
Անդրադարձ. «Ազդակ»-ի 53-րդ առցանց լսարանին առիթով. նիւթը` «Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ քեմալական պայքարի գաղափարաբանական հէնքը»:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Մեծ գոհունակութեամբ կ՛ունկնդրենք «Ազդակ»-ի կազմակերպած լսարանները, մանաւանդ` պատմական նիւթերը, որոնք կը ներկայացնեն հայրենի մասնագէտներ, ուղղակի կամ առցանց, ինչպիսիք են` փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեանը, Աշոտ Մելքոնեանը, Արմէն Մարուքեանը, Խաչատուր Ստեփանեանը, Ամատունի Վիրապեանը եւ ուրիշներ, որոնց ունկնդրելու հաճոյքը ունեցած ենք:
23 փետրուար 2023-ի այս լսարանին ընթացքին փրոֆ. Սաֆրաստեանին յայտնած քանի մը յատկանշական նիւթերուն պիտի անդրադառնամ միայն` իմ կողմէս յաւելեալ լուսաբանութիւններ աւելցնելով *: Կը թելադրեմ, որ այս լսարանին չմասնակցողները Եութիւպի վրայ հետեւին լսարանին այստեղ (1):
Առաջին. «Երբ Աթաթուրք Պոլիս եկաւ, յաջորդ օրը երեք կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ. առաջինը` Երիտասարդ թուրք իր կուսակից ընկերներուն հետ, երկրորդը` այս ընկերներով սուլթանին հետ եւ երրորդը` անգլիացի թղթակիցի մը հետ, որ իրականութեան մէջ Թուրքիոյ մէջ Անգլիոյ զինուորական գաղտնի սպասարկութեան պետ` Էմ.Այ5-ի հետախոյզ աւագ սպայ Ճոն Կոլտֆին Պենեթն (John Godolphin Bennett 1897-1974*) էր, եւ իր ծառայութիւնները կ՛առաջարկէ անոր` իբրեւ Անգլիոյ գործակալ: «Քեմալ Աթաթուրք ի՛նք կը դիմէ Պոլիսը գրաւած Անգլիոյ, եւ այս դաւին մասին թրքական պաշտօնական պատմագրութիւնը, որ հերոսացուցած է զայն, լուռ կը մնայ»:

Այս գաղտնիքը բացայայտած է Ճոն Պենեթ իր «Ուիթնես» (Witness) խորագիրով 1962-ին հրատարակած (2), շուրջ տասէ աւելի անգամ վերահրատարակուած իր ինքնակենսագրութեան մէջ*: Շատ աւելի յայտնի փաշաներ նաեւ` իբրեւ Անգլիոյ գործակալներ, իրենց ծառայութիւնը անգլիացիներուն մատուցած էին արդէն, այնպէս որ, Քեմալին կարեւորութիւն չեն տար: Գիրքին մէջ նշուած է, որ Պենեթ «գերազանց» յարաբերութիւններ մշակած է նաեւ «հայկական գաղտնի կազմակերպութիւններուն» եւ թուրք պալատական ընտանիքին հետ*:
Պենեթ 1920-էն սկսեալ Կուրճիեւի հետեւորդ կը դառնայ` սուֆի իսլամ եւ տերվիշ աղանդին կը հետեւի, որուն մասին, սակայն, հետագային Կուրճիեւ ի՛նք այս շարժումը «անիմաստ ու անհեթեթ» կը կոչէ*:
Երկրորդ. «Աթաթուրք շատ կը վախնար զօրավար Անդրանիկէն (հետեւաբար` հայկական կամաւորական գունդերէն*): Պարտուած Թուրքիան` իբրեւ հանրապետութիւն, նոյնպէս, նախորդին նման գաղտնի որոշում կը կայացնէ հայերու բնաջնջումը շարունակելու եւ վերացնելու Հայաստանը»:

Երրորդ. «Ա. Աշխարհամարտին պարտուելէն ետք թրքական բանակը շատ տկարացած էր եւ ունէր երեք ստորաբաժանումներ, որոնցմէ մէկը` արեւելքի մէջ Քեազիմ Քարապեքիրի հրամանատարութեամբ: Երբ Քարապեքիրի բանակը քեմալականներուն գաղտնի որոշումով Հայաստանի վրայ յարձակեցաւ, Կարսը գրաւելէն ետք դէպի Ալեքսանդրապոլ ուղղուեցաւ: Կառավարութիւնը դժգոհելով` զգուշացուց զայն, որ եթէ բանակը Կարսէն հեռանայ դէպի այլ ճակատ, վրացիները կը ներխուժեն եւ կը գրաւեն Կարսը: Քարապեքիր պարզօրէն կը պատասխանէ, որ եթէ վրացիները համարձակին մտնել Կարս, վերադարձիս կը բնաջնջեմ զանոնք»: Այլ խօսքով, հայ կամաւորական գունդերէն` Անդրանիկներէն կը վախնային թուրքերը եւ վրացիները բնաւ վտանգ չէին նկատեր*:
Այստեղ կը մէջբերեմ 5 մայիս 2022-ին «Հայրենիք»-ի մէջ լոյս տեսած ԱԱ-ի «Հայաստան – Թուրքիա սահմանին մասին» յօդուածէն հատուածներ* (3).
«…Պէտք է նշել, որ Կարսի համաձայնագիրը հայկական կողմին պարտադրուեցաւ Ստալինի կողմէ: Ասիկա առաւել կը յստականայ, երբ նկատի կ՛ունենանք հայկական կողմի ներկայացուցիչները` Ասքանազ Մռաւեան եւ Պօղոս Մակինցեան: Երկու դրածոյ համայնավարներ, որոնք Ստալինի հլու հնազանդ կամակատարներն էին:
«… Ինչ կը վերաբերի համաձայնագրին կողմերուն լիազօրութիւններուն, ապա ո՛չ թրքական, ո՛չ ալ հայկական կողմին ներկայացուցիչները ունէին նման լիազօրութիւն: Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովին անունով Կարսի համաձայնագիրը ստորագրեց Քեազիմ Քարապեքիր, որ Աթաթուրքի շարժումը եւ ոչ թէ օսմանեան Թուրքիոյ օրինական իշխանութիւնները կը ներկայացնէր: «Մոհամետ վեցերորդ սուլթանը միայն նոյեմբեր 1922-ին հեռացաւ Թուրքիայէն եւ մինչեւ այդ պահը սուլթանն էր օրինական իշխանութիւնը: Իսկ Աթաթուրք Կարսի համաձայնագրին կնքման օրերուն պարզապէս քրէական յանցագործ մըն էր, որ փախստականի կարգավիճակ ունէր: Պէտք է շեշտել, որ Թուրքիոյ Զինուորական ատեանը Աթաթուրքի դէմ մահապատիժ վճռեց 11 մայիս 1920-ին, իսկ 24 մայիս 1920-ին ատեանին վճիռը հաստատուեցաւ Մոհամետ Զ.-ի կողմէ: Հետեւաբար Քարապեքիր կը ներկայացնէր մահապատիժի ենթակայ քրէական յանցագործ մը եւ ոչ թէ` օսմանեան Թուրքիոյ օրինական իշխանութիւնները»:
Լսարանին հարցումներուն կարեւոր մասը` վերջին կէս ժամը կը վերաբերէր Հայաստանի այժմու կացութեան (տեսերիզին մէջ` 1:33-էն սկսեալ): Այժմէական հարցերու քննարկումին ունկնդիրներուն հարցումները մեծ չափով կը վերաբերէին Հայաստանի դաշնակիցին(ներուն): Ընդհանրապէս հարցնողները թերահաւատ էին ռազմավարական դաշնակից Ռուսիոյ դերակատարութեան մասին:
Չորրորդ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1920-ին շատ մը պատճառներով վերացաւ, սակայն հիմնական ռազմավարական պատճառը այն էր, որ որեւէ դաշնակից չունէինք: Ունէինք մի՛այն թշնամիներ, ներառեալ` ներսի եւ դուրսի պոլշեւիկները եւ ըսաւ Սաֆրաստեան:
Հինգերորդ. «Գանք մեր օրերուն. ունի՛նք ռազմավարական դաշնակից Ռուսիան: Ուրիշ դաշնակից ունի՞նք: Ո՛չ, չունինք: Ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ ալ արեւմտեան երկիրները իրենց վրայ Հայաստանը պաշտպանելու պարտաւորութիւն ունին:
«Նոյնի՛սկ Վրաստանի պարագային, երբ ռուսական զրահապատները սկսան մուտք գործել Վրաստանի այն ժամանակուան տարածքները, «Դուք պայքարեցէք, մենք ձեր կողքին ենք» ըսած է Սեւ ծովու Վրաստանի ջուրերուն մէջ գտնուող ամերիկեան նաւատորմին հրամանատարը, այն ալ ել-նամակով` Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարին: Ո՛չ մէկ օգնութիւն ցուցաբերեցին»: Հակառակ անոր որ Վրաստանի գունաւոր յեղափոխութեան հովանաւորներն էին Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը` Վրաստանը Ռուսիոյ դէմ գայթակղեցնողները*:
Նոյնպէս, Միացեալ Նահանգներուն եւ Արեւմուտքին սարքած հակահայ ու հակառուս յեղափոխութիւնը կատարող` Հայաստանի այժմու իշխանութեան կողմէ 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն, յար եւ նման վերը նշուած ամերիկեան նաւատորմի հրամանատարին, պատերազմը սկսելէն շաբաթէ մը աւելի լուռ մնալէ ետք ըսաւ. «Մենք յոյսով ենք, որ հայերը պիտի կարենան պաշտպանուիլ Ազրպէյճանի կատարածին դէմ», այսինքն մենք ոչի՛նչ պիտի ընենք, տոկացէ՛ք…Մեր հիւսիսի դրացիին պատուհասէն, օրինակէն ոչի՛նչ սորվեցան ու կը սորվին Հայաստանի իշխանութիւնները*:
«Վրաստանի մեծագոյն կուսակցութեան ղեկավար Իվանիշվիլին, որ Ռուսիոյ մէջ դիզած է իր անձնական հարստութիւնը, փոքր քայլերով կը վերադառնայ Ռուսիոյ հետ բնականոն յարաբերութեան», ըսաւ դասախօսը:
Վեցերորդ. «Ներկայ պայմաններով, եթէ Հայաստանը մինակ մնայ, կը վերանայ: Անհրաժեշտ է հզօր դաշնակից, որ ունինք, այդ Ռուսիան է»: Սաֆրաստեանին կարծիքով, որ քանի մը անգամ կրկնեց, եւ ես ալ կ՛երկրորդեմ, Ռուսիան երբե՛ք Կովկասէն չի հեռանար, ընդհակառակը, 44-օրեայ պատերազմէն ետք խարիսխ մը եւս ունեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ, Արցախի միջոցով, որ որոշ կողմեր ազրպէյճանական տարածք կը նկատեն: Ուրեմն Ռուսիան Կովկասի մէջ իր ներկայութիւնը նոր երկրի մը մէջ եւս աւելցուց եւ ամրապնդեց:
Եօթներորդ. Հարցումի մը պատասխանելով, Սաֆրաստեանին կարծիքով, հաւանաբար ապրիլեան եւ 44-օրեայ պատերազմին ռուսերը, որոշ չափով, սահմանափակ թոյլտուութիւն շնորհեցին Ազրպէյճանին, որ յաղթանակներ արձանագրէ: Պատճառը Թուրքիոյ հետ Ռուսիոյ ռազմական-դիւանագիտական բարդ հաւասարակշռութիւնն էր: «Ռուսիան եւ Թուրքիան երբե՛ք նոյն կողմի դաշնակիցներ չեն կրնար ըլլալ: Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, ժամանակաւոր է, քանի որ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ է», շեշտեց Սաֆրաստեան: «Այս իրողութիւնը փաստուեցաւ, երբ 44-օրեայ պատերազմի աւարտին Հայաստան-Նախիջեւան սահմանին մօտ ռուսական ռազմական ուղղաթիռ մը վար առնուեցաւ, շատ հաւանաբար` թրքական զօրքին կողմէ, որ վերջին տարիներուն մնայուն ներկայութիւն է Նախիջեւանի մէջ: Առանց Թուրքիոյ ուղղակի օգնութեան` ազերիները երբե՛ք այս յաղթանակին չէին կրնար արժանանալ»:
Ութերորդ. Դաշնակիցներուն շարքին մատնանշեց մեր հարաւի դրացի Իրանը: «Իրանը մեր ռազմավարական դաշնակիցն է, շատ բանէ մեզ կը փրկէ: Կրօնական եւ այլ հարցերով Իրանն ալ բարդ դիւանագիտական յարաբերութեան մէջ է Թուրքիոյ հետ: Հաւանական ազդու դաշնակիցներ կրնան ըլլալ նաեւ Հնդկաստանը, Եգիպտոսը եւ Չինաստանը»:
Այստեղ Չինաստան-Թուրքիա յարաբերութեան մասին դրուագ մը նշեց, որ զեկուցուած է Լիզպոնի խորհրդաժողովին: Զեկուցողը նշած է, որ Չինաստանը Թուրքիան իբրեւ հնդկահաւ կը համարէ (անգլերէնով Turkey = հնդկահաւ, ասոր համար վերջերս Թուրքիան իր անգլերէնով անունը փոխեց Turkieh-ի), այսինքն լուրջի չ՛առներ զայն:
Այլ մէջբերում մը եւս` «Հայաստան-Արցախ-Հայ դատ Եւ Ռուսիա-Ուքրանիա-Խրիմ-Տոնպաս զուգահեռները եւ աշխարհաքաղաքականութիւնը» ուսումնասիրութենէս, որ լոյս տեսաւ «Ազդակ բացառիկ 2023»-ին մէջ (4), հատուածներ. «Ուքրանիայէն ետք աշխարհակարգը պիտի փոխուի, եւ մեզի կը մնայ ազգային գիտակցութեամբ նոր իշխանութեամբ մը ի նպաստ Հայաստանին, Արցախին եւ հայ ժողովուրդին համար տեղ ապահովել:
«Այստեղ Արեւելք-Արեւմուտք, Ամերիկա-Ռուսիա, պարզամիտ ու անգրագէտ նախասիրութեան հարց բնաւ չկայ ու պէտք չէ ըլլայ: Քաղաքական կողմնորոշումը` ուղղութիւնը, երբե՛ք ճաշակի հարց չէ:
«Քաղաքական հասունութիւնը եւ դիւանագիտական հմտութիւնը, մանաւանդ ազգային պատմական փորձառութիւնը կը պահանջեն, որ Հայաստանը բարեկամական յարաբերութիւն մշակէ բոլորի՛ն հետ անխտիր` պաշտպանուելու համար ցեղասպանութիւն կատարած եւ մեր հողերը խլած երկու յաւիտեան թշնամի դրացիներէն, արեւմուտքը` Թուրքիայէն եւ արեւելքը` Ազրպէյճանէն:
«Այս է իրականութիւնը: Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը մի՛այն հակաթուրք եւ հակաազերի պէտք է ըլլան` մինչեւ մեր բոլոր իրաւունքներուն վերատիրանալը:
Կ՛աւարտեմ դասախօսին ոգեւորիչ ու դրական համոզումով:
Իններորդ եւ եզրակացութիւն. «Հայաստանի հեռանկարները աւելի՛ բարձր կը գնահատեմ մեր այս տարածաշրջանին մէջ, նոյնի՛սկ այս պայմաններուն մէջ: Մեր արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է հիմնենք մեր ինքնութեան վրայ:
Ես հաւատացած եմ մեր ժողովուրդին յատկութիւններուն` մեր ինքնութեան, մենք ենք մեր միակ հարստութիւնը» ըսաւ Սաֆրաստեան:
1 մարտ, 2023
* Լուսաբանութիւնները հեղինակին կողմէ
(1).- https://www.youtube.com/watch?v=oXbO-ecYHqQ
(2).- Witness: The Story of a Search, John Godolphin Bennett, Coombe Springs Press, London, 1962:
(3).- https://hairenikweekly.com/հայաստան-թուրքիա-սահմանին-մասին/
(4).- https://haroutchekijian.wordpress.com/2022/11/30/հայաստան-արցախ-հայ-դատ-եւ-ռուսիա-ուքրա/