Վեհափառին դիմում կատարուեցաւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ.ի եպիկոպոսացման համար
ԶԵMNWJ MՐ*ZUMUZ CNPNFR
Մեր Հոգեւոր Դասուն« համայնքային եւ թաղային մարմիններուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք« թէ Կրօնական Ժողովի 2 Դեկտեմբեր 2010 թուականի ՂԴ նիստին« որոշուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն©Ս©Օ©Տ©Տ© Գարեգին Բ Վեհափառ Հայրապետին դիմում ներկայացնել՝ Պատրիարքական Աթոռի Միաբաններէն Կրօնական Ժողովի Ատենապետ եւ Պատրիարքարանի Դիւանապետ Գերպ© Տ© Թաթուլ Ծ© Վրդ© Անուշեանի եպիկոպոսացման համար£
Ժողովական Հայրերը, նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր© Տ© Արամ Ս© Արքեպս© Աթէշեանի եւ ի բացակայութեան Գերպ© Տ© Թաթուլ Ծ© Վրդ© Անուշեանի, խորհրդակցեցան եւ միաձայնութեամբ որոշեցին եպիսկոպոսացման ընծայական տալ£
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր© Տ© Արամ Ս© Արքեպս© Աթէշեանի դիմումնագիրը« հանդերձ ընծայականով ու Հայր Սուրբի կենսագրականով, երէկ ուղարկուեցաւ Նորին Սրբութեան՝ առ ի տնօրինութիւն պատշաճին£
6 Դեկտեմբեր 2010
ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ
Leave a Reply