Ռ. Զարաքօլու Կը Խոստանայ Շարունակել Աշխատանքը՝ Յանուն Ճշմարտութեան Տարածման

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-Հայաստանի Ազգային գրադարնին մէջ Հոկտեմբեր 7ին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ թուրք յայտնի հասարակական գործիչ, «Պելկէ» հրատարկչութեան տնօրէն Ռակըփ Զարաքօլուի հետ: Նշենք, որ «Պելկէ» հրատարակչութիւնը շարունակաբար հրատարակած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած գեղարուեստական եւ գիտական աշխատանքներ, Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններուն հանդէպ իրականացուած բռնաճնշումներուն մասին գիրքեր, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւններ:

Ռ. Զարաքօլուի խօսքով, այս տարի հրատարակած են Թէոդիկի «Յուշարձան Ապրիլ 11ի» գիրքը, որ նուիրուած է Հրանդ Տինքի յիշատակին, «որ վերջին հայ մտաւորականն էր, որ սպաննուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 1915էն յետոյ», ըսաւ թուրք հասարակական գործիչը:

«Մեր հրատարակչութիւնը հիմնուած է 1977ին, եւ մինչեւ այսօր մենք աշխատած ենք եւ կը շարունակենք աշխատիլ ճշմարտութեան համար», նշեց Ռ. Զարաքօլու՝ աւելցնելով, որ իրենք յաճախ բազմաթիւ դժուարութիւններ կ՛ունենան գիրքերը ընթերցողին հասցնելու առումով, քանի որ գրախանութները սովորաբար չեն ուզեր վաճառել այնպիսի գիրքեր, որոնք այս կամ այն կերպով առնչութիւն ունին Հայկական հարցին հետ:

«Նախապէս Թուրքիոյ իշխանութիւնները մեզի հանդէպ դատական գործեր կը յարուցէին եւ կը փորձէին այդ եղանակով ճնշումներ բանեցնել, իսկ ճնշումները աւելի շատ կը դրսեւորուէին տնտեսական ոլորտին մէջ», ընդգծեց հրատարակիչը:

«Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով թրքական իշխանութիւնները կը շարունակեն մերժողական քաղաքականութիւն վարել», ըսաւ Ռ. Զարաքօլու՝ աւելցնելով, որ ներկայիս դրութիւնը որոշ չափով բարելաւուած է համացանցի առկայութեան շնորհիւ, որուն միջոցով աւելի շատ մարդիկ կրնան ճշմարտութեան ծանօթանալ:

Նշենք, որ թրքական դատարանը 301 յօդուածին հիման վրայ, Ռ. Զարաքօլուն դատապարտած էր 5 ամսուան բանտարկութեան՝ Ճորճ Ճերճեանի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Ճշմարտութիւնը Մեզ Կ՛ազատագրէ» գիրքը թրքերէն լեզուով տպագրելուն համար:

Դատարանին որոշումով բանտարկութիւնը փոխարինուած է դրամական տուգանքով։

 07.10.10

http://asbarez.com/arm/84384/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2010
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ