ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԲԵՐ ՊԻՒԼԷՆՏ ԱՐԸՆՉ ԴԱՌՆՈՒԹԻՒՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ
Վարչապետ Էրտողան ինչո՞ւ յաճախ Պիւլէնտ Արընչի տուած բացատրութիւններուն հակառակը կը պնդէ
Թուրքիոյ Արտաքին Նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու Խորհրդարանի Արտաքին Գործերու Յանձնախումբի նիստի ընթացքին նշաւակ դարձաւ քանի մը կարեւոր հարցումներու, որոնց տուած պատասխանները օրակարգ կազմեցին։ Ուղղուած հարցումներէն երկուքը կը վերաբերին Հայաստանի ու Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան։ Մասնաւորաբար առաջին հարցումին համար Նախարար Տավուտօղլուի պատասխանը անակնկալ նկատուեցաւ մամուլի կողմէ, թէեւ դիւրին չէ կարեւոր անակնկալ մը տեսնել հոն։ Իսկ երկրրոդ հարցումը անգամ մը եւս հաստատեց Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը։
Հայաստանի հետ սահմանները բանալու հարց մըն է որ արծարծուեցաւ, երբ Մէ-Հէ-Փէցի Սինան Օղան դիտել տուաւ որ Հայաստանի սահմանակից Ըղտըրի մէջ կարգ մը նորոգութիւններ եւ աշխատութիւններ յառաջ կը տարուին Հայաստանի սահմանադրան ու երկաթուղիին վրայ։ “Այս բոլորը ի՞նչ կը նշանակեն, արդեօք Հայաստանի սահմանադուռը բանալու պատրաստութի՞ւն մը կայ”, հարցուց Օղան։
Ահմէտ Տավուտօղլու հաստատեց որ իսկապէս որոշ աշխատանք մը կը տարուի սահմանադրան շուրջ։
“Եթէ կարենանք Ատրպէյճանը տարհամոզել, կրնանք սահմանը բանալու անակնկալ մը իրագործել” ըսաւ Տավուտօղլու։
Բայց այս պատասխանէն վերջ Տավուտօղլու աւելցուց որ ամէն ինչ կախեալ է Հայաստանի Ղարապաղէն քաշուելու պայմանէն։ Եթէ ասիկա իրականանայ, կը բացուին թէ սահմանադուռը, թէ երկաթուղին։ Մենք կ՚ուզենք որ Հայաստան այս խնդրին մէջ համաձայնի Ատրպէյճանի հետ, ըսաւ Տավուտօղլու։
Կը նշանակէ որ իրականութեան մէջ կարեւոր անակնկալ մը չկայ, կամ այսքանը միայն կը հասկցուի Տավուտօղլուի խօսքերէն, որոնք բնականաբար ունին դիւանագիտական զսպուածութիւն կամ ոճ։ Շատ բնական է որ Թուրքիա կը բանայ սահմանը եթէ Հայերը քաշուին Ղարապաղէն, բայց չափազանցուած միամտութիւն կ՚ըլլայ սպասել որ Հայերը կը քաշուին Ղարապաղէն։ Այս տեսանկիւնէն՝ Տավուտօղլուի խօսքերուն մէջ անակնկալ չկայ, արդէն ծանօթ պայմանն է որ կը կրկնուի։ Անշուշտ այս խնդրի մէջ կայ քանի մը սահմանային շրջանները վերադարձնելու հարց մը, որուն Հայաստան թերեւս օր մը կը մօտենայ։ Եթէ այդ ուղղութեամբ զարգացում մը կայ, որուն մասին դեռ չէ խօսուած, այն ատեն հասկնալի կը դառնայ թէ ինչո՞ւ նորոգութեան աշխատանք կը տարուի Ըղտըրի սահմանին վրայ։
Ամէն պարագայի Տավուտօղլուի “Կրնանք սահմանը բանալու անակնկալ մը իրագործել” նախադասութիւնը, որքան ալ անոր յաջորդող միւս նախադասութիւններուն կողմէ չէզոքացուին, նշանակութիւն կը ստանայ սահմանի վրայ կատարուած նորոգութեան աշխատանքի լոյսին տակ։ Այդ աշխատանքը իսկապէս կապ ունի՞ սահմանը բանալու հեռապատկերի մը հետ, թէ ոչ նորոգութիւն մը ըլլալէ աւելի իմաստ չունի։ Ժամանակը պատասխան մը պիտի բերէ՞ այս հարցումին։
Տավուտօղլու սահմանը բանալու այս հարցումին պատասխանելու ընթացքին աւելցուց որ Թուրքիա տենդագին եւ արագընթաց պատրաստութիւն կը տեսնէ 2015-ին համար։
Արտաքին Նախարարը պատասխանեց նաեւ Սուրիոյ մասին ուղղուած հարցումի մը։ Ճէ-Հէ-Փէցի Այթուղ Աթըճը քննադատեց Թուրքիոյ Սուրիական քաղաքականութիւնը, ըսաւ որ Թուրքիա, որ կը ջանայ Սուրիա տանիլ ժողովրդավարացման գործընթաց մը, կը մոռնայ թէ ինչեր պատահեցան երբ ուրիշ ժողովրդավարացում տանիլ ուզեցին Իրաք կամ Աֆղանստան։ Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիրները հիմա Թուրքիայէ ստացուած ուժի ազդեցութեան տակ Ալլահի անունը կուտան ու մարդ կը գլխատեն։ Կառավարութեան բանբեր Պիւլէնտ Արընչ երէկ առաջին անգամ ըլլալով շատ յստակ կերպով դառնութիւն արտայայտեց Վարչապետ Էրտողանի նկատմամբ, դիտել տուաւ որ Վարչապետը վերջերս սկսած է նեղ կացութեան մատնել զինքը՝ որպէս կառավարութեան բանբեր իր տուած բացատրութիւններուն հակառակը ըսելով յաջորդ օր։ Վերջին անգամ Վարչապետը նմանօրինակ յայտարարութիւններ ըրած էր մանչ-աղջիկ միասնական կացարաններու ներկայացուցած անպատեհութիւններուն ու վտանգներուն մասին եւ ընդդիմադիրներու լայն շրջանակ մը տեսած էր որ կառավարութեան բանբերը տարբեր բան կ՚ըսէ, Վարչապետը տարբեր բան։
Արընչ, իւրայատուկ շատ կակուղ ու քաղաքավար նախադասութիւններ գործածելով հանդերձ, բաւական խիստ խօսեցաւ Վարչապետին հասցէին։ Ան նախապէս գովեց սակայն Վարչապետին բարեմասնութիւնները, ըսաւ որ ան շատ ուժեղ քաղաքագէտ է եւ շարունակ կը շահի ընտրութիւնները, ժողովուրդի մեծ հերոսներէն մէկն է, զինքը տեսնողները իրենց արցունքը չեն կրնար զսպել, շատ կը սիրեն զինքը։ Հաւատացեալ է եւ լրիւ կ՚ապրի իր կրօնքը։ Քաղաքականութեան մէջ ալ իր խօսքին տէրն է։
Այս գովասանքէն վերջ Արընչ ըսաւ որ ինք, որպէս կառավարութեան բանբեր, արդէն մեծ ճիգ կը վատնէ որ ներսը խօսուածները ճիշդ ու պատշաճ կերպով ներկայացնէ երբ դուրսը բացատրութիւն կուտայ։ Ինք ներսը խօսուած նիւթերու ատենադպիրը չէ, գրագիր չէ, ինք բանբեր է, եւ ատիկա կը նշանակէ որ ինք ներսը խօսուածները դուրսը պիտի բացատրէ պատշաճ ու ճիշդ մեկնաբանութիւններով։ Վարչապետը վերջերս սկսած է յաճախ իր տուած բացատրութիւններուն հակառակը ըսել ու այս կերպով այն տպաւորութիւնը ստեղծել թէ Արընչ սխալ բաներ կը խօսի։
Արընչ աւելցուց որ ինք միայն Նախարար չէ, ինք լայն փորձառութիւններու տէր քաղաքագէտ է, գիտէ որ կառավարութեան բանբեր մը այնպէս պէտք է խօսի որ կառավարութիւնը նեղ կացութեան չմատնուի։ Համոզուած է որ սխալ բան բնաւ չէ ըրած, Վարչապետն ալ արդէն իրեն ուղղակի երբեք չէ ըսած որ “Դուն սխալ ըրիր”։ Բայց Վարչապետը իր խօսքերով յաճախ կը դրժէ իր բանբերին ըսածը ու ասիկա ցաւ կը պատճառէ իրեն։ Անշուշտ Վարչապետին խօսքերը նոյնինքն Վարչապետին է որ կը շահեցնեն կամ կը վնասեն, բայց ինք ալ քաղաքական արժանապատուութիւն ունեցող մարդ է, մէկն է որմէ կը սպասուի որ ճշմարտութիւններու մասին խօսի առանց վերապահութեան։ Ուստի հիմա մեծայարգ Վարչապետին անկ է սրբագրել կացութիւնը եւ դարմանել ստեղծուած վէրքերը։
Արընչ ըսաւ որ ինք հրաժարիլ ալ գիտէ, բայց յայտնի դարձուց որ առ այժմ այդպիսի դիտաւորութիւն մը չունի։
Մամուլը դիտել կուտայ որ Արընչ ու Վարչապետ Էրտողան երկար տասնամեակներու ջերմ բարեկամութիւն ունին։ Հետաքրքրական պիտի ըլլայ տեսնել թէ Վարչապետը ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորէ Արընչին այս խօսքերը։ Ա-Գէ-Փէի շրջանակներէն ներս քաղաքագէտներ դիտել տուին արդէն որ Արընըչի այս դառնութիւնը ծնունդ առած է Վարչապետին հանդէպ անոր զգացած սէրէն։ Մարդիկ իրենց սիրած անձերուն նկատմամբ է որ դառնութիւն կ՚արտայայտեն ու Արընչի պարագան ալ այդպէս պէտք է մեկնաբանուի։
ԹՈՒՐՔԻԱ ՉՈՐՍ ԿՈՂՄԷ ՄՆԱՑԱԾ Է ԱԹՈՄԱԿԱՅԱՆԻ ՎՏԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
“Պէտք Է բնականոն յարաբերութիւն հաստատել Հայաստանի հետ ու անոնց օգնել՝ որ փակեն Մեծամօրի աթոմակայանը”
“Թուտէյ Զաման”ի կայքէջին վրայ կը տեսնենք Պահչէշէհիր Համալսարանի դասախօս Էրհուն Գուլայի ստորագրութեամբ յօդուած մը որով յօդուածագիրը ահազանգ կը հնչեցնէ աթոմական այն մեծ վտանգին համար որու մէջ իյնալ սկսած է Թուրքիա։
Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ թէ Ճաբոնի մէջ ցունամիի հետեւանքով փճացած էր Տաիչի աթոմակայանը եւ անոր ստեղծած մեծ վտանգէն վերջ Ճաբոն կեցուց աթոմական բոլոր աշխատանքները։ Մինչ Ճաբոն այսպէս կ՚ընէ, Թուրքիան ալ ընդհակառակը սկսած է թափ տալ Աթոմական աշխատանքին։ Թուրքիոյ ամէնէն հարաւային կէտը նկատուած Մէրսինի մէջ Ռուսերը պիտի կառուցանեն Թուրքիոյ առաջին աթոմակայանը։ Թուրքիոյ ամէնէն Հիւսիսային կէտը նկատուած Սինոփի մէջ ալ Ճաբոնները պիտի կառուցանեն Թուրքիոյ երկրորդ աթոմակայանը։ Ճաբոնի Վարչապետը, որ Մարմարայի բացման առթիւ Իսթանպուլ եկած էր, իրականութեան մէջ եկաւ աթոմակայանի համաձայնագրի ստորագրութեան համար, որովհետեւ Ճաբոն այս ծրագրէն պիտի շահի միլիառաւոր տոլարներ։
Հիւսիսէն ու Հարաւէն ստեղծուած երկու աթոմակայաններու վտանգին վրայ պէտք է աւելցնել Արեւմուտքէն եկած վտանգ մը։ Այդ ալ Պուլկարիոյ սահմանին վրայ, Իղնէատայի մէջ այն աթոմակայանն է որ պիտի կառուցուի Թուրքերու կողմէ։ Այս ալ Թուրքիոյ ամէնէն Արեւմտեան կէտին վրայ կը ստեղծէ երրորդ վտանգ մը։
Գալով չորրորդ կողմին, այսինքն Արեւելեան կողմը, հոս ալ յօդուածագիրը կը յիշեցնէ Հայաստանի Մեծամօր աթոմակայանը որ հին ու ամէնէն վտանգաւոր աթոմակայանն է։ Մեծամօրի մէջ ամէն տեսակ աղէտ կրնայ պատահիլ եւ եթէ այդպիսի բան մը պատահի, այն ատեն Թուրքիոյ Արեւելեան շրջանը ամբողջովին պիտի պարպուի իր բնակչութենէն, ինչպէս պատահեցաւ Ուքրայնոյ ու Ճաբոնի մէջ։ Եթէ այդպիսի աղէտ մը պատահի, Թուրքերը հարիւր տարուան համար կը կորսնցնեն այդ հողամասերը։
Յօդուածագիրը դիտել կուտայ որ այս լուրջ վտանգները բնաւ ալ նկատի չեն առնուիր ազգայնապաշտ այն շրջանակներուն կողմէ որոնք շարունակ կը հրահրեն Թուրքիա-Հայաստան հակամարտութիւնն ու թշնամութիւնը։ Մինչդեռ ինչ որ պէտք է ընել, հետեւեալն է. ժամ առաջ բնականոնացնել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները, Հայերուն օգնել որպէսզի փակեն Մեծամօրը։ Այսպիսի պարագայէ մը նոյնքան կ՚օգտուին նաեւ հողատարածքի երեք երկիրները որոնք են Վրաստան, Ատրպէյճան ու Հայաստան։
Յօդուածագիրը իր այս հեռատես ու շինիչ յօդուածի երկրորդ մասին մէջ կը պատմէ որ Ճաբոնի մէջ ինչեր պատահեցան ու մայրաքաղաք Թօքիոն իսկ որքան տուժեց աթոմակայանի մէջ պատահած վտանգներէն։ Ասիկա ցոյց կուտայ որ եթէ արկած մը պատահի, Աթոմակայանի մը պատճառած միայն նիւթական վնասները չափ ու սահման չունին։
Յօդուածագիրը այսպէս դիտել կուտայ որ Աթոմակայանը մեծ աղէտ է եւ կ՚եզրակացնէ.
“Եկէք ժամ առաջ հրաժարինք սա աթոմակայաններէն որոնք մեծ աղէտներ են մեր գլխուն”։
ՊՈՒՐՏՈՒՐԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐՈՒ ՊՆԴՈՒՄԻՆ ԴԷՄ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ
Հայկական հարցի ու 1915-ի Հայկական ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ մէջ այլեւս պարզուած են երկու հակադիր տեսարաններ։
Առաջինին մէջ կը տեսնուին յառաջապահ ու ազատամիտ մտաւորականութեան մը կողմէ կազմակերպուած համագումարներ, որոնք ամբողջ մերկութեամբը կը քննարկեն 1915-ի պատահարները, կ՚ընդգծեն անոր ցեղասպանութիւն մը ըլլալու հանգամանքը, կը խօսին զոհերու ու գործուած ոճիրներու մասին։ Անցեալները Պօղազիչի Համալարանի մէջ մահմետականացած Հայերու մասին կազմակերպուած եռօրեայ համագումարը անոնցմէ մէկն ու ամէնէն համապարփակն էր։
Երկրորդին մէջ ալ կը տեսնուին Անատոլուի զանազան քաղաքներու համալսարանները կամ այլ պահպանողական կամ ազգայնապաշտ հաստատութիւններ, որոնք համագումարներ կը կազմակերպեն ժխտելու համար Հայոց պնդումները ու պաշտպանելու համար այն գաղափարները որոնք պետութեան կողմէ յառաջ քշուեցան որպէս այս հարցի մէջ պետական պաշտօնական տեսակէտ։ Այս երկրորդ դասակարգէ աշխատանքին ամէնէն նոր օրինակն է Պուրտուրի Մէհմէտ Աքիֆ Էրսոյ Համալսարանի մէջ բացուած աշխատաժողովը, որ իր աշխատանքին սկսաւ կերպով մը ջրելու համար հայկական պնդումները։
Այս համագումարը կազմակերպուեցաւ Պուրտուրի Համալսարանի ու Համաշխարհային Երիտասարդներու Բարեկամութեան Ու Զօրակցութեան Միութեան” համատեղ ճիգերով։ Համագումարին թէման է “Համաշխարհայնացումի Պայքարին Մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան Պնդումները”։ Համագումարի առաջին օրը “Հանրային Դիւանագիտութիւն Ու Հայկական Հարցը” նիւթի շուրջ բանախօսեց Համալսարանի դասախօսներէն Ճան Իւնվէր։
Հայկական պնդումներու դէմ կազմակերպուած համագումարի մը համար անշուշտ կարեւոր հարց է անդրադառնալ Խօճալուի պատահարներուն, որոնք Ատրպէյճանցիներու կողմէ որակուած են “Ազերիներու դէմ Հայոց կողմէ գործուած ցեղասպանութիւն”։ Աշխատաժողովի առիթով Պուրտուրի Համալսարանին մէջ բացուած է նաեւ “Լուսանկարներով Խօճալու” անուն ցուցահանդէս մը։
Համաշխարհային Երիտասարդութեան Բարեկամութեան Միութեան” Փոխ Նախագահ Թուրանա Իսմայիլօղլու, որ կը թուի թէ Ատրպէյճանցի է, ըսաւ որ իրենց նպատակն է բացատրել Ազերիներու դէմ եղած անիրաւութիւնները։ “Միայն իմ ընտանիքս երկու նահատակ տուած է Ղարապաղի մէջ” ըսաւ ան։ Մենք ուզեցինք որ Հայկական պնդումներու դիմաց ճշմարտութիւնները աղաղակենք ամբողջ աշխարհի”։
Իսկ Համալսարանի վերատեսուչ Սաաթճը ըսաւ որ անկարելի է չտպաւորուիլ այս ցուցահանդէսէն։ Ան իրաւացի գտաւ Թուրանայի ըսածները եւ ըսաւ որ մէկ կողմը կան Հայկական պնդումները, միւս կողմն ալ կան Հայերու կողմէ գործուած վայրագութիւնները։ Ըսաւ որ ինք շատ գոհ է որ մեր մէջ կան մարդիկ որոնք տէր կը կանգնին այս ճշմարտութեան պաշտպանութեան։ Սա շրջանին երբ կը մօտենայ 2015ը եւ գիտենք թէ Հայերը անգամ մը եւս ոտքի պիտի կանգնին, որքան լաւ է որ ունինք երիտասարդութիւն մը որ կը գիտակցի, ըսաւ ան։
Հետաքրքրական է որ այս մակարդակի վրայ աշխատող մտաւորական անձեր Հայկական պնդումները կը կապեն Ղարապաղեան հարցին, հակառակ որ այս երկուքը բնաւ կապ չունին իրարու հետ։



Leave a Reply