Զուիցերիոյ մէջ իրենց հրապարակային ելոյթին ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութիւնը «միջազգային սուտ» անուանած թուրք Ալի Մերճանն ու երկու գործակիցները, Զուիցերիա-Հայաստան միութեան նախագահ Սարգիս Շահինեանի կողմէ բացուած դատով յանցաւոր նկատուած էին:
Երեք թուրքերը, «ցեղապաշտութիւնը կանխելու մասին օրէնք»ը խախտելու պատճառով, 150 օրուան բանտարկութեան եւ 30 հազար զուիցերիական ֆրանք տուգանքի ենթարկուած էին, ապա անոնք վճիռը վերատեսութեան ենթարկելու համար դիմում կատարած էին:
Զուիցերիոյ դաշնակցային դատարանը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 1ին հաստատած է սահմանուած պատիժին օրինականութիւնը:
Ըստ թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուամիջոցին, երեք թուրքերը մտադիր են դիմել Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան։
http://asbarez.com/arm/83988/
Leave a Reply