Խորհրդածութիւններ Կրօնական Ժողովի Վերջին Զեկոյցին Լոյսին Տակ (2)

ՊԷՏՔ Է ԳՏՆԵՆՔ ԽԵԼԱՑԻ ՄԻՋՈՑ՝ ԱՆԵԼԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ 

Երբ Իսթանպուլի Կուսակալութենէն պատասխան մը եկաւ Պատրիարքական ընտրութեան համար մեր կողմէ կատարուած երկու հակասական դիմումներուն, մեր մէջ կամ դուրսը բազմաթիւ շրջանակներ կարծեցին կամ պնդեցին, որ պետութիւնը միջամտած էր Պատրիարք ընտրելու մեր իրաւունքին, նոյնիսկ՝ ջնջած էր Պատրիարք ընտրելու մեր համայնքին իրաւունքը: Այսօր ալ շատեր այդպէս կը պնդեն: Ոմանք այդպէս կը պնդեն, որովհետեւ կացութիւնը լրիւ չեն գիտեր, ոմանք ալ այդպէս կը պնդեն, որովհետեւ իրենց գործին կուգայ այդպէս պնդել: Մինչդեռ մենք ալ համոզուած ենք, որ այստեղ պետութիւնը այդպիսի միջամտութիւն մը չունի: Պետութիւնը չէ՜ արգիլած Պատրիարքի ընտրութիւնը, պարզապէս յետաձգած է զայն: Նախ՝ ասիկա լաւ պէտք է հասկնալ, հոգ չէ, թէ մենք կրնանք բնաւ կողմնակից չըլլալ այդպիսի յետաձգումի մը: Կարեւոր է, որ ասիկա լաւ հասկնանք, որպէսզի աւելի չկնճռոտենք Պետութեան հետ այս հարցով մեր ունեցած յարաբերութիւնները: Եւ Կրօնական Ժողովին հիմա առաջին ըրածը արդէն այս մասին լուսաբանութիւն ընելն է: Կրօնական Ժողովը կը յիշեցնէ, թէ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանումէն վերջ Պատրիարքը պիտի ընտրուի ՙեկեղեցւոյ կարգաց ու կանոնաց համաձայն՚: Այս մասին Պետութենէն եկած պաշտօնագիրը յստակ է: 

Կրօնական Ժողովը իր զեկոյցին առաջին հատուածին մէջ այս ճշդումը կ’ընէ, բայց չի բացատրեր, թէ ինչո՞ւ Պատրիարքական ընտրութիւնը յետաձգելու պահանջք մը զգացուեցաւ, հակառակ որ Կրօնական Ժողովը նախապէս որոշած էր ընտրութիւն կատարել, ընտրել Աթոռակից Պատրիարք մը ու ատոր համար ալ արդէն կազմած էր Պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմին: Կրօնական Ժողովը պետութեան կեցուածքին մասին լուսաբանութիւն կ’ընէ, բայց բացատրութիւն չի տար, թէ ինչո՞ւ յետաձգման մասին Պետութենէն եկած թելադրութիւնը անմիջապէս ընդունեց, ինչո՞ւ չպնդեց Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրելու իր առաջին որոշումին վրայ: Այս հարցին վրայ պիտի դանդաղինք, բայց՝ աւելի վերջ: Իսկ հիմա տեսնենք, թէ Կրօնական Ժողովը ի՞նչ կ’ըսէ իր զեկոյցին երկրորդ հատուածին մէջ: Կարդանք: 

ՙԿը պնդուի թէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքպս. Աթէշեան կը յայտարարէ թէ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի կենաց ընտրութիւն պիտի չկատարուի: Այդ յայտարարութիւնը ոչ թէ Նորին Սրբազնութեան անձնական գաղափարն է, այլ որոշումն է Կրօնական Ժողովոյս՝ հիմնուած Ազգային Սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն վրայ՚: 

Այս քանի մը տողերուն նպատակը եթէ Արամ Սրբազանը պաշտպանել է ընտրութեան յետաձգման առընչութեամբ եղած քննադատութիւններու դիմաց, Կրօնական Ժողովը զուր տեղ կը յոգնի, որովհետեւ բան չի փոխուիր այսպէս կամ այնպէս: Անշուշտ որ այսպիսի կարեւոր հարցի մը մէջ Կրօնական Ժողովն է, որ որոշում պիտի ընդունի, բայց ե՞րբ է, որ Կրօնական Ժողովը համակարծիք չէ եղած իր Պատրիարքին կամ Պատրիարքական Փոխանորդին: Սա մօտիկ անցեալի այնքան կարեւոր ու բախտորոշ իրադարձութիւններուն մէջ ե՞րբ է, որ Կրօնական Ժողովը կրցաւ Հոգեւոր Պետէն տարբեր կարծիք պաշտպանել, տարբեր կեցուածք ցուցաբերել արիօրէն կամ մինչեւ իսկ անհնազանդ անջատողականութեամբ: Չենք այպաներ Կրօնական Ժողովի անդամները, բոլորն ալ սիրելի են մեզի, բայց գիտենք, որ անոնք միշտ ընթացած են Հոգեւոր Պետին ցոյց տուած ճամբէն: Դեռ չենք մոռցած: Մեսրոպ Սրբազան ամէն հարցի մէջ Կրօնական Ժողովին չէ՞ր վերագրեր իր կողմէ պարտադրուած բոլոր որոշումները: Հիմա նո՞յնը կը պատահի Կրօնական Ժողովի սա վերջին զեկոյցով: Բայց մեզի համար բան չի փոխուիր: Եթէ ընտրութեան յետաձգման դէմ ենք, մեզի համար կարեւոր չէ, թէ որո՞ւն գաղափարն է յետաձգման այդ որոշումը: Որուն կ’ուզէ թող ըլլայ. մեր վերապահութիւնը անձին դէմ չէ, որոշումին դէմ է: 

Եթէ անցնինք Կրօնական Ժողովի զեկոյցին երրորդ հատուածին, պիտի ըսենք, որ հոս ալ զուր տեղ ջուր կը ծեծուի ու բանավէճի դուռ կը բացուի: Այս հատուածին մէջ կը խօսուի Պատրիարքական Աթոռին թափուր ըլլալ կամ չըլլալուն մասին: Կարեւոր հարց է, բայց իրատեսօրէն ընդունինք, որ ամէնէն հիմնականը չէ: Կարդանք այդ հատուածն ալ.

ՙԿը պնդուի, թէ համայնքը կարիքն ունի Պատրիարք ընտրելու, եւ կարելի չէ Աթոռը թափուր պահել: Պէտք է նկատի ունենալ, թէ Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը արդէն ընտրուած է համայնքին կողմէ: Ի կեանս է եւ չի կրնար հրաժարիլ ու կը պահէ Պատրիարքի հանգամանքը: Հետեւաբար, հակառակ Նորին Ամենապատուութեան առողջական վիճակին, Պատրիարքական Աթոռը ըստ օրինի թափուր չէ, եւ Աթոռը թափուր յայտարարելիք մարմին մը գոյութիւն չունի: Այդ պատճառաւ կարելի չէ ընտրութեան ձեռնարկել՚:

Զարմանալի է, որ այսքան շատ ճիշդ, բան քով քովի գալով, մեզի կարծես կուտայ սխալ արդիւնք: Մենք ափսոսանքով կը կարդանք զեկոյցին վերի տողերը ու հարց կուտանք, թէ մենք ինչո՞ւ արդեօք չենք յաջողիր միաբան ըլլալ ու անճարակօրէն բանավէճ կը բանանք Աթոռին թափուր ըլլալ կամ չըլլալուն մասին եւ հարցերը կը դժուարացնենք մեր իսկ ոտքերն ու ձեռքերը կապելով: 

Աթոռը թափո՞ւր է, թէ չէ. այսպիսի սին բանավէճի մը մէջ իյնալը հիմա անիմաստ չէ՞ այլեւս, ու ասիկա իրենց համար գործ ստեղծել ուզողներու կողմէ մատի փաթթուած խնդիր մը չէ՞ արդեօք: Պէտք է իրատես ըլլանք, եթէ անպայման պիտի հարցնենք, թէ Աթոռը թափո՞ւր է թէ չէ: Բոլորս ալ իրականութեան մէջ շատ լաւ գիտենք, թէ ի՞նչ է Աթոռին վիճակը, եւ բնաւ ալ պէտք չունինք բառերու վրայ խաղալու: Ամէն ինչ յստակ է հայելիի նման: Գործնական գետնի վրայ Աթոռը թափուր է, որովհետեւ Պատրիարքը այլեւս ի վիճակի չէ նստելու անոր վրայ, բայց բարոյական գետնի վրայ Աթոռը թափուր չէ, որովհետեւ Մեսրոպ Սրբազան կ’ապրի տակաւին: Այս երկուքը բնականաբար կը հակասեն իրարու, բայց եթէ առողջ ու խելացի կերպով պիտի մտածենք, մենք պէտք չունինք իբր մեկնակէտ ընտրելու այս երկու տեսակէտներէն մէկը կամ միւսը, կամ պիտի նայինք, թէ ի՞նչպիսի միջոց մը կրնանք գտնել, որպէսզի այս երկու տեսակէտները հաշտեցնենք իրարու հետ: Եւ այն ատեն պիտի չարտօնենք, որ անոնք կապեն մեր ոտքերը: Որովհետեւ Աթոռը թափուր ըլլայ կամ ոչ, մենք սա պահուն պէտք ունինք մէկու մը, որ պիտի ստանձնէ Պատրիարքին պարտականութիւնն ու հեղինակութիւնը:

Զեկոյցին չորրորդ հատուածը կ’երեւի թէ երրորդին շարունակութիւնն է, որովհետեւ հոս կը պաշտպանուի այն տեսակէտը, թէ մեր այսօրուան ըմբռնողութեամբ Պատրիարքի պաշտօնը ցկեանս է, եւ այլեւս չկայ մարմին մը, որ լիազօրութիւն ունենայ ի պահանջել հարկին Պատրիարքը գահընկէց ընելու, անոր հրաժարականը ընդունելու կամ անկէ հրաժարական պահանջելու: Ճիշդ է, կը ձայնակցինք: Բայց որքան ալ ձայնակցինք, որքան ալ ընդունինք, որ Պատրիարքը ցկեանս Պատրիարք է, որքան ալ ընդունինք որ չկայ Պատրիարքը պաշտօնէն հեռացնելու կանոնակարգ մը, որքան ալ ըսենք, որ այսպէս է կամ այնպէս է, մենք պարտաւոր ենք նաեւ խելացի միջոց մը գտնելու՝ այս անելէն դուրս գալու համար: Անմտութիւն չէ՞, կամ անձնասպանութիւն չէ՞ գլուխ հակել՝ կառչած մնալով աւանդական սովորութիւններու, որոնք չեն կրցած նախատեսել, թէ Մեսրոպ Պատրիարքը օր մը կրնար անդարմանելիօրէն կորսնցնել իր ամբողջ յիշողութիւնը եւ նոյնիսկ մոռնալ, որ ինք Պատրիարք է: Հարկը օրէնքը կը լուծէ՝ ըսած է մեր իմաստուն ժողովուրդը: Հարկը օրէնքը կը լուծէ ու պէտք է լուծէ: Հարկը օրէնքը չի լուծեր սակայն, եթէ ոմանք այդ օրէնքին կառչած մնան՝ պարզապէս իրենց շահերը պաշտպանելու համար: Այս նիւթին վրայ ալ լայնօրէն կանգ պիտի առնենք, երբ կարգը գայ: Այժմ ըսենք միայն, թէ կեանքը շարունակ կը փոխուի, ու մարդիկ եւ ընկերութիւններ մէկ կողմ կը շպրտուին, եթէ նոր կացութիւններու դիմաց նոր լուծումներ գտնելու ի վիճակի չեն կամ չունին այդ կարողութիւնը:

Ռ. Հ.

http://www.normarmara.com/marmara.htm 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2010
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ