Մեր շէն սեղանէն. մամիկներուս խոհանոցէն համեր եւ յուշեր

Թագուհի Թովմասեան

Թագուհի Թովմասեանի «Մեր շէն սեղանէն» գիրքը կը տարբերի խոհագիրներու ընկալեալ հաւաքածոներէն ու կը վերածուի ճանապարհորդութեան մը՝ դէպի այլեւս «անցեալ» պիտակը կրող օրերը։ Հեղինակը՝ Թագուհի Թովմասեան, ընթերցողին կը փոխանցէ մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն մեծ մայրերէն ու ընտանիքի երէցներէն իր սորված աւելի քան երեսուն կերակուրներու, աղանդերներու, աղցաններու, անուշեղէններու ու ըմպելիներու պատրաստման եղանակները՝ անոնց միախառնելով իր յուշերը անձերու կամ վայրերու մասին։

Գիրքը ո՛չ միայն խոհանոցային վարպետութիւն փորձարկելու առիթ մըն է հետաքրքիր խոհարարներուն համար, այլ նաեւ յուշագրական անզուգական հրատարակութիւն մը, որ կը պատմէ Չորլու, Թեքիրտաղ, Սիլիվրի, Չաթալճա եւ շրջակայքը հաստատուած հայութեան մնացորդացին ոդիսականը՝ անոնց գաղթը դէպի Պոլիս կամ ոմանց յամառութիւնը՝ մնալու ծննդավայր հայրենիքին մէջ մինչեւ մահ ու մահէն ալ անդին։ Այլ դրուագ մը կը բացուի Պոլսոյ մէջ. յատկապէս Ետիգուլէ, Սամաթիա, Շիշլի կը ներկայանան իրենց ներկայէն բոլորովին տարբերող դիմագծութեամբ մը։

https://www.arasyayincilik.com/tr/kitaplar/myer-shen-syeghanen-mamignyerus-xwhanwtsen-hamyer-yeve-yushyer/287?fbclid=IwAR1RpfUVvseVF78GnUFSS29mQkhW6Umbjm-w7lrgajDTDUCo0iM673aONq8 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2018
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ