՀՐԱՀԱ՞ՆԳԷՐ, ԹԷՅԱՆՁՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Իսթանպուլի Կուսակալութենէն հասնող պատասխանը, ըստ որու ընտրութիւն չէինք կրնար ընել, քանի որ Պատրիարքը ողջ էր տակաւին, եւ թէ միայն Պատրիարքական Փոխանորդ մը կրնայինք ընտրել, մեծ զարմանք պատճառեց մեզի: Պետութիւնը Մեսրոպ Սրբազանին իրաւո՞ւնքը կը պաշտպանէր արդեօք՝ ընտրութիւնը մերժելով, Պետութիւնը թագաւորէն աւելի թաւաւորապա՞շտ կը դառնար՝ Մեսրոպ Սրբազանը պաշտպանելով, թէ ոչ Պետութիւնը յանկարծ սկսած էր մտածել, թէ այս կերպով կրնար լուծել Կրօնական Ժողովի ու Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմնի միջեւ ծագած հակամարտութիւնը:
Կը կարծենք, թէ այսպիսի անակնկալ նոր հրահանգի մը դիմաց Կրօնական Ժողովը պէտք է առարկէր եւ Պետական շրջանակներուն պէտք է դիտել տար, որ համայնքը պատրիարքական ընտրութիւն ընել կ’ուզէ անպայման: Կուսակալութենէն հասնող փաստաթուղթը հրահա՞նգ էր, թէ ոչ յանձնարարութիւն, ցուցմունք, թելադրութիւն: Չենք գիտեր: Բայց նոյնիսկ եթէ կտրուկ հրահանգ էր եւ ոչ թէ յանձնարարութիւն, Կրօնական Ժողովը պէտք է առարկէր, պէտք է բացատրէր, թէ այս լուծումը լուծում չէ իրականութեան մէջ:
Այդպէս չըրաւ: Զարմանալով զարմացանք, երբ տեսանք, որ Արամ Սրբազան, քսանըչորս ժամուան մէջ Եկեղեցական Համագումար կայացնելով, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի ընտրութեան ձեռնարկեց: Համագումարն ալ զինքը ընտրեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ:
Մինչեւ վերջ հարց պիտի տանք, թէ Արամ Սրբազան, ինչո՞ւ այսքան շուտ ու առանց լայն գետնի վրայ համայնքին կարծիքը շօշափելու, ընդունեց Կուսակալութեան հրահանգը եւ անորոշ հեռաւոր թուականի մը ղրկած եղաւ Պատրիարքական ընտրութիւնը: Շատեր պիտի ըսեն ու արդէն մինչեւ հիմա կ’ըսեն, որ Կուսակալութենէն հասնող հրահանգը Արամ Սրբազանին գործին եկաւ, այս պատճառաւ ան անմիջապէս ընդունեց: Իսկ Արամ Սրբազան այսօր մեզի կը յայտնէ, թէ ինք առաջին մէկ օրէն ուխտած էր լիիրաւ Պատրիարքի ընտրութեան չձեռնարկել, որքան ատեն որ ողջ է Մեսրոպ Սրբազան: Ասիկա իրեն համար սրբազան պարտականութիւն ու երախտագիտական պարտք կը նկատէր: Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութիւնը այդ ուխտը չէր դրժեր, բայց նոր Պատրիարքի մը ընտրութիւնը այդ ուխտը կը դրժէր, որովհետեւ նոր Պատրիարք ընտրել կարելի չէ՝ առանց պաշտօնազրկելու Մեսրոպ Պատրիարքը: Եւ քանի որ մեր մէջէն իսկ արգելք ստեղծած էին Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու առաջարկին, ինք ալ կը յօժարէր Պետութենէն հասնող հրահանգին ու կը ձեռնարկէր Ընդհանուր Փոխանորդի ընտրութեան:
Թէ Մեսրոպ Սրբազանի նկատմամբ իր ուխտին հաւատարիմ կը մնայ Արամ Սրբազան, գովելի է: Թէեւ ամբողջ համայնքի մը ճակատագիրը մէկ անձի ուխտին համաձայն չի ձեւաւորուիր, բայց ըսենք, որ գովելի է Արամ Սրբազանին հաւատարմութիւնը: Միայն թէ հոս պէտք է յիշեցնենք, որ Արամ Սրբազան միշտ կրնար իր ուխտին հաւատարիմ մնալ՝ առարկելով Կուսակալութեան հրահանգին դէմ ու դարձեալ պնդելով Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեան տարբերակին վրայ: Ատիկա չըրաւ: Եթէ ինք այս կապակցութեամբ ունէր շատ լուրջ պատճառներ, չենք գիտեր, բայց մեր կարծիքով ատիկա սխալ էր: Այստեղ մենք պիտի դժուարանանք ընդունելու նաեւ այն վարկածը, թէ Արամ Սրբազանին գործին եկաւ Կուսակալութենէն հասնող հրահանգը: Հարցնենք անգամ մը, թէ իսկապէս գործին կուգա՞ր արդեօք: Չմոռնանք, որ Արամ Սրբազան Պատրիարքական Աթոռի երեք թեկնածուներէն մէկն էր ու այդ թուականին հաւանաբար ամէնէն ուժեղ թեկնածուն էր, եթէ պայքարէր Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեան համար ու յաջողութիւն արձանագրէր Պետութեան դիմաց, այն ատեն շատ մեծ հաւանականութեամբ ա՜ն էր, որ պիտի բազմէր Պատրիարքի Աթոռին վրայ: Երբ Պատրիարք ընտրուելու հաւանականութիւն կար, ինչո՞ւ գոհանար Պատրիարքական Փոխանորդի տիտղոսով:
Բայց ցնցիչ իրականութիւնն այն է որ Արամ Սրբազան իսկապէս եւ շատ շուտ յօժարեցաւ Կուսակալութեան հրահանգին ու ակամայ դարձաւ այսօրուան տագնապին մեղադրեալներէն մէկը, մինչ Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմինն էր, որ պէտք է նկատուէր այս տագնապին գլխաւոր պատասխանատուն:
Շարունակելէ առաջ՝ կրկին քանի մը խօսք պիտի ունենանք Աթոռակից Պատրիարքի առաջարկին մասին: Մենք առաջին օրէն կողմնակից էինք Աթոռակից Պատրիարքի դրութեան հաստատման, նոյնիսկ, որքան որ գիտենք, առաջին անգամ մենք էինք, որ այս թերթին մէջ խմբագրական հրատարակեցինք՝ Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրելու առաջարկով: Գտնուեցան անձեր, որոնք մեզ նախատեցին, մեր հասցէին զրպարտութիւններ ըրին՝ Աթոռակից Պատրիարքի գաղափարին դէմ գալով: Բայց ահա հիմա նոյնը ընել կը ցանկան Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի շրջանակէն ներս, որպէսզի Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրուի ծերունազարդ Թորգոմ Պատրիարքին քով: Երուսաղէմի Աթոռը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս Աթոռներու կարգին վրայ երրորդն է, այսինքն՝ մեզմէ առաջ կուգայ, մեզի նկատմամբ՝ նախամեծար Աթոռ է: Եթէ նախամեծար Աթոռի մը պատասխանատուները յարմարագոյն լուծում կը նկատեն Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութիւնը, մենք ինչո՞ւ չկարենայինք նոյնը ընել: Երուսաղէմ հիմա նոր կանոնագրութիւն պիտի պատրաստէ Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեան համար: Մենք ալ անոնցմէ առաջ չէի՞ք կրնար ընել նոյնը: Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանցի միաբանները այս կերպով կը յարգեն Թորգոմ Սրբազանի հեղինակութիւնն ու հանգամանքը, մենք ալ նոյն կերպով յարգած չէի՞նք ըլլար Մեսրոպ Սրբազանին բարոյական հեղինակութիւն ու հանգամանքը: Այժմ Երուսաղէմը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի իրականացնէ Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրելու ծրագիրը: Իսկ մենք պիտի գոհանա՞նք Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդով: Ծիծաղելի չե՞նք դառնար մեր այս անճարակութեամբ:
Ահա թէ ինչու այստեղ մեր առաջին ու, աւելի վերջ ալ, մեր վերջին խօսքը պիտի ըլլայ Պատրիարքական ընդհանուր Փոխանորդ Գերշն. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Սրբազանէն խնդրել, որ վերանայի իր ու Եկեղեցական Համագումարի որոշումին ու Փոխանորդի իր հանգամանքը յամառօրէն ծառայեցնէ Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը վերակենդանացնելու ազգաշահ նպատակին:
Բայց դեռ ըսելիք ունինք:
(Յօդուածաշարքի նվերջին երկու յօդուածները` Երկուշաբթի ու Երեքշաբթի)
Ռ. Հ.
http://www.normarmara.com/marmara.htm
Leave a Reply