«Ուիքիլիքս»ի կողմէ Կիրակի, Նոյեմբեր 28ին հրապարակուած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան 250 հազար գաղտնի փաստաթուղթերուն մէջ կան նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն առնչութեամբ իրականացուած բանակցութիւններու որոշ մանրամասնութիւններ։ Փետրուար 25, 2010 թուակիր փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Փետրուար 18ին, Անգարայի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուիլեըմ Պըրնզի միջեւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին կողմերը քննած են Հայաստան-Թուրքիա արձանագրային գործընթացը, Իրանի հիւլէական թղթածրարը, քիւրտ անջատողականներու դէմ պայքարը եւ կիպրական հարցը։
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին առնչութեամբ, Սինիրլիօղլու ըսած է, որ իրենք կ՛ուզեն, որ հայ-թրքական գործընթացը եւ Արցախի բանակցութիւնները համընթաց առաջ երթան։ Բացի ատկէ, թուրք դիւանագէտը նշած է, որ Քոնկրեսի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի վաւերացումը փակուղի մտցուցած է արձանագրային գործընթացին մէջ գոյութիւն ունեցող հաշիւները։
Ինչ կը վերաբերի ղարաբաղեան հիմնախնդիրին, Սինիրիլիօղլու ուղղակի յայտարարած է. «Եթէ Ալիեւի համար որեւէ ընդունելի տարբերակ ըլլայ, ապա մենք կրնանք յառաջ շարժիլ»։
Պատասխանելով Ուիլեըմ Պըրնզի՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ կազի համաձայնութեան հարցով յառաջընթացի վերաբերեալ հարցումին՝ Սինիրլիօղլու ըսած է, թէ Ալիեւ համաձայնագիրը կը շահագործէ իբրեւ Թուրքիոյ մշակած արձանագրութիւններու պատանդ։ «Ան մեզի չի վստահիր», ընդգծած է Սինիրլիօղլու։
Ըստ նոյն փաստաթուղթերուն, ամերիկացի դիւանագէտները ընդհանուր առմամբ չեն վստահիր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի։ Ըստ ամերիկացի պաշտօնատարներու, Էրտողան «յատուկ ծրագիր ունի», որուն համաձայն, ան Թուրքիան կը տանի իսլամական պետութիւն դարձնելու ճանապարհով։
Այս մասին հարցումներու պատասխանելով՝ Էրտողան նշած է, թէ այս փաստաթուղթերը «անհանգստացնող եւ կասկածելի» են:
Ամերիկացի դիւանագէտները Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն կը համարեն «չափազանց վտանգաւոր եւ խելագար»։
http://asbarez.com/arm/87053/
Leave a Reply