«Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը գաւազանի եւ ստեպղինի խաղի դրսեւորում Է» կ՛ըսէ Փեսքով

•

Ուաշինկթընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը «գաւազանի եւ ստեպղինի» խաղի դրսեւորում է, ոչ թէ կարեկցանք հայ ժողովուրդին նկատմամբ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Ռուսիոյ պետական պատկերասփիւռի առաջին ալիքի «Մեծ խաղ» յայտագիրէն յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«Ես կը կարծեմ, որ մեծաւ մասամբ այս է Ուաշինկթընի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը. ամենայն հաւանականութեամբ` ատիկա գաւազանի եւ ստեպղինի այս սիրելի խաղին բաղկացուցիչ մասն է: Ատիկա հայ ժողովուրդին կարեկցելու ցանկութիւն չէ, ցանկութիւն չէ խորապէս հասկնալու Օսմանեան կայսրութեան պատմութիւնը, Հայաստանի պատմութիւնը», կը կարծէ Քրեմլինի բանբերը:

Ան նաեւ նշած է, որ Թուրքիոյ գերիշխան քաղաքականութիւնը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի մօտ, այդ պատճառով ալ անոնք կը փորձեն սաստել Անգարան «Էս-400»¬ի առնչուած պատմութեան եւ Անգարայի այլ գործողութիւններուն պատճառով:

«Ուաշինկթընին հաճելի չի գար այն, թէ ինչպէ՛ս Էրտողանը վստահօրէն յառաջ կը տանի Թուրքիան: Անոնք աւելի պիտի նախընտրէին զիջող Թուրքիա», ըսած է Փեսքով:

https://www.aztagdaily.com/archives/507610 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2021
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ