Կրօնական Ժողովս 2 Դեկտեմբեր 2010 թուականին կայացած իր նիստի ընթացքին օրակարգի վրայ ունեցած է մերօրեայ հրատապ կացութեան վերածուած «Պատրիարքական Ընտրութեան» հարց մը, որուն մասին որոշած է անգամ մը եւս լուսաբանել հանրային կարծիքը։
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, թէ կարգ մը շրջանակներ շարունակելով իրենց ոչ-խաղաղասէր ընթացքը նեղութեան կը մատնեն ոչ միայն անձեր, այլ նաեւ հաստատութիւններ՝ ընդ որս Պատրիարքական Աթոռը եւ ամբողջ համայնքը՝ յաչս Թուրքիոյ Պետութեան, ներքոյ եւ արտաքոյ համայնքէ հանրային կարծիքին եւ արտասահմանի շրջանակներուն։ Միւս կողմէ, որքա՞ն արդարացի պիտի ըլլար մամլոյ ասուլիսներով ի յայտ գալ ու համայնքային ներքին հարցերով օրակարգ ստեղծել արտաքոյ համայնքային ու դատական շրջանակներու մէջ՝ յենելով անհիմն ու կամայական պնդումներու վրայ։
Մամուլէն տեղեակ դարձանք, թէ այս գծով 1 Դեկտեմբեր 2010 թուականին տեղի ունեցած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին եղած են յայտարարութիւններ, որոնք ներհակ են իրավիճակին եւ չեն ցոլացներ ճշմարտութիւնը։ Այս մասին Կրօնական Ժողովս հրատարակած էր 30 Յունիս 2010 թուակիր եւ 9166 համար եւ 02 Օգոստոս 2010 եւ 9202 համար Զեկոյցներ։ Յայտնի կը դառնայ, թէ ընտրութեան հարցով հետաքրքրուողներ զանց առած են անոնց բովանդակութիւնը։
Ստորեւ կու գանք լուսաբանել հանրային կարծիքը՝ մանրամասնելով տուեալները։
1. Ամբողջովին սխալ ու անհիմն են այն պնդումները, թէ Պետութիւնը զրկած է Հայ Համայնքը իր Հոգեւոր Պետը ընտրելու իրաւունքէն։ Պետութենէն հասած պաշտօնագրի բովանդակութեան իրազեկ անձեր պիտի նշմարեն արդէն, թէ ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ այդ մասին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքը յետ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի կենաց օրերուն, պիտի ընտրուի ըստ նախընթացի՝ Սուրբ Եկեղեցւոյս կարգաց եւ կանոնաց համաձայն։ Որեւէ փոփոխութիւն խնդրոյ առարկայ իսկ չէ։
2. Կը պնդուի, թէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան կը յայտարարէ թէ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի կենաց օրերուն ընտրութիւն պիտի չկատարուի։ Այդ յայտարարութիւնը ոչ թէ Նորին Սրբազնութեան անձնական գաղափարն է, այլ՝ որոշումն է Կրօնական Ժողովոյս, հիմնուած Ազգային Սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն վրայ։
3. Կը պնդուի, թէ համայնքը կարիքն ունի Պատրիարք ընտրելու եւ կարելի չէ Աթոռը թափուր պահել։ Պէտք է նկատի ունենալ, թէ Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը արդէն ընտրուած է համայնքին կողմէ։ Ան, ի կեանս է եւ չի կրնար հրաժարիլ ու կը պահէ Պատրիարքի հանգամանքը։ Հետեւաբար, հակառակ Նորին Ամենապատուութեան առողջական վիճակին Պատրիարքական Աթոռը ըստ օրինի թափուր չէ եւ ըստ Ազգային Սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն յանուն Համայնքին Աթոռը թափուր յայտարարելիք մարմին մը գոյութիւն չունի։ Այդ պատճառաւ կարելի չէ ընտրութեան ձեռնարկել։
4. Կը պնդուի, թէ պատմութեան մէջ Պատրիարքներ, բացի մի քանիէն միշտ գահընկեց եղած են եւ իրենց մահուամբ չեն հեռացած Աթոռէն։ Պէտք է յիշել սակայն, թէ յանուն Համայնքին վճռող մարմին մը գոյութիւն ունէր եւ այդ մարմինը իրաւասու էր Գահընկեց ընելու, հրաժարական ընդունելու եւ նորը ընտրելու։ Բաց աստի Հանրապետութեան շրջանին բոլոր Պատրիարքները ցմահ պաշտօնավարած են։
5. Գիտենք, թէ ըստ Ազգային Սահմանադրութեան, Պատրիարքը կ՚ընտրուի եկեղեցական ու աշխարհական պատգամաւորներու քուէներով։ Իսկ 1961ի կանոնադրութեան համաձայն այդ պատգամաւորական Ժողովը կը լուծուի յետ ընտրութեան։ Կրօնական Ժողովս կը փորձէ զանազան առիթներով լսելի դարձնել իր ձայնը։ Սակայն, ըստ երեւոյթին սկսած է զարգանալ չկամութիւն մը ի վնաս մեր Համայնքին։ Կրօնական Ժողովը ի հեճուկս ամէն տեսակի պնդումի, ճիգ կը վատնէ, որպէսզի Համայնքի ընտրելու իրաւունքը առ յաւէտ չկորսուի։ Պէտք չէ մոռնալ, թէ Աթոռը թափուր յայտարարելու յաւակնութիւնը ունեցողներ, կը նշանակէ, թէ կը վճռեն յանուն համայնքին։ Կրօնական Ժողովը, հակառակ իր հանգամանքին, չէ ունեցած այդպիսի ձգտում մը, որպէսզի ի պահանջել հարկին կարենայ կատարուիլ Պատրիարքական Ընտրութիւնը ըստ մեր աւանդութեանց։ Իսկ յանուն Համայնքին Աթոռը թափուր յայտարարելու փորձ կատարող որեւէ շարժում իրաւականօրէն իշխանութիւն ունենալ կը ձգտի Աթոռակալ ընտրելու յանուն Համայնքին։ Եւ այդ մէկը նախընթաց կը ստեղծէ ու Համայնքը ընտրութեան իրաւունքէն կը զրկուի ինքնաբերաբար։
6. Կը պնդուի, թէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդը նշանակուած է Պետութեան կողմէ։ Նման արտայայտութիւն մը ունենալէ առաջ պէտք է քննել մեր աւանդութիւնները, Աթոռի ներքին վարչաձեւը եւ ամենակարեւորը՝ մեր սահմանադրութիւնը։ Այդ հանգրուանին, միակ միջամտութիւնը մեր աւանդութիւններն ու սահմանադրութիւնը յարգելու ուղղութեամբ էր։ Պետութիւնը չէ հաստատած նաեւ որեւէ նոր դրութիւն կամ հանգամանք։ «Ընդհանուր Փոխանորդ»ի դրութիւնը Աթոռոյ ներքին վարչաձեւին մէջ ունի իր տեղը եւ ժամանակաւոր «Տեղապահ»ի դրութիւն է։ Նկատի ունենալով, որ զանազան միջամտութեանց պատճառաւ կարելի չէր եղած գտնել մնայուն լուծում մը, «Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ»ի դրութիւնը եղած էր ժամանակաւոր լուծում մը։ Իսկ ընտրութիւնը կատարուած էր Համագումար Ժողովէն, որ ըստ Սահմանադրութեան եւ աւանդութեան, կը բաղկանար Ստանպուլի մէջ պաշնօնավարող հոգեւորականներէն։ Այդ Համագումարի անդամները, առանց նայելու կարգի եւ աստիճանի ընտրուելու իրաւունքը կը վայելէին։ Ուրեմն, անհիմն է նաեւ այն պնդումը, թէ այլ թեկնածուներու ընտրուելու իրաւունքը կաշկանդուած է։
Կրօնական Ժողովս կու գայ հանրային կարծիքին յայտնել վերոյիշեալ կէտերը եւ կոչ ուղղել համայնքի մեր զաւակներուն, որպէսզի ջանք վատնենք խաղաղութիւն ապահովելու ուղղութեամբ։
2 Դեկտեմբեր 2010
9266
ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ
http://www.lraper.org/main.aspx?Action=DisplayNews&NewsCode=N000003523&Lang=HAY
Leave a Reply