ՄԱՐԻ ՔԱՐԲԱՆԵԱՆ
Համազգային Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին կազմակերպած «Մեսրոպեան Ժառանգութիւն» ծրագիրը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, Համազգայինի «Արիս Սթամպօլեան» մշակութային կեդրոնէն ներս, մասնակցութեամբ խումբ մը գրասէրներու։
Գրական միաւորի ներկայացուցիչ Սոնա Մատարեան բարի գալուստ մաղթեց գրասէր ներկաներուն, անդրադառնալով, թէ Հոկտեմբեր ամիսը Հայ մշակոյթի ամիս ճանչնալով, մենք պէտք է բարձր գիտակցութեամբ ընդգծենք հայոց գիրերու գիւտին եւ Թարգմանչաց տօնին կարեւորութիւնը, որ «մեր ի՛սկ ինքնութիւնն է»։
Ապա, Գրական միաւոր»էն Սեդա Մարթիր ձեռնհասօրէն փոխանցեց հայոց լեզուի մասին իր համադրած տեղեկութիւնները, պարզ ու գեղեցիկ, դիւրահաղորդ եւ հասանելի ձեւով։

Ան ներկայացուց հայ գիրերու գիւտին պատմական ժամանակաշրջանը եւ մեր լեզուին անցած դժուարին ճանապարհը։ Սեդա Մարթիր խօսեցաւ հայոց լեզուին անցած փուլերուն եւ լեզուի ճիւղաւորման՝ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի, ինչպէս նաեւ հայերէնի մեր հարուստ բարբառներու մասին։
Ան նշեց, որ Մեսրոպ Մաշտոցի տքնաջան աշխատանքով, հայ լեզուն իր իւրայատուկ հնչիւնաբանութեամբ եւ իւրայատուկ ձայնաւորներով դարձաւ «անմահ լեզու» մը լեզուներու ընտանիքէն ներս։
Նաեւ ներկայացուեցան օտար եւ հայ գրողներու խօսքերը հայոց լեզուի մասին։
«Հայոց լեզուն գլուխ գործոց է։ Հայոց լեզուի հնչաբանութիւնը պահուած է մինչեւ այսօր» կ՛ըսէ ֆրանսացի լեզուաբան, նշանաւոր հայագէտ Անթուան Մէյէ։
Իսկ որպէս մեծարանք հայ լեզուի փառքը հիւսող հայ գրագէտներուն, Գրական միաւորի անդամ Մարալ Վարժապետեան մեներգեց բոլորին ծանօթ «Ո՜վ Մեծասքանչ դու լեզու»ն:
Ապա, Գրական միաւորի անդամներ՝ Սեդա Մարթիր, Մարի Քարբանեան, Սոնա Մատարեան, Մարալ Վարժապետեան, Սալբի Եթերեան, Ռուպինա Սերոբեան եւ Աննա Սէֆէրեան, համադրուած երկխօսութեամբ մը ներկայացուցին «Մեսրոպեան Ժառանգութիւն»ը, համեմուած պատմական դէպքերով ու դէմքերով, մինչեւ գիրերու գիւտի ստեղծումն ու հռչակումը։

Իւրաքանչիւր ներկայացում գեղեցիկ էր ու խօսուն։ Իւրաքանչիւրն ունէր իր արտասանական, բեմական իւրայատուկ ոճը, որ տարբեր հմայք կու տար եւ գրաւիչ կը դարձնէր երկխօսութիւնը։
Հանդիսութեան աւարտին, յստակ էին ստեղծուած հոգեկան ապրումները։ Հայու հպարտութեամբ արտասանուած ոգեշունչ լեզուն կամրջած էր ներկաները եւ դիւթած անոնց հոգիները։
Եւ վերջապէս, անմահ լեզուի անմահ ստեղծող՝ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600 ամեակին նուիրուած Պարոյր Սեւակի «Խօսք Հաւաստիքի» երկարաշունչ բանաստեղծութիւնը ընթերցեց Գրական միաւորի անդամ Անահիտ Ասատուրեան։ Ան գեղեցիկ եւ հոգեշունչ ապրումներով կենդանացուց մեծագործ Մեսրոպ Մաշտոցն ու փիլիսոփայ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակը։ Ներկաները, տող առ տող, խօսք առ խօսք, կարծէք կը շնչէին «մեծ»երուն ներկայութիւնը եւ Պ. Սեւակի խօսքը՝ ուղղուած անմահ Մաշտոցին, որ կ՛ըսէր. «Ննջիր, ննջիր ուրեմն սուրբ շիրիմիդ տակ, քանզի արթուն ես մեր հոգիներում…»:

Եւ ապա Սեւակի խօսքը՝ որպէսզի խօսի՛նք հայերէն, ապրի՛նք հայօրէն։
Հոգեզմայլ ներկայացում էր։
Որպէս վերջաբան Մատարեան ներկայացուց Վիքթոր Համբարձումեանի «Կտակը», որ կը պատգամէր սերունդներուն՝ «տիրապետել հայոց լեզուին, սորվիլ եւ սորվեցնել մեր մեծասքանչ լեզուն»։
Ձեռնարկի աւարտին, Գրական միաւորիս կողմէ բեմահարթակ հրաւիրուեցաւ տարիներու հայոց լեզուի վաստակաշատ ուսուցչուհի Սեդա Մարթիր, որ բծախնդրօրէն կատարած էր խօսքերուն համադրումը: Որպէս երախտագիտութիւն, անոր յանձնուեցաւ ծաղկեփունջ մը:
Ապրեցանք հոգեկան վայելքի պահ մը, մեր անմահ հայոց լեզուի գիւտին փառքը եւ հոգեպէս հարստացած մեր մշակոյթով վայելեցինք հայոց անմահական գինին։
Փա՛ռք հայ մշակոյթի խոնարհ ծառաներուն:




Leave a Reply