Խորհրդածութիւններ Կրօնական Ժողովի Վերջին Զեկոյցին Լոյսին Տակ (3)

ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՈՒՆԵՆԱԼ ԱՅԴ ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ 

Շարունակելով քննարկել Կրօնական Ժողովի զեկոյց՝, այժմ պիտի արժէ, որ կանգ առնենք զեկոյցին հինգերորդ հատուածին վրայ, որ կը կարծենք, թէ շատ աճապարանքով ու անյաջող շարադրութեամբ գրի առնուած է եւ մէկ նիւթէն ուրիշ նիւթի կը ցատկէ: 

Կրօնական Ժողովը հոս նախ կը յիշեցնէ, թէ Պատրիարքի ընտրութիւնը կը կատարուի եկեղեցական ու աշխարհական պատգամաւորներու քուէներով: Լաւ: Այս յիշեցումը տեղին է, որովհետեւ Թուրք մամուլին մէջ իսկ գտնուեցան նիւթին անտեղեակ քրոնիկագիրներ, որոնք հարց կուտային, թէ Պատրիարքը ինչո՞ւ պիտի ընտրուի եղեր միայն կրօնաւորներու կողմէ: Այդպիսի բան չկայ: Աշխարհականներէ ալ բաղկացած ժողով մը Պատրիարքը կ’ընտրէ ու իր պարտականութիւնը կը վերջացնէ: 

Այս ճշդումէն վերջ զեկոյցին մէջ կը կարդանք տողեր՝ ինչպէս հետեւեալները. ՙԿրօնական Ժողովը, ի հեճուկս ամէն տեսակ պնդումի, ճիգ կը վատնէ, որպէսզի համայնքի ընտրելու իրաւունքը առ յաւէտ չկորսուի՚:

Այնուհետեւ կ’ըսուի որ ՙԱթոռը թափուր յայտարարելու յաւակնութիւնը ունեցողներ կը նշանակէ թէ կը վճռեն յանուն համայնքին: Կրօնական Ժողովը, հակառակ իր հանգամանքին, չէ ունեցած այդպիսի ձգտում մը, որպէսզի ի պահանջել հարկին կարենայ կատարուիլ Պատրիարքական ընտրութիւնը ըստ մեր աւանդութեանց՚: Ճշգրիտ կերպով ինչ ըսել կ’ուզէ զեկոյցը այս ու ասոնց յաջորդող միւս նախադասութիւններով, չենք հասկնար: Պիտի չուզենք աւելի երկար կանգ առնել այս հատուածին վրայ ու պիտի անցնինք վեցերորդ ու վերջին հատուածին, ուր խիստ կարեւոր ակնարկութիւններ կան Պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնի ու այս հարցի մէջ՝ Պետութեան ունեցած միջամտութեան կապակցութեամբ: Հոս ըսուածն այն է, որ Պատրիարքական փոխանորդի դրութիւնը մեր օրէնքներուն մէջ արդէն կայ, Պետութիւնը չէ՜, որ նշանակած է Պատրիարքական Փոխանորդ մը, Պետութիւնը միջամտած է պարզապէս, որպէսզի յարգուին մեր աւանդութիւնները: Այսինքն՝  ՙԸնդհանուր Փոխանորդ՚-ի դրութիւնը Աթոռին ներքին վարչաձեւին մէջ իր տեղն ունի: Այո՜, ըսուածը ճիշդ է: Բայց հոս յանկարծ կարեւոր նախադասութիւն մը դրուած է միւս տողերուն կարգին: Կարդանք այդ նախադասութիւնը:

ՙԸնդհանուր Փոխանորդի դրութիւնը Աթոռոյ ներքին վարչաձեւին մէջ ունի իր տեղը եւ ժամանակաւոր ՙՏեղապահ՚ի դրութիւն է: Նկատի ունենալով, որ զանազան միջամտութեանց պատճառաւ կարելի չէր եղած գտնել մնայուն լուծում մը, Պատրիարքական ընդհանուր Փոխանորդի դրութիւնը եղած էր ժամանակաւոր լուծում մը՚:

Կարդալով այս նախադասութիւնը, չկրցանք հասկնալ թէ ինչո՞ւ այստեղ գործածուած է ՚Տեղապահ՚ բառը, որ անտեղի ու այս պարագային անյարիր է: Եթէ Կրօնական Ժողովը Պատրիարքական ընդհանուր Փոխանորդի պաշտօնը կը նոյնացնէ Տեղապահի պաշտօնին հետ, այստեղ սխալ մը կայ: Մէկը եւ միւսը իրարմէ տարբեր պաշտօններ են, ու յանձնարարելի է, որ Կրօնական Ժողովի սիրելի անդամները Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդին չնային որպէս Տեղապահ: Բոլորս ալ գիտենք որ, իր ամէնէն պարզ ձեւին մէջ Տեղապահը այն հոգեւորականն է, որ Պատրիարքի մը չգոյութեան շրջանին (կրկնենք՝ չգոյութեան շրջանի)_, Պատրիարքին տեղը կը պահէ, մինչեւ որ նոր Պատրիարք մը ընտրուի: Ո՜չ միայն կը պահէ անոր տեղը, այլ նաեւ կ’ապահովէ, որ ամենակարճ ժամանակի ընթացքին իրականանայ նոր Պատրիարքի ընտրութիւնը: Արամ Սրբազանը Տեղապահ չէ՝ բառին օրինական իմաստով, մանաւանդ որ, ինչպէս իրենք ալ կը յիշեցնեն շարունակ, Պատրիարք մը կայ մէջտեղը, ու Աթոռը Տեղապահի մը կարիքը զգացնելու իմաստով ՙթափուր՚ չէ: Արամ Սրբազան Պատրիարքական Փոխանորդ է պարզապէս: Այդքա՜ն: Ինչպէս աւելի առաջ նոյնն էր Շահան Սրբազան: Եւ Կրօնական Ժողովը այս հատուածին մէջ, որպէս վերջին անդրադարձում, կը յիշեցնէ, թէ Պատրիարքական Փոխանորդը ընտրուեցաւ Իսթանպուլի մէջ բնակող հոգեւորականներու Համագումար Ժողովի կողմէ, որեւէ հոգեւորական կրնար ընտրուած ըլլալ որպէս Պատրիարքական Փոխանորդ, ուրեմն՝ ուրիշ թեկնածուներու իրաւունքը կաշկանդուած չէր այստեղ: Այս ալ ճիշդ է, բայց անկեղծ ըլլանք ու հարց տանք, թէ եթէ Փոխանորդ մը պիտի ընտրուէր, Կրօնական Ժողովը այսօրուան տուեալներու լոյսին տակ կրնա՞ր Արամ Սրբազանէն տարբեր մէկը ընտրել իբրեւ Փոխանորդ, հակառակ որ ասիկա ունէր այն անպատեհութիւնը, թէ Արամ Սրբազան միաժամանակ Պատրիարքական երեք յարգարժան թեկնածուներէն մէկն էր:

Կրօնական Ժողովի զեկոյցը այսքանով բաւականացած է եւ վերջաւորութեան համայնքը հրաւիրած է, որպէսզի բոլորս ալ ջանք վատնենք համայնքէն ներս խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ:

Մենք կը սպասէինք, որ զեկոյցը անդրադառնար մէկ-երկու կարեւոր իրադարձութիւններու եւս, որոնք գլխաւոր դերը խաղացած են այսօրուան այս դժուար լուծելի կացութեան ստեղծման մէջ: Ասոնցմէ մէկն է Պատրիարքական Ընտրութեան Նախաձեռնարկ Մարմնին խաղացած դերը: Միւսն ալ է Աթոռակից Պատրիարք ընտրելու ուղղութեամբ Կրօնական Ժողովի կողմէ նախապէս ընդունուած որոշումը: Կան ուրիշ հարցեր ալ, որոնց վրայէն լուռ անցած է Կրօնական Ժողովի զեկոյցը. գիտակցաբա՞ր, թէ՞ մոռացումի պատճառաւ՝ չենք գիտեր: Այդ պակաս մնացած հարցերուն մասին ալ մենք պիտի յայտնենք մեր մտածումները, որովհետեւ գիտենք, որ այդ հարցերը ունին պատմական բախտորոշ կարեւորութիւն:

Առաջին կէտը, որուն պիտի անդրադառնանք, այսօր Պատրիարքարանին ներկայացուցած պատկերն է: Մեր դարաւոր ու պատմական հզօր Պատրիարքարանը դժբախտաբար այսօր իր դժուարութիւններուն մէջ ու իր ճակատագրին դիմաց կարծես առանձին մնացած է: Մեսրոպ Պատրիարքին հիւանդութեամբ ստեղծուած տխուր մթնոլորտը, որ ըստ էութեան մեր բոլորը անխտիր պէտք է հրաւիրած ըլլար զօրակցական ոգիով շրջապատելու Արամ ու Շահան Սրբազանները, չկրցաւ իրականացնել այդպիսի զօրակցութիւն մը: Արամ Սրբազանը չկրցաւ իր շուրջ հաւաքել կամ իր շուրջ տեսնել համայնք մը, որ իրեն ամէն գնով զօրավիգ կը կանգնէր, որպէսզի կատարուի Պատրիարքական նոր ընտրութիւն, ու Աթոռը ունենայ նոր գահակալ մը՝ առանց վնասելու անբախտ Մեսրոպ Պատրիարքին հանգամանքին ու պատմական հեղինակութեան: Ի՞ր սխալով էր, որ Արամ Սրբազան չկրցաւ իր շուրջբոլորը զօրացնել այդպիսի միասնականութեամբ մը, թէ ոչ՝ ատիկա պատահեցաւ ուրիշներու սխալով, հարց մըն է, որ հիմա դուրս պիտի մնայ մեր հարցադրումէն: Բայց իրողութիւն է, որ Արամ Սրբազան այսօր կը գործէ առանձինն, ու առանձինն կատարուած ամէն գործ այն տպաւորութիւնը կը թողու, որ կը կատարուի ինքնագլուխ կերպով: Որքան լաւ պիտի ըլլար որ Արամ Սրբազան անմիջապէս իր շուրջ ձեւաւորէր աշխարհականներէ ալ հրաւիրուած Խորհրդակցական Մարմին մը, հոգ չէ թէ անպաշտօն, եւ ականջ տար այդ Մարմնին եւս ցուցմունքներուն: Ընդհակառակը՝ վերջերս ցաւով լսեցինք, որ Պատրիարքարանի Հաշուեքննիչ Մարմինն ալ հրաժարած էր պաշտօնէն՝ առաւել եւս առանձին կամ ինքնագլուխ ձգելով Պատրիարքարանը:

Մենք այժմ կ’ուզենք, որ ամէն մարդ գիտնայ, թէ այս տողերը կը գրենք ոչ թէ քննադատելու համար Արամ Սրբազանը, այլ զօրակցելու համար անոր, որպէսզի ան յաղթահարէ իր դիմաց ցցուած դժուարութիւնները: Նոյնը պէտք է ընեն բոլորը, մինչեւ իսկ Արամ Սրբազանի հակառակորդները, որոնք, գիտենք, թէ կան: Անոնք ալ պէտք է կերպով մը զօրակցին Արամ Սրբազանին, եթէ կ’ուզեն որ դժուարութիւնները հարթուին, ու իրենց փափաքած ձեւով ընտրութիւն մը կատարուի: Այս դժուարութիւնը պէտք է լուծենք ո՜չ թէ մէկզմէկու ակռայ ցոյց տալով, այլ մէկզմէկու ձեռք տալով: Կրնա՞նք ունենալ այս հասունութիւնը: Կրնա՞նք յաղթահարել մեր անձնական զգացումները:

Ռ. Հ.

http://www.normarmara.com/marmara.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2010
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ