
Համադրեց՝ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան ծնած է Խարբերդ, 1907ին: Երէց զաւակը՝ Եփրատ քոլէճի նահատակ փրոֆեսէօր Յովհաննէս եւ Մարիձա (ծնեալ Թիւֆէնքճեան) Պուճիգանեաններուն: Մինչեւ 1915-ի Ցեղասպանութեան տարիները, աշակերտած է Եփրատ քոլէճին նախակրթարանին, ապա՝ Մեզիրէի ամերիկեան եւ գերմանական վարժարաններուն:
1 Ապրիլ 1915-ին, Եփրատ քոլէճի արձակուրդի օրը, ընտանեօք կառքով Մեզիրէ երթալու պատրաստութեան պահուն, 4 բանակայիններով շրջապատուած Թլկա-տընցին տան վարէն կը կանչէ. «Փրոֆեսէօ՛ր, իջէ՛ք, ոստիկանատուն պիտի երթանք պարզ ստուգումներու համար»: Յովհաննէս Պուճիքանեան վար կ’իջնէ եւ կը միանայ Թլկատինցիին: Երկու մտաւորականները կը տարուին բանտ ու կը միանան միւս հայ նահատակներուն: Կը նահատակուին նաեւ Պուճիքանեան գերդաստանէն չորս այլ անդամներ:
1922-ին, Արմէնին հօրեղբօր՝ գերմանական քոլէճի փրոֆեսէօր Մարտիրոս Պուճիքանեանի հովանաւորութեամբ, Պուճիքանեան գերդաստանը կը փոխադրուի Լիբանան ու կը հաստատուի Անթիլիաս: Արմէնին մայրը՝ Մարիձա, կը յաջողի հետը տանիլ Եփրատ քոլէճի մէջ ամուսնոյն դասաւանդած (Humanities) ամբողջական գրութիւնները, որոնք 1974-ին կը հրատարակուին Պէյրութի մէջ: Մարիձա կը մահանայ Լիբանանի մէջ, 1943-ին: Պատանի Արմէնը կը ստիպուի գործի ասպարէզը նետուիլ, մասամբ թեթեւցնելու համար մօրը ուսին ծանրացած բեռը, սակայն նաեւ ինքնազարգացումով կը հետեւի գիտական մասնաւոր դասընթացքի:
1924-1927, Արմէն կ’աշխատի Ալթունեան դեղարանին մէջ, ապա կը յաջողի մտնել Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի դեղարանը, իբրեւ օգնական դեղագործ, նոյն ատեն դեղագործական ուսանողներու գործնական դեղաշինութեան առաջնորդը կ’ըլլայ: 1934-1948 կ’աշխատի Լեռնալիբանանի զանազան դեղարաններու մէջ, իբրեւ դեղագործ:
1941-ին, կ’ամուսնանայ Դամասկոս հաստատուած խարբերդցի վկայեալ մանկավարժ եւ օգնական հիւանդապահուհի Աստղիկ Գարաճեանի հետ: Անոնք կը բախտաւորուին երկու զաւակներով՝ Անի եւ Ատոմ:
1949-ին, Արմէն ընտանեօք կը հաստատուի Պէյրութ, որպէսզի զաւակները յաճախեն ազգային վարժարան:
Այդ տարիներուն, Արմէն եւ կրտսեր եղբայրը՝ Պէյրութի Faculté française de pharmacie-էն վկայեալ դեղագործ Գարեգին, կը բանան իրենց սեփական դեղարանը (Pharmacie Centrale, Immeuble Lazarieh), որ կը դառնայ լիբանանեան առողջապահութեան նախարարութենէն պաշտօնական արտօնագիր ստացած դեղաշինական հաստա-տութիւն մը:
Դեղարանը նաեւ ունեցաւ իր բժշկական ակնոցավաճառը, յանձին Ժօզէֆ Իշխանեանի, որ նաեւ Պէյրութի բեմերէն անուանի կիթարիստ եղած է:
Այս հաստատութիւնը կը գործէ մինչեւ 25 դեկտեմբեր 1975, երբ կը կողոպտուի եւ հրոյ ճարակ կը դառնայ Լիբանանի մէջ քանի մը ամիս առաջ պայթած քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով:
Դեղարան Պուճիգանեանը եղած է ազգային, մշակութային եւ երաժշտական հարցերով մտահոգ հայորդիներու մէկ հաւաքավայրը: ամէն իրիկուն, իրենց «տան ճամբուն վրայ» բարեկամներ, պաշտօնակիցներ եւ երաժշտասէրներ հոն կանգ առնելով՝ արծարծած են ազգային, մշակութային, գաղափարական ու քաղաքական հարցեր:
Դեղարան Պուճիգանեանը «հաւաքատեղի» մ’էր: Ասոր հետ մեկտեղ առանց դաւանանքի, համոզումի ու գաղափարի խտրութեան, հայ գաղութի մշակութային ձեռնարկներուն որմնազդները կարելի էր տեսնել դեղարանին ծաւալուն ցուցափեղկին վրայ:
1974-ին, Արմէն կը կորսնցնէ սիրելի գործընկեր եղբայրը՝ Գարեգինը: Հոգեկան ամուր կորովով տոգորուած՝ դեղաշինութեամբ կը գործէ իր բնակարանին մէջ, մինչեւ 89 տարիքլը:
Տան մէջ իյնալով՝ Արմէն կը վիրաւորէ վիզին ողնաշարը եւ կը դառնայ մասնակի անդամալոյծ: Տարիներ շարունակ վայլելած է հոգածութիւնը իր դեղագործուհի եւ ընկերային ծառայող աղջկան՝ Անիին:
Արմէն ուեցած է եկեղեցական, կրթական եւ ազգային բեղուն գործունէութիւն: Եղած է Պէյրութի աւետարանական Ա. Եկեղեցւոյ խնամակալութեան եւ կրթասիրացի, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի վեթերան, եւ Խարբերդի եւ Չնքուշի հայրենակցական միութեան անդամ: Եղած է ազգասէր անձնաւորութիւն մը եւ վայելած է իր շրջապատին յարգանքը:
Արմէն Պուճիգանեան իր հօրը ձերբակալութեան եւ նահատակութեան ողբերգութիւնը գրի առած ու հրատարակած է «Անոր ռումբը իր գլխուն մէջն է» խորագրին տակ, 1974-ին, իր հօր ծննդեան 100-ամեակին տարին:
Մահանացած է 2001-ին:
Աղբիւրներ
- Հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին (Յաւելուած), Բժիշկին Զ. խօսքը, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնթրէալ, 2022:
2.Պուճիքանեան Ատոմ, Անձնական տեղեկութիւններ, Մոնթրէալ, 2018: