Մինչեւ 2015՝ Հայ-Թրքական Հաշտեցո՞ւմ

 ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1ին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ կը կայանայ ԵԱՀԿի անդամ պետութիւններու վեհաժողովը, որմէ բեկումնային զարգացումներ կ՛ակնկալուին հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ Ղարաբաղի հարցին մէջ:

Լոնտոնի Ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնը, Ասթանայի վեհաժողովի սեմին, իր կայքէջին վրայ հրատարակած է «Հայ-թրքական հաշտութեան փշրուած յոյսերը» խորագիրով լրատուութիւն մը, որուն մէջ ո՛չ միայն ներկայ իրավիճակն է, որ հետազօտութեամբ մը կը ներկայացուի, այլ նաեւ հաւանական ելքեր կը նշուին։

Ըստ հետազօտական կեդրոնին, հակառակ Ամերիկայի, Ռուսիոյ ու Եւրոմիութեան ջանքերուն, փրոթոքոլները վաւերացնելու հեռանկարները բաւական տժգոյն են։ Իբրեւ վաւերացման հիմնական արգելքներ, նախ կը նշուին Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանին տրուած խոստումը (սահմանները չբանալ այնքան ատեն որ Հայաստան չէ հրաժարած Ղարաբաղի յարակից շրջաններու վրայ հսկողութենէն), ինչպէս նաեւ 1915ի հայերու կոտորածը Ցեղասպանութիւն ճանչնալու ձգտումները ձախողութեան մատնելու Անգարայի փորձերը։

Ներկայացնելով հայ-թրքական հարցի այժմու վիճակը՝ լոնտոնցի մասնագէտները կը պնդեն, որ գործընթացը անելի մատնուած է, քանի որ Թուրքիա թերագնահատած էր Ատրպէյճանի կարեւորութիւնը, եւ այդ երկիրը յստակօրէն կը փորձէ արգելք հանդիսանալ բանակցութիւններուն։

Անգլիացի քաղաքագէտներու համաձայն, Ասթանայի վեհաժողովին ընթացքին հաւանական է, որ բեկում մը արձանագրուի Ղարաբաղի հարցի բանակցութիւններուն մէջ, եւ այդ ենթահողին վրայ հայ-թրքական գործընթացն ալ յառաջխաղացք մը ունենայ։ Այլ ազդակներ ալ ներկայացնելով՝ վերլուծաբանները կը փորձեն ազդարարել յատկապէս Թուրքիան, նշելով, որ եթէ մինչեւ 2015՝ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, Թուրքիա տեղէն չշարժի, ապա կրնայ ստորացման եզրին յայտնուիլ, քանի որ բազմաթիւ երկիրներ, այդ կարգին հաւանաբար նաեւ Ամերիկան, պիտի ճանչնան Ցեղասպանութիւնը։

Ըստ լրատուութեան, 2015ը կրնայ նաեւ ճամբայ բանալ, որ Թուրքիա եւ Հայաստան վերջնականապէս լուծեն իրենց պատմութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան ամենադժուար հարցերը։

http://asbarez.com/arm/87127/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2010
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ