ԿՐՕՆԱԿԱՆԺՈՂՈՎԸԻՆՉՈ՞ՒԱԶԴՈՒՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՑՈՅՑՉՏՈՒԱՒԸՆՏՐԱԿԱՆՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿՄԱՐՄՆԻՆ
Օգտակար պիտի ըլլայ անգամ մը եւս յիշել,, թէ խնդիրը ինչպէս հասաւ այսօրուան անփառունակ վիճակին: Երբ յայտնի դարձաւ, որ Մեսրոպ Պատրիարքի հիւանդութիւնը լուրջ էր, եւ թէ Նորին Ամենապատուութիւնր այլեւս ի վիճակի պիտի չըլլար Պատրիարքի իր պաշտօնը կատարելու, ստեղծուեցաւ սպասումի ու տատամսումի շրջան մը, բայց վերջապէս Կրօնական Ժողովը շարժման անցաւ, նիստ գումարեց ու ընդունեց որոշում, որով նախ՝ յայտարարուեցաւ, որ Մեսրոպ Պատրիարք ցկեանս Պատրիարք կը նկատուէր, յետոյ հրապարակուեցաւ, որ Կրօնական Ժողովը կ’որոշէր ընտրել Աթոռակից Պատրիարք մը: Աթոռակից Պատրիարքը Պատրիարքական Աթոռը պիտի բաժնէր Մեսրոպ Պատրիարքին հետ եւ իրականութեան մէջ գործնապէս ստանձնած պիտի ըլլար Պատրիարքական պաշտօնի բոլոր հրամայականները: Ճիշդ է, որ Աթոռակից Պատրիարքի դրութեան նախընթաց մը չէինք ունեցած՝ որպէս Պոլսոյ Աթոռ, բայց այսպիսի պարագայ մըն ալ բնաւ չէր ստեղծուած անցեալի մէջ: Հիմա, եթէ կ’ուզէինք իր անբախտ ճակատագրին մէջ յարգել Մեսրոպ Պատրիարքը ու զայն մինչեւ իր վերջին շունչը պահել իր Պատրիարքի հանգամանքին մէջ, լաւագոյն միջոցն էր Աթոռակից Պատրիարքի մը ընտրութիւնը: Թերեւս այս խնդրին մէջ առաջին լուրջ սխալը այն եղաւ, որ Կրօնական Ժողովը անմիջապէս չձեռնարկեց կանոնագրութեան մէջ այսպիսի դրութիւն մը ներմուծելու աշխատանքի մը: Աթոռակից Պատրիարքի ընտրութեան դէմ եկողները միշտ իրենց պնդումները հիմնեցին այն վարկածին վրայ, թէ կանոնագրութեան մէջ Աթոռակից Պատրիարքի դրութիւն չունինք: Ասիկա ճիշդ է, բայց կրնանք մտածել, որ ասիկա այնքան ալ անյաղթահարելի դժուարութիւն չէր, այսինքն՝ կարգը կանոնագրութիւնը փոխելու ալ կրնար գալ, ու այդ ալ կը կատարուէր, եթէ Կրօնական Ժողովի ու աշխարհականներու կողմէ ընտրուած Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմինը Պատրիարք ընտրելու համար անջատ ու ինքնագլուխ նոր դիմում մը կատարելու անհաւատալի սխալը չգործէր:
Պէտք է տեսնենք ճշմարտութիւնը: Այսօրուան դժուար սրբագրելի կացութեան առաջին պատասխանատուն Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմինն է: Նախաձեռնարկ Մարմինը, որ հոգեւորականներու ու աշխարհականներու կողմէ հրաւիրուած էր, որպէսզի կարգադրէ Աթոռակից Պատրիարքի մը ընտրութիւնը, հաւանաբար ականջ տալով իր երկու փաստաբան անդամներու ցուցմունքներուն, լռելեայն անտեսեց Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու ուղղութեամբ իրեն յանձնուած պարտականութիւնը եւ ինքնագլուխ կերպով Կուսակալութեան նոր դիմում կատարեց, որպէսզի պահանջէ Պատրիարք ընտրելու արտօնութիւն: Պատրիա՜րք, այլ ոչ թէ Աթոռակից Պատրիարք:
Մենք անձնապէս մինչեւ այսօր կը զարմանանք, որ Պատրիարքական Նախաձեռնարկ Մարմնի անդամակցող այնքան բանիմաց, այնքան արժէքաւոր ու ծառայասէր սիրելի անձեր ի՞նչպէս կրցան գրաւել այսքան անսովոր դիրքաւորում: Քանիցս գրեցինք, այս անգամ ալ պարտաւոր ենք գրելու: Նախաձեռնարկ Մարմնի յարգելի անդամները, եթէ սխալ կը գտնէին Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու առաջարկը, սկիզբէն կրնային մերժել այդպիսի պարտականութիւն մը ստանձնելը, կամ եթէ վերջէն անդրադարձան, որ ատիկա սխալ էր, կրնային հրաժարիլ ու պաշտօնը վերադարձնել: Բայց իրաւունք չունէին ցատկելու Կրօնական Ժողովի կողմէ ընդունուած որոշումին ու իրենց յանձնուած պարտականութեան վրայէն: Այս խնդրին մէջ մեր անձնական կարծիքն այն է, որ ծանր պատասխանատուութիւն ունին երկու փաստաբանները: Նախաձեռնարկ Մարմինը անհասկնալի անհնազանդութեան ու շեղումի մը օրինակը տուաւ՝ ինքնագլուխ կերպով Կուսակալութեան նոր դիմում կատարելով եւ ջրելով Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու ուղղութեամբ Կրօնական Ժողովին կողմէ ընդունուած որոշումը:
Բայց կայ անհասկնալի ուրիշ կէտ մըն ալ: Իր կարգին Կրօնական Ժողովը ինչո՞ւ ազդու հակազդեցութիւն ցոյց չտուաւ Նախաձեռնարկ Մարմնին դէմ ու անդրդուելի չմնաց, չպնդեց իր առաջին որոշումին վրայ: Տրամաբանօրէն կը սպասուէր, որ Կրօնական Ժողովը հրաժարեցնէր Նախաձեռնարկ Մարմինը, նոր Մարմին մը կազմէր ու շարունակէր աշխատիլ, որպէսզի իրականացնէ Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու իր որոշումը: Եթէ պնդէր Աթոռակից Պատրիարքի իր տեսակէտին վրայ, ամէն ինչ տարբեր կերպ չէ՞ր ընթանար: Մեր համոզումն այն է, որ Պետութիւնը բացարձակապէս դէմ չէր գար Աթոռակից Պատրիարքի մը ընտրութեան, եթէ մեր մէջէն ուրիշներ այս գործին տարբեր ուղղութիւն մը չտային: Պետութեան համար ի՞նչ տարբերութիւն կ’ընէ Պատրիարքին Աթոռակից ըլլալ կամ չըլլալը: Կամ տարբերութիւն կ’ընէ՞ արդեօք: Մեր համոզումն այն է, որ տարբերութիւն չէր ըներ: Միշտ կը հաւատանք, որ Պետութիւնը կողմնակից է, որ Հայոց Պատրիարքարանի Գահուն վրայ ունենայ Հայոց Պատրիարք մը, որ տեղական ու միջազգային հարցերու մէջ պաշտօնապէս լրիւ պիտի ներկայացնէ Թուրքիոյ Հայ համայնքը:
Երկրորդ սխալն ալ այն էր, թերեւս, որ իրարու հակասող այս երկու դիմումներէն վերջ մտանք սպասումի շրջանի մը մէջ: Կրօնական Ժողովն ու Նախաձեռնարկ Մարմինը իրարմէ անջատաբար սպասեցին, որպէսզի տեսնեն, թէ Պետութիւնը երկու դիմումներէն ո՞ր մէկուն ընթացք պիտի տար: Եթէ սխալ գիտենք, կամ եթէ պակասաւոր գիտենք, թող բարեհաճին սրբագրել, բայց մեր երկու մարմիններն ալ վստահ էին որ կանոնագրական ժամկէտին աւարտէն առաջ Պետութիւնը պատասխան մը պիտի տար:Բայց պատասխանը կ’ուշանար: Մեզի անծանօթ գետնի մը վրայ շփումներ կայի՞ն, չենք գիտեր:Մեր գիտցածն այն է որ պատասխանը կ’ուշանար, մինչեւ իսկ Նախաձեռնարկ Մարմինը սկսած էր խօսիլ Պետութեան դէմ դատ բանալու համարձակ կամ անխորհուրդ որոշումի մը մասին:
Երբ ժամկէտը աւարտեցաւ, Իսթանպուլի Կուսակալութենէն եկաւ այն պաշտօնագիրը, որ տակնուվրայ կ’ընէր ամէն ինչ, ամէնէն առաջ՝ մեր լաւատես ակնկալութիւնները:Մնացեալը բոլորս ալ լաւ գիտենք: Կուսակալութիւնը կը հաղորդէր թէ Պատրիարքը ողջ էր տակաւին, ուստի Պատրիարքական ընտրութիւն չէինք կրնար ընել, կրնայինք ընտրել Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ մը միայն: Այլ խօսքով՝ Իսթանպուլի Կուսակալութիւնը կ’ըսէր, որ մենք առանց Պատրիարքի պիտի մնայինք, մինչեւ որ վախճանէր Մեսրոպ Պատրիարք Սրբազանը:
Ռ. Հ.
http://www.normarmara.com/marmara.htm
Leave a Reply