Ա-Գէ-Փէի շրջանակները երկու օրէ ի վեր կրակ կը ժայթքեն

ՄարմարաՊիւլէնտ Արընչ բանավէճ ստեղծեց հեռատեսիլէն իր խօսքերով

Թուրքիոյ քաղաքական կեանքը ամբողջ շաբաթավերջին մնաց նախկին փոխվարչապետ Պիւլէնտ Արընչի կողմէ Սի-Էն-Էն-Թիւրք հեռատեսիլի կայանէն իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսուածներուն «փոթորիկ»-ին մէջ։

Պիւլէնտ Արընչ, որ Ա-Գէ-Փէի ծանր հրետանիներէն մէկն էր եւ որ վերջերս լուսանցքի վրայ մնացած է, միշտ ալ Ա-Գէ-Փէցիներուն ըսածէն քիչ մը աւելին կ՚ըսէ ու օրակարգ կը ստեղծէ։ Այս անգամ ալ ան սովորականէն տարբեր ոճով խօսեցաւ եւ ընդհանրապէս ունեցաւ արտայայտութիւններ, որոնք անհանգստութիւն պիտի պատճառէին Նախագահ Էրտողանին։ Ա-Գէ-Փէցիները երկու օրէ ի վեր կրակ կը ժայթքեն Արընչին դէմ։

Արընչի ելոյթին կարեւոր մէկ մասը կը պատկանէր Տոլմապահչէի պալատի գրասենեակին մէջ քրտական հարցի լուծման համար 2015 թուականի Փետրուարին կազմակերպուած հանդիպումին։ Այս հանդիպումը կայացած էր Ներքին նախարար Էֆքան Ալայի, փոխվարչապետ Եալչըն Ագտողանի ու Հէ-Տէ-ՓԷցիներու միջեւ։ Աւելի վերջ նախագահ Էրտողան սկսաւ ըսել, որ ինք լուր չունէր այս հանդիպման մանրամասնութիւններէն։ Արընչ ճիշդ հակառակը ըսաւ, ըսաւ որ Նախագահը գիտէր անպայման, ամէն ինչ նախապէս ճշդուած էր, ճշդուած էր մինչեւ իսկ նստելու կարգը։ «Կ՚ենթադրեմ, որ նախագահը գիտէ»,- ըսաւ Արընչ իր խօսքերուն թէական մը աւելցուցած ըլլալու համար։

Անդրադառնալով Քրտական հարցի լուծման գործընթացին, Արընչ դարձեալ խօսած էր Ա-Գէ-Փէի վերջին շրջանի քաղաքականութեան ներհակ կերպով, ան ըսած էր, որ սխալ էր հաշտութեան գործընթացը դնել սառնադարանի մէջ, վաղն իսկ պէտք է վերսկսին հաշտութեան բանակցութիւնները։

Պիւլէնտ Արընչ աւելցուցած էր որ Հէ-Տէ-Փէն ալ սխալներ կը գործէ։ Պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի Հէ-Տէ-Փէն փրթի Գանտիլէն ու դառնայ ընդունելի խօսակից մը։

Պիւլէնտ Արընչ տակաւին այլ կենսական հարցերու մէջ եւս յայտնեց կարծիքներ, որոնք երբեմն կը նոյնանային Ա-Գէ-Փէի այժմու գաղափարախօսութեան, երբեմն ալ դիրք կը գրաւէին անոնց դէմ։
Թուրքիոյ քաղաքական կեանքը ամբողջ շաբաթավերջին մնաց նախկին փոխվարչապետ Պիւլէնտ Արընչի կողմէ Սի-Էն-Էն-Թիւրք հեռատեսիլի կայանէն իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսուածներուն «փոթորիկ»-ին մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
29  

Արխիւ