31 Յոկտեմբեր 2010՝ Կիրակի, Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎՐԴ . ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆԻ վախճանման 75 ամեակի առթիւ։ Ներկայ պիտի գտնուի Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սվաճեան: Ս.Պատարագը պիտի մատուցանէ՝ Արժ.Տէր Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան Ս.Սեղանին պիտի սպասարկեն՝ Բրշ. Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Բրշ.Ռօյ Սրկ. Քիւչիւքաթէշեան եւ Բրշ. Վարդգես Սրկ. Փեստիլճեան:
Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարուի Կոմիտասեան քառաձայն դաշնաւորումով եւ առանց նուագակցութեան (Acapella), այս առթիւ յատուկ կազմուած՝ Գուսան 2010 երգչախումբի կողմէ՝ 31 հոգիէ բաղկացեալ արական կազմով եւ ղեկավարութեամբ Տիար Էտվին Կալիպօղլուի եւ Տիար Յակոբ Մամիկոնեանի։ Սիրով կը հրաւիրենք համայնքային հաստատութիւններու եւ մամլոյ յարգելի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մեր բարեպաշտ ու աւանդապաշտ ժողովուրդը՝ ներկայ գտնուելու սոյն արարողութեանց:
Սկիզբ՝ ժամ. 09:00:
Ս.Պատարագ՝ 10:30:
Ծանօթ: Շիշլիի եւ Պաքըրգուղի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած օդոպիւսները պիտի մէկնին ֆէրիքուղ իտիլի առջեւէն՝ 09:30, Պաքըրգուղ Դանսաշի առջեւէն՝ ժամը 09:00 -ին՝ Կոմիտասի Հարթակ:
Leave a Reply